Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թայուանը Պիտի Յայտնուի Մեծ Աղէտի Մէջ, Իսկ Միացեալ Նահանգներ Պէտք Է Վճարեն Իրենց Սխալներուն Համար» Կ՛ըսէ Փեքին

Օգոստոս 4, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թայուանի իշխող Դեմոկրատական յառաջդիմական կուսակցութեան կործանարար քայլերը եւ օտար քաղաքական ուժերու քողին տակ կղզին ցամաքային Չինաստանէն մեկուսացնելու անոր փորձերը պիտի արագացնեն Թայուանի վարչակազմի ղեկավար Ցայ Ին Վենի կառավարման տապալումը եւ շրջանը պիտի մտցնեն խոր ճգնաժամի մէջ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Չինաստանի պետական խորհուրդին կից Թայուանի գործերով գրասենեակի բանբեր Մա Սիաոկուանկ:

«Մենք կը նախազգուշացնենք Ցայ Ին Վենը եւ Դեմոկրատական յառաջդիմական կուսակցութիւնը, որ անոնց օտար ուժերու աջակցութեամբ Թայուանի այսպէս կոչուած անկախութիւնը ապահովելու սադրանքները… ի վերջոյ պիտի արագացնեն կղզիի ներկայ ղեկավարութեան փլուզումը, ինչպէս նաեւ շրջանը մտցնեն մեծ աղէտի մէջ», կը նշուի հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:

«Ո՛չ մէկ մարդ, ո՛չ մէկ քաղաքական ուժ պէտք է թերագնահատէ այն վճռականութիւնը, որով Չինաստան պիտի պաշտպանէ իր գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը», աւելցուցած է Մա Սիաոկուանկ:

ԹԱՍՍ կ՛աւելցնէ, որ Չինաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Սի Ֆեն կանչած է Չինաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Նիքըլըս Պըռնզը եւ յայտարարած, որ Ուաշինկթըն պէտք է վճարէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսիի Թայուան այցելելու արտօնութեան համար:

«Միացեալ Նահանգներ պէտք է վճարեն իրենց սխալներուն համար: Չինաստան պիտի ձեռնարկէ անհրաժեշտ քայլերուն` վճռականօրէն հակազդելու համար, եւ մենք պիտի պահենք մեր խոստումը», Սի Ֆենի խօսքերը կը մէջբերէ «Սինհուա» լրատու գործակալութիւնը:

Չին դիւանագէտը նշած է, որ իւրաքանչիւր անձ, որ պիտի փորձէ շահարկել Թայուանի հարցը` յանուն քաղաքական դրամագլուխի, ի վերջոյ պիտի ձախողի եւ «պիտի գամուի պատմութեան ամօթալի սիւնին»:

Յիշեցնենք, որ Փելոսիի օդանաւը երեքշաբթի գիշեր էջք կատարած էր Թայփէի միջազգային օդակայան: Մէկ օր առաջ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Չժաօ Լիցզիան յայտարարած էր. «Եթէ Փելոսին Թայուան այցելէ, ատիկա պիտի ըլլայ կոպիտ միջամտութիւն Չինաստանի ներքին քաղաքականութեան… եւ պիտի յանգեցնէ շատ լուրջ հետեւանքներու: Չինաստանի բանակը ձեռքերը ծալած պիտի չնստի»:

Չինաստանի մաքսային ծառայութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Չինաստան 3 օգոստոսէն կը դադրեցնէ Թայուանէն որոշ ապրանքներու, ներառեալ կիտրոնազգի միրգերու եւ երկու տեսակ ձկնամթերքի ներածումը:

Չինաստանի առեւտուրի նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարած է 3 օգոստոսէն սկսեալ բնական աւազի մատակարարման ժամանակաւոր դադրեցման մասին: Կը հաղորդուի նաեւ, որ Չինաստանի իշխանութիւնները նաեւ պատժամիջոցներ հաստատած են Թայուանի մէջ գործող երկու հիմնադրամի դէմ` «թայուանցի անջատողականներուն աջակցելու եւ Չինաստանը զրպարտելու համար»: Խօսքը Թայուանական դեմոկրատական հիմնադրամի եւ Զարգացման ու համագործակցութեան միջազգային հիմնադրամի մասին է:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Եի յայտնեց. «Ասիկա զուտ խեղկատակութիւն է, Միացեալ Նահանգներ այսպէս կոչուած ժողովրդավարութեան քողին տակ կ՛ոտնահարեն Չինաստանի գերիշխանութիւնը: Չինաստանին վնաս հասցնողները հաստատօրէն պիտի պատժուին»:

Նշենք, որ ամերիկեան իշխանութեան մէջ 3-րդ մեծագոյն պաշտօնը վարող Փելոսիի Թայուան այցելութիւնը 25 տարուան մէջ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը առաջին այցելութիւնն է: Անոր նախորդը` Նիութ Կինկրիչ 1997-ին այցելած էր Թայուան:

«Պլումպըրկ» հաղորդեց, որ չինական իշխանութիւնները Ասիոյ մէջ գործող օդանաւային ընկերութիւնները զգուշացուցած են թռչիք կատարելէ Թայուանի շուրջ շրջաններու վերեւ, ուր չինական բանակը ռազմափորձ կը կատարէ` հակադարձելով Փելոսիի կղզի այցելութեան:

Զախարովա. «Իրենց Սադրանքով Միացեալ Նահանգներ Դարձեալ Ցոյց Տուին Իրենց Արհամարհանքը Այլ Պետութիւններու Իրաւունքներուն Նկատմամբ»

Նենսի Փելոսիի Թայուան կատարած այցելութեամբ Միացեալ Նահանգներ ցոյց տուին, որ կ՛անտեսեն այլ պետութիւններու իրաւունքները, իսկ Չինաստանի մէջ ամերիկացի դիւանագէտները այժմ բառացիօրէն «կուլ տուած են իրենց լեզուները»` վախնալով հանրութեան զայրոյթէն: Այս մասին «Թելեկրամ»-ի վրայ գրեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա` մեկնաբանելով Փելոսիի Թայուան այցելութեան պատճառով չինական իշխանութիւններուն կողմէ Չինաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Նիքըլըս Պըռնզը արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչելու վերաբերեալ լուրը:

«Ան (դեսպանը) կը հասկնայ, որ Միացեալ Նահանգները իրենց սադրանքով հերթական անգամ ցոյց կու տան իրենց արհամարհանքը այլ պետութիւններու իրաւունքներուն նկատմամբ: Եւ հիմա, անշուշտ, ամերիկացիները չէ, որ պէտք է խօսին միջազգային իրաւունքի նկատմամբ յարգանքի մասին, եթէ Ուաշինկթըն խախտած է Փեքինի առջեւ իր պարտաւորութիւնները», գրած է Զախարովա:

Անոր համաձայն, յատկանշական է, որ Չինաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը, որ սովորաբար աշխուժ է տեղեկատուական դաշտին մէջ, լուռ է եւ երկու օրուան ընթացքին տակաւին ոչ մէկ հրապարակում կատարած է:

«Ամերիկացի դիւանագէտները բառացիօրէն «կլլած են իրենց լեզուները» եւ կծկուած անկիւնը: Ակնյայտ է, որ անոնք կը վախնան չինական հասարակութեան արդար զայրոյթէն: Եւ ճիշդ կ՛ընեն: Աշխատասէր չին ժողովուրդը արժանի չէ իր նկատմամբ նման վերաբերմունքին», աւելցուցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր կարգին յայտնեց. «Պատճառներ չենք տեսներ այսպիսի սադրանքներ կատարելու, մանաւանդ չինական կողմին դէմ»:

«Փելոսիի Թայուան այցելութեամբ Միացեալ Նահանգները աշխարհին կ՛ապացուցեն իրենց անպատժելիութիւնը», ըսաւ Լաւրով:

 

 

Նախորդը

«Միացեալ Նահանգներուն Հետ Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու Խզումը Չենք Բացառեր» Կ՛ըսէ Զախարովա

Յաջորդը

Շոյկու Եւ Հասանով Քննարկած Են «Շրջանային Անվտանգութեան Ապահովման Հարցեր»

RelatedPosts

«Միացեալ Նահանգներ Սովորութիւն Ունին  Նախ Խնդիր Ստեղծելու, Ապա Զայն Օգտագործելու  Իրենց Մտադրութիւնները Յառաջ Մղելու Համար»  Կ՛ըսէ Եի
Միջազգային

«Միացեալ Նահանգներ Սովորութիւն Ունին Նախ Խնդիր Ստեղծելու, Ապա Զայն Օգտագործելու Իրենց Մտադրութիւնները Յառաջ Մղելու Համար» Կ՛ըսէ Եի

Օգոստոս 9, 2022
Թուրքիան Ուքրանիոյ Մէջ  «Պայրաքթար»-ներու Գործարան Պիտի Կառուցէ
Միջազգային

Թուրքիան Ուքրանիոյ Մէջ «Պայրաքթար»-ներու Գործարան Պիտի Կառուցէ

Օգոստոս 9, 2022
Պաղեստինեան Դիմադրութիւնը Թել Աւիւի  Եւ Բռնագրաւեալ Երուսաղէմի Վրայ  Հրթիռներ Արձակեց
Միջազգային

Պաղեստինեան Դիմադրութիւնը Թել Աւիւի Եւ Բռնագրաւեալ Երուսաղէմի Վրայ Հրթիռներ Արձակեց

Օգոստոս 8, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In