ՄԱՀԱԶԴ
ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի հաւատաւոր ընկերներէն եւ կոմիտէի անդամին`
ՐԱՖՖԻ ՔԵՄԱՆԵԱՆԻ
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 21 յուլիս 2022-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Վարուժ եւ Անահիտ Քեմանեան եւ զաւակը` Խաչիկ
Տէր եւ տիկին Յարութ եւ Նաթալի Քեմանեան եւ զաւակը` Սեւակ
Տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Ոսկի Կէրէքմէզեան
Տէր եւ տիկին Հմայեակ եւ Վարդուկ Քեմանեան
Տէր եւ տիկին Փանոս եւ Ռուպինա Քեմանեան
Տիար Եղիա Քեմանեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Աւետիս Յակոբեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վարդան եւ Ռիքքի Յակոբեան եւ ընտանիք
Տիար Կարօ Յակոբեան
Քեմանեան եւ Կէրէքմէզեան ընտանիքներ
Չոլաքեան եւ Եզէկէլեան ընտանիքներ
Մելիտոնեան եւ Արապյթեան ընտանիքներ
Ժպէյլի եւ Զէքեան ընտանիքներ
Պզտիկեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց զաւկին, եղբօր, եղբօր զաւկին, քրոջ զաւկին եւ հարազատին`
ՐԱՖՖԻ ՔԵՄԱՆԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1987-ին)
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 21 յուլիս 2022-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ ուրբաթ, 22 յուլիսին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին շաբաթ, 23 յուլիսին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ «Աթայեան եղբարք» սրահին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:
—————————————
ՏՕՆ ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ
ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
Հայ եկեղեցին հինգ տաղաւար տօներէն երրորդը` մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան (Պայծառակերպութեան) տօնը այս տարի կը նշէ կիրակի, 24 յուլիս 2022-ին:
Արդարեւ, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ:
Նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՍՐԲԱԶՆԱԳՈՅՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
Պիտի պատարագէ ու քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Առաջնորդ Յունաստանի հայոց թեմին
Կոչ կ՛ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցելու Աստուածորդւոյն` Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան յիշատակութեան եկեղեցական հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուելու Քրիստոսի` մեզի փոխանցած պատգամով ու հոգեւոր արժէքներով:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
ՆՈՐԱՇԷՆԻ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
ԴՊՐԱՑ, ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ
ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՆՈՐ ՄԻՒՌՈՆԻ ԸՆԾԱՅՈՒՄ
Կիրակի, 24 յուլիս 2022-ին, Վարդավառի տօնին առիթով Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ:
Պատարագի ընթացքին պիտի կատարուի դպիր-դպրուհիներու եւ կիսասարկաւագներու ձեռնադրութեան կարգ: Յաւարտ Ս. պատարագի` տեղի պիտի ունենայ սրբալոյս նոր միւռոնի ընծայում եւ ջրօրհնէք:
Դպրութեան կարգ պիտի ստանան` Ծերոն Մահտեսեան, Հայկանա Մուրատեան, Ցօղեր Չուալերթանեան, Հերմին Գազանճեան, Աննա Գազանճեան, Շողակ Մակոլեան, Վարդի Չայլեան:
Կիսասարկաւագ պիտի ձեռնադրուին` Հրակ Մամիկոնեան, Րաֆֆի Քէշիշեան, Յակոբ Ապրումեան:
Պիտի պատարագէ, ձեռնադրութիւնը կատարէ եւ Սրբալոյս նոր միւռոնով ջրօրհնէք կատարէ`
ԳԵՐՇ. ՏԷՐ ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին
Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին
Ձեռնադրութիւն` ժամը 10:00-ին
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` մասնակից դառնալու հոգեպարար արարողութեանց եւ աղօթելու եկեղեցւոյ ծառայողներուն համար:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————
ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՆՈՐ ՄԻՒՌՈՆԻ ԸՆԾԱՅՈՒՄ ԵՒ ՋՐՕՐՀՆԷՔ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
ԿԻՐԱԿԻ, 24 ՅՈՒԼԻՍ, 2022
Այսու կարեւորութեամբ կը տեղեկացնենք, որ Վարդավառի տօնին առիթով` կիրակի, 24 յուլիս 2022-ին, Լիբանանի հայոց թեմի եկեղեցիներուն մէջ սրբալոյս նոր միւռոնը հանդիսաւորապէս պիտի ընծայուի Ս. խորան, եւ ի մխիթարութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին կատարուի ջրօրհնէք:
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ
—————————————
ԱԶԳԱՅԻՆ «ՅԱՌԱՋ- Գ.ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ» ՔՈԼԵՃ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» քոլեճի տնօրէնութիւնը գոհունակութեամբ կը յայտնէ, թէ պաքալորէայի պետական քննութեանց բաժիններուն մէջ արձանագրուած են հետեւեալ արդիւնքները:
Կենսաբանութեան բաժին.– 5 աշակերտներէն յաջողած են 4-ը.
Քրիսթել Միքայէլեան (շատ լաւ յիշատակութեամբ), Դուին Հերկելեան (լաւ յիշատակութեամբ), Արիանա Սգայեան, Ժիրայր Գալէմքէրեան:
Ընդհանուր Գիտութիւն.- 9-ը աշակերտներէն յաջողած են 7-ը.
Երուանդ Զէյթունլեան (լաւ յիշատակութեամբ), Շանթ Ատաճեան (լաւ յիշատակութեամբ), Յարութ Գարաքէշիշեան (լաւ յիշատակութեամբ), Պօղոս Շէրպէթճեան, Հրակ Սթանպուլեան, Հրակ Չափարեան, Յովիկ Աշգարեան:
Ընկերատնտեսագիտութեան բաժին.- 4 աշակերտներէն յաջողած են 3-ը.
Ռիթա Տօնապետեան, Միքայէլ Ճանսզեան, Րաֆֆի Հերկելեան:
Կը շնորհաւորենք յաջողած աշակերտները, անոնց ծնողներն ու քոլեճիս ուսուցչակազմը` մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
22 յուլիս 2022
—————————————
ՄԵՍՐՈՊԵԱՆԻ 29 ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԷՆ 27-Ը ՅԱՋՈՂԵՑԱՆ
ՊԱՔԱԼՈՐԷԱՅԻ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ, 10-Ը` ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՄԲ
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը պատուաբեր արդիւնք արձանագրեց 2021-2022 տարեշրջանի Բ. պաքալորէայի պետական քննութիւններուն. յաջողեցան մասնակից 29 աշակերտներէն 27-ը, որոնցմէ երեքը` «շատ լաւ», իսկ եօթը` «լաւ» յիշատակութեամբ:
Յաջողած աշակերտներն են`
Ընդհանուր Գիտութիւններու բաժին` (4/ 4)
Նանոր Առնելեան (լաւ), Սեզար Եուսեֆ-Եագուպ (լաւ), Սահակ Թաշճեան եւ Յակոբ Ժամկոչեան:
Կենսաբանութեան բաժին` (23 /25)
Քրիստ Մելիտոնեան (շատ լաւ), Գարլին Թորօ (շատ լաւ), Փաթրիք Թոսունեան (շատ լաւ), Սինթիա Նազլիքեան (լաւ), Ալեքսիա Փառլաքեան (լաւ), Աննա-Մարիա Ղազալ (լաւ), Միրէյ Պէօյիւքեան (լաւ), Մարի-Ռոզ Գասբարեան (լաւ), Փաթիլ-Աննա Աքանճեան, Քարլ Պէրպէրեան, Մեղրի Պոյաճեան, Սէրլի Պոյաճեան, Կարէն Պոյաճեան, Սարին Տէմիրճեան, Քրիսթին Տէր Յարութիւնեան, Յովիկ Տիշչէքէնեան, Սառա Յարութիւնեան, Սարգիս Չաքմաքեան, Յովսէփ Գիրազեան, Հռութ Քիւրիւմլեան, Ռալֆ-Անթոնի Միքայէլեան, Սէրլի Նէմշէհիրլեան եւ Մարիա-Քրիսթել Սալիպեան:
Մեսրոպեանի տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական կազմը կը շնորհաւորեն աշակերտները, կը խնդակցին անոնց ծնողներուն եւ կը մաղթեն նորանոր յաջողութիւններ:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
2022-2023 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէնութիւնը կը յայտնէ, թէ 2022-2023 տարեշրջանի արձանագրութիւնները կը շարունակուին բոլոր դասարաններու` մանկապարտէզէն ԺԲ. կարգերու, իրենց զոյգ մասնագիտութիւններով` Life Science եւ Socio-Economics, առաւել` BT վարչագիտութիւն (Administration) 5-էն 26 յուլիս, երեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրերը` առաւօտեան ժամը 9:00-12:00:
Պուրճ Համուտի եւ Ֆանարի շրջաններու աշակերտութեան համար փոխադրակառքերը անվճար են:
Նորութիւն. տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտնէ նաեւ, թէ պատրաստ է ընդունելու 2 տարեկանէն սկսեալ փոքրիկներ մանկապարտէզի Ծիլ դասարան:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար դիմել քարտուղարութեան կամ հեռաձայնել 01-241541 թիւին:
Դէպի լուսաւոր ապագայի միակ հասցէն` Ազգային միացեալ վարժարան:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը կարիքը ունի տնօրէնի օգնական քարտուղարուհիի մը:
Հետաքրքրուողներէն կը խնդրուի իրենց «Սի. Վի.»-ները ղրկել հետեւեալ հասցէին` [email protected].
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիքը ունի ինքնաշարժի երիտասարդ վարորդի մը, 20-էն 40 տարեկան: Հետաքրքրուողները «Սի. Վի.»-ները կրնան ղրկել [email protected]
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիքը ունի գրասենեակին մէջ վաճառող երիտասարդի մը, 20-էն 40 տարեկան: Հետաքրքրուողները «Սի. Վի.»-ները կրնան ղրկել [email protected]
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Bijouterie Garo կարիքը ունի քարտուղարուհիի մը, ֆրանսերէն եւ անգլերէն գիտնալը` պայման, նաեւ պէտք է քաջածանօթ ըլլալ համակարգիչի ծրագիրներու գործածութեան:
Կը խնդրուի «Սի. Վի.»-ն ղրկել` [email protected]
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Bijouterie Garo կարիքը ունի վարպետ`
– Ադամանդաշարի
– Ոսկերիչի (սետեքեր)
– Ոսկի փայլեցնողի
Դիմել` հեռ. 03-207772 եւ 01-266514 թիւերուն: