Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պաքուի մէջ ընդունած է Եւրոպական խորհրդարանի պատուիրակութիւնը եւ դժգոհութիւն յայտնած խորհրդարանի հակաազրպէյճանական դիրքորոշումին համար:
«Մեր վերջին հանդիպումը տեղի ունեցած է 2018 թուականին: Անկեղծօրէն, ես նոյնիսկ քիչ մը զարմացայ, երբ իմացայ, որ դուք կը ծրագրէք Ազրպէյճան այցելել: Կը յիշեմ հանդիպում մը, որուն ժամանակ մենք խօսեցանք համագործակցութեան զարգացման մասին: Սակայն, ցաւօք, ատիկա տեղի չունեցաւ: Պատճառը ոչ թէ մեր, այլ Եւրոպական խորհրդարանի որոշ երեսփոխաններու դիրքորոշումին մէջ էր: Նման դիրքորոշումը կը նկատենք բացարձակապէս անհիմն», հանդիպումի ընթացքին ըսած է Ալիեւ:
Ան ըսած է, որ մոռցած է «Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ տարբեր ժամանակներու մէջ որդեգրուած հակաազրպէյճանական բանաձեւերու ընդհանուր թիւը: Խօսքը 10-էն աւելի բանաձեւերու մասին է: Յատկապէս Հայրենական պատերազմէն ետք որդեգրուեցաւ բանաձեւ մը, որ մտահոգիչ է, որովհետեւ այնտեղ կը խօսուէր Ղարաբաղի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման մասին: Ատիկա ճիշդ չէ: Այդ բանաձեւը որդեգրուած է այս տարուան մարտին: Այսինքն` ատիկա տեղի կ՛ունենայ պատերազմի աւարտէն մէկուկէս տարի ետք»:
Ալիեւ ընդգծած է, որ իրենց վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներ այցելած են դեսպանատուներու ներկայացուցիչներ, քաղաքական գործիչներ, եւրոպական որոշ երկիրներու խորհրդարաններու նախագահներ, լրագրողներ: Անոր համաձայն, այժմ կը կազմակերպուին ուղեւորութիւններ, եւ Ազրպէյճանի իւրաքանչիւր քաղաքացի կրնայ այցելել Շուշի, Ֆիզուլի ու Աղտամ եւ «տեսնել հայկական վանտալիզմի ու բարբարոսութեան տարողութիւնը»:
«Նման պայմաններուն մէջ բացարձակապէս անընդունելի է միակողմանի բանաձեւի որդեգրումը, որ Ազրպէյճանը կը մեղադրէ այնպիսի արարքներու մէջ, որոնք մենք երբեք չենք կատարած, եւ կ՛անտեսէ Հայաստանի եւ հայերու գործողութիւնները մեր տարածքներուն մէջ: Ցաւօք, նման բան տեղի ունեցած է: Գիտեմ, որ ձեր պատուիրակութեան անդամներէն շատերը թեր քուէարկած են այս բանաձեւին», ըսած է Ազրպէյճանի նախագահը:
«Երբեմն տպաւորութիւն կը ստեղծուի, որ այդ բանաձեւերը կ՛որդեգրուին Հայաստանի խորհրդարանին կողմէ, եւ կայ հայկական լոպիիստական խումբի որոշակի ազդեցութիւն: Հակառակ պարագային ատիկա անկարելի է հասկնալ», ըսած է Ալիեւ: