Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերու յանձնախումբերու հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ օգոստոսին` Մոսկուայի մէջ: Այս մասին «Լուրեր»-ու հարցումին ի պատասխան յայտնած են Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակէն: Կը նշուի, որ տակաւին հանդիպումին յստակ օրուան վերաբերեալ վերջնական համաձայնութիւն չկայ:
Յանձնախումբերուն կը նախագահեն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի փոխվարչապետներ Մհեր Գրիգորեանն ու Շահին Մուսթաֆայեւը: Անոնք հանդիպում ունեցած էին մայիսի վերջաւորութեան` Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ:


