Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերմանիոյ Կառավարութիւնը Մտադիր Է Դիմել Ածուխով Բանող Ուժանիւթի Յաւելեալ Կայարաններու Օգտագործման Ընտրանքին

July 14, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանիոյ կառավարութիւնը կազի տագնապի լոյսին տակ մտադիր է դիմել ածուխով բանող ուժանիւթի կայարաններու օգտագործման ընտրանքին: Գերմանիոյ խորհրդարանն ու նախարարաց խորհուրդը նախապէս այս առնչութեամբ օրէնսդրական բարեփոխումներ որդեգրած էին: Կը նախատեսուի, որ այդ օրինագիծը այս շաբթուան ընթացքին ուժի մէջ մտնէ:

Նշենք, որ ռուսական իշխանութիւնները երեքշաբթի օր վերանորոգման աշխատանքներ կատարելու համար դադրեցուցած էին «Նորթ Սրթրիմ-1» խողովակաշարին ճամբով Գերմանիոյ կազի մատակարարումը: Գոյութիւն ունի այն մեծ մտավախութիւնը, որ Ռուսիան սովորաբար 10 օր երկարող վերանորոգման աշխատանքներու աւարտին կազի մատակարարումը չվերականգնէ:

Գերմանական օրինագիծը մասնաւորաբար կը վերաբերի հանքային ածուխով բանող ուժանիւթի կայարաններուն, որոնց դէմ, ածուխի օգտագործումէն քիչ առ քիչ հրաժարելու ծիրին մէջ, որոշուած էր 2022 եւ 2023 թուականներուն արգելքը գործադրել: Այժմ այդ արգելքը վերցուած է:

Միւս կողմէ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Գերմանիոյ վարչապետի տնտեսական հարցերով օգնական Եորկ Քուիսին 12-13 յուլիսին Սիտնիի մէջ միջազգային ուժանիւթային համախմբումի ժամանակ յայտարարած է, որ Գերմանիան 1 օգոստոսէն սկսեալ ամբողջովին պիտի հրաժարի ռուսական ածուխէն, իսկ 31 դեկտեմբերին` նաեւ քարիւղէն:

«Իւրաքանչիւր անձ, որ ծանօթ է պատմութեան «Տրուժպա» քարիւղի խողովակին, որ խորհրդային կայսրութեան գործիքն էր Արեւելեան Եւրոպայի մէջ, գիտէ, որ այդ կախեալութենէն ազատիլը դիւրին գործ չէ, սակայն ատիկա ճիշդ այն է, ինչին մենք քանի մը ամիսէն պիտի հասնինք», յայտարարած է Քուիսի:

Անոր համաձայն, այժմ Գերմանիոյ համար ամէնէն բարդը ռուսական ուժանիւթերուն այլընտրանք գտնելն է, ինչի համար Գերմանիան արագօրէն կը զարգացնէ կապերը: Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներն ու Քաթարը միասնաբար Եւրոպային կրնան շուրջ 30 միլիառ խորանարդ մեթր կազ տրամադրել, սակայն առայժմ ատիկա բաւարար պիտի չըլլայ ռուսական կազը փոխարինելու համար:

 

 

Նախորդը

Փութին Երեքշաբթի Օր Թեհրան Պիտի Այցելէ

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Յոյսով Է, Որ Քոնկրեսը Մինչեւ Օգոստոս Պիտի Վաւերացնէ ՕԹԱՆ-ի Ընդլայնման Արձանագրութիւնները

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.