Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պլինքըն-Փաշինեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն. Քննարկուած Են Հայաստան – Ազրպէյճան Բանակցութիւններու, Արցախի Հիմնախնդիրի Լուծման Եւ Հայաստան-Թուրքիա Յարաբերութիւններուն Վերաբերող Հարցեր

July 27, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ: Այս մասին հաղորդեցին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութենէն:

Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ երկկողմանի օրակարգին, ինչպէս նաեւ շրջանի անվտանգութեան ու կայունութեան վերաբերող հարցեր:

Քննարկման առարկայ դարձած են, մասնաւորաբար, Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան բանակցութիւններուն, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման, շրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու բացման, գերիներու վերադարձին, անհետ կորսուած անձերու ճակատագիրի պարզաբանման վերաբերող հարցեր:

Պլինքըն Միացեալ Նահանգներու պատրաստակամութիւնը յայտնած է իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող աջակցելու նշեալ բոլոր հարցերու լուծումներուն:

Վարչապետ Փաշինեան վերահաստատած է խաղաղութեան օրակարգին իր նուիրուածութիւնը եւ ընդգծած, որ Հայաստանի հանրութիւնը կ՛աջակցի այդ ուղեգիծին:

Զրուցակիցները նաեւ քննարկած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մէջ տեղի ունեցող հոլովոյթները: Արտաքին գործոց նախարարը ողջունած է Հայաստանի վարչապետի եւ Թուրքիոյ նախագահի 11 յուլիսին ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներու պատրաստակամութիւնը արտայայտած աջակցելու երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետն ու Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը գոհունակութիւն յայտնած են Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ բարձր մակարդակի հաղորդակցութիւններուն առիթով եւ համաձայնած շարունակել երկխօսութիւնը:

Պլինքըն «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է, որ լաւ քննարկում ունեցած է Հայաստանի վարչապետին հետ` «շրջանին մէջ խաղաղութեան հասնելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի պատմական կարելիութեան մասին»:

Ան ողջունած է Երեւանի «դրական քայլերը» Անգարայի եւ Պաքուի ընդառաջ: Ըստ անոր, շրջանային երկիրներուն միջեւ քննարկումները առանցքային են Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան համար:

Պլինքըն նաեւ յայտնած է, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ընթացող խաղաղ բանակցութիւններու մասին զրուցած է նաեւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ եւ կոչ կ՛ուղղէ` զարգացնելու շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ուղղութեամբ հետագայ յառաջընթացը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայսի հաղորդագրութեան համաձայն, Պլինքըն Փաշինեանի հետ քննարկած է «շրջանին մէջ խաղաղութեան հասնելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի պատմական կարելիութիւնը» եւ առաջարկած Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը շրջանային փոխադրութեան եւ հաղորդակցութեան կապերու վերականգնման առումով:

Պլինքըն խրախուսած է կողմերուն միջեւ երկխօսութիւնը եւ ողջունած երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու վերջերս Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը:

Ըստ ամերիկեան կողմի հաղորդագրութեան, Պլինքըն նաեւ վերահաստատած է աջակցութիւնը Եւրոպական Միութեան միջնորդութեամբ ընթացող քննարկումներուն եւ ընդգծած, որ 1994-էն ի վեր ըլլալով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ` «Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են մասնակից դառնալու թէ՛ երկկողմանի կերպով, թէ՛ ալ համախոհ գործընկերներու հետ` օգնելու Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին գտնելու երկարատեւ համապարփակ խաղաղութիւն»:

«Պլինքըն նաեւ ողջունած է Փաշինեանը Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ դրական տեղաշարժի եւ ձեռք բերուած որոշակի համաձայնութիւններու վերաբերեալ», նշուած է Փրայսի հաղորդագրութեան մէջ:

Ազրպէյճանի նախագահին հետ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի հեռաձայնային հաղորդակցութեան մասին արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի հաղորդագրութեան մէջ բացի վերոնշեալէն ըսուած է, որ Պլինքըն Ալիեւը յորդորած է ազատ արձակելու «բոլոր մնացեալ հայ ձերբակալուածները»:

Դիւանագիտական աղբիւրներ ազրպէյճանական «Հաքքին» կայքին յայտնած են, թէ Ալիեւի եւ Պլինքընի զրոյցի ընթացքին Մինսքի խմբակի մասին որեւէ յիշատակում չէ կատարուած, ինչի վերաբերեալ այդ աղբիւրները անկեղծ տարակուսանք յայտնած են այդպիսի «ակնյայտ ապատեղեկատուութեան» փաստի առնչութեամբ` զայն «ծայրայեղ անտեղի եւ նոյնիսկ անպատասխանատու» կոչելով:

«Անատակ եւ ճիշդ չէ քննարկել մոռցուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի վերակենդանացման գաղափարը», կը գրէ «Հաքքին»:

Նախորդը

Էրտողան. «Ազրպէյճանը Մեզի Համար Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ «Կարմիր Գիծ» Է»

Յաջորդը

Իշխան Սաղաթէլեան. «Հայաստանին Եւ Արցախին Սպասող Վտանգը Չէզոքացնելու Մէկ Ճամբայ Կայ` Գործող Իշխանութեան Հեռացումը»

RelatedPosts

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Բողոքագիր Կը Յանձնէ Ռուսիոյ Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Բողոքագիր Կը Յանձնէ Ռուսիոյ Դեսպանին

January 13, 2026
Լիլիթ Գալստեան ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական  Վեհաժողովի Պաշտօնեաներուն Նամակներ Ուղարկած Է`  Ներկայացնելով Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան  Եւ Բռնաճնշումներու Պատկերը
Գլխաւոր լուրեր

Լիլիթ Գալստեան ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Պաշտօնեաներուն Նամակներ Ուղարկած Է` Ներկայացնելով Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Եւ Բռնաճնշումներու Պատկերը

January 13, 2026
Թրքական Օդանաւային Ընկերութիւնը Պոլիսէն  Երեւան Ուղղակի Թռիչքներ Պիտի Կատարէ
Հայկական

Թրքական Օդանաւային Ընկերութիւնը Պոլիսէն Երեւան Ուղղակի Թռիչքներ Պիտի Կատարէ

January 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.