Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համա-ՀՄԸՄ-ական Մարզախաղերու Մասնակիցներուն Այցելութիւնը Եռաբլուրի Նահատակաց Պանթէոն

Յուլիս 22, 2022
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 21 յուլիսի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Համա- ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերու յայտագիրները ընթացք առին Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոն այցելութեամբ:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներու առաջնորդութեամբ եւ մարզախաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբին ուղեկցութեամբ, մարզախաղերու բոլոր մասնակիցները Եռաբլուրի մէջ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին հայրենիքի պաշտպանութեան նուիրական պատնէշին վրայ ինկած բոլոր հերոսներուն եւ յատկապէս ոգեկոչեցին յիշատակը ՀՄԸՄ-ական 12 նահատակներուն, որոնք անձնուիրաբար զոհուեցան արցախեան առաջին եւ երկրորդ պատերազմներուն ընթացքին:

Եռաբլուրի մէջ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անունով ատենապետ Վաչէ Նաճարեան յարգանքի ծաղկեպսակ մը զետեղեց նահատակաց պանթէոնի կեդրոնական յուշաքարին առջեւ:

ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին անունով խօսք առաւ Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Վիգէն Աւագեան եւ յայտնեց. «Եռաբլուրը հայ մարդուն համար սրբարան է: Հոս կը հանգչին մեր ազգին «լաւագոյն տղերքը»: Եռաբլուրի սրբազան հողին տակ հանգչող աճիւնները աւելի ուժ կու տան մարդոց` քան շատ մը ողջ մարդիկ: Հայ մարդը,- շարունակեց ան,- այսօր Եռաբլուր կ’այցելէ իր ճակատէն սրբելու համար հայրենիք կորսնցուցածի ամօթը եւ իր խիղճէն հեռացնելու համար պարտութիւն կրածի զգացումը»:

Աւագեան հաստատեց. «Մեր նահատակները մեր հպարտութիւնն են, որովհետեւ անոնց թափած արեամբ ներկուած է մեր ազգային դրօշին կարմիրը: Մեր նահատակները մեր փառքն են ու պատիւը, մեր պարծանքն են ու մեր սխրանքը, գոյատեւելու մեր կամքը եւ զարգանալու մեր վճռականութիւնը` մեր հին ու նոր թշնամիներուն պարտադրելու համար մեր խաղաղութիւնը, ազգային մեր տեսլականներուն առաջնորդող քաղաքական մեր կամքը»:

Շարունակելով` Վիգէն Աւագեան աւելցուց. «Մեր նահատակները ինկան, որպէսզի մենք ապրինք: Իսկ մենք պիտի ապրինք, որպէսզի իրենք յաւերժ ապրին մեր յիշողութիւններուն, ապրումներուն, մեր ժողովուրդի պատմութեան եւ ապագայի երազներուն մէջ, մինչեւ որ օրին մէկը իրարու համընկնին մեր պետութեան եւ հայրենիքին սահմանները: Ճիշդ է, կարճ եղաւ մեր նահատակներուն երկրաւոր կեանքը, բայց անոնք կարողացան այդ կարճ կեանքը նոյնիսկ արժեւորել ազգասիրութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ: Անոնք հայրենիքի հանդէպ իրենց պարտքը կատարեցին մեր բոլորին կողմէ, իսկ մեր պարտքը իրենց հանդէպ պիտի ըլլայ անշեղօրէն շարունակել իրենց ուղին, հայութեան եւ Հայաստանի ծառայութեան ուղին»:

Խօսքէն ետք, 20 շրջաններու 645 մարզիկ-մարզիկուհիները խումբերու բաժնուած` այցելեցին Եռաբլուրի մէջ իրենց վերջին հանգիստը գտած անմահներու գերեզմանները, մինչ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ մարզախաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամները փառք ու պատիւ ընծայեցին Եռաբլուրի մէջ իրենց երկրորդ կեանքը ապրող ՀՄԸՄ-ականներուն` յատուկ ծաղկեկողովներ զետեղելով անոնց շիրիմներուն:

Աւարտին, ազգային-հայրենասիրական երգերու խմբերգումէ ետք, այցելութիւնը պսակուեցաւ խմբային յիշատակելի նկարով մը:

 

Նախորդը

Աւելի Քան 80 Պատանիներ Մասնակցեցան Դպրեվանքի Կազմակերպած «Կիլիկիա» Բանակումին

Յաջորդը

Սլաք. Արցախէն «Ձեռք Լուալու» Փաստ Մը Եւս

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Օգոստոս 3, 2022
ՀՄԸՄ-Ի Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութեան Այցելութիւնը Հայաստանի Մէջ Սուրիոյ Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

ՀՄԸՄ-Ի Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութեան Այցելութիւնը Հայաստանի Մէջ Սուրիոյ Դեսպանին

Յուլիս 29, 2022
Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ Մարզախաղերու Մասնակիցները Ազգային-Յեղափոխական Երգերու Երեկոյով Նշեցին Լիզպոնի Հերոսական Գործողութեան 39-Ամեակը
Հայրենի Կեանք

Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ Մարզախաղերու Մասնակիցները Ազգային-Յեղափոխական Երգերու Երեկոյով Նշեցին Լիզպոնի Հերոսական Գործողութեան 39-Ամեակը

Յուլիս 29, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In