Երէկ` չորեքշաբթի, 20 յուլիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Երեւանի «Մարիոթ» պանդոկի «Տրդատ Բ.» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերու ծանօթացման մամլոյ ասուլիսը:
Ասուլիսին ներկայ գտնուեցան հայրենի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ, մարզախաղերու մասնակից պատուիրակութիւններու պատասխանատուներ եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ` գլխաւորութեամբ ատենապետ Վաչէ Նաճարեանի:
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին խօսք առին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ մարզական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Տիրան Վահրատեան (Աւստրալիա), մարզախաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Մանուէլ Մարսիլեան (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ) եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ատենապետ Սանտրա Վարդանեան (Հայաստան):
Տիրան Վահրատեան այս առիթով ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի 104-ամեայ պատմութիւնը, կառոյցը եւ նպատակը` նշելով, որ միութեան նպատակը եղած է ու կը մնայ սկաուտութեան եւ մարզական գործունէութեան ճամբով միտքով ու մարմինով առողջ, հայեցի դիմագիծով, հայրենասէր եւ ազգասէր հայեր պատրաստել:
Սանտրա Վարդանեան ծանօթացուց ՀՄԸՄ-ի Հայաստանի կառոյցը, որ արդէն ունի 33 տարուան պատմութիւն եւ կը գործէ Երեւանի մէջ 7 եւ Երեւանէն դուրս 5 աշխուժ մասնաճիւղերով:
Ապա, Մանուէլ Մարսիլեան խօսեցաւ Համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերուն մասնակից պատուիրակութիւններուն եւ կիրարկուելիք մարզախաղերուն մասին: Ան ըսաւ, որ այս մարզախաղերուն կը մասնակցին ՀՄԸՄ-ի 19 շրջաններէն, առաւել` Թեհրանի «Արարատ» միութենէն 645 մարզիկներ: Իբրեւ նորութիւն, առաջին անգամ ըլլալով, մարզախաղերուն կը մասնակցին նաեւ յատուկ խնամքի կարօտ 184 պատանիներ եւ երիտասարդներ` 12-22 տարեկան: Երկու օրուան վրայ երկարելիք անոնց մարզախաղերը կը կոչուին «Հրաշք» մարզախաղեր:
Անկէ ետք ասուլիսին մասնակիցները պատասխանեցին ներկայ լրագրողներու հարցումներուն:
Յայտնենք, որ Համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերը կը սկսին այսօր` հինգշաբթի, 21 յուլիսին, իսկ մարզախաղերուն պաշտօնական բացումը կը կատարուի «Հայ մարզիկի օրը»` 22 յուլիսի երեկոյեան, «Ազատութեան» հրապարակին վրայ կատարուելիք մեծաշուք հանդիսութեամբ: Հանդիսութեան կը նախորդէ Ծիծեռնակաբերդի մէջ մարզախաղերու ջահավառութիւնը եւ մասնակից պատուիրակութիւններու տողանցքը` Մատենադարանի մօտէն մինչեւ «Ազատութեան» հրապարակ:
Նախքան մարզախաղերուն մեկնարկը` այսօր, հինգշաբթի, 21 յուլիսի առաւօտեան ժամը 9:30-ին (Երեւանի տեղական ժամանակացոյցով), մարզախաղերու մասնակիցները կ’այցելեն Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոն եւ յարգանքի իրենց տուրքը կը մատուցեն արցախեան պատերազմներուն զոհուած հերոսներուն ընդհանրապէս եւ ՀՄԸՄ-ական 12 նահատակներուն յատկապէս:
Եռաբլուր այցելութիւնը, ինչպէս նաեւ մարզախաղերու գլխաւոր բոլոր հանդիսութիւնները ուղղակիօրէն կը սփռուին «Երկիր Մետիա»-ի (Երկիր Մեդիա – Yerkir Media TV) եւ ՀՄԸՄ-ի Դիմատետրի (Homenetmen- ՀՄԸՄ) պաշտօնական էջերէն: