Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛ուզեն Վերականգնել Ռուսիոյ Հետ Հիւլէական Նիւթին Շուրջ Երկխօսութեան Մեքանիզմները»

Յուլիս 14, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ պիտի ուզէին Ռուսիոյ հետ աշխատիլ հիւլէական անվտանգութեան հարցերու շուրջ, սակայն Ուքրանիոյ մէջ զինուորական յատուկ գործողութեան պատճառով զայն կարելի չի նկատեր: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ 12 յուլիսին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած ուեպինարի ընթացքին այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Պոննի Ճենքինզը:

«Մենք կը շարունակենք ուշադրութիւն յատկացնել սպառազինութիւններու նկատմամբ վերահսկողութեան հարցերուն (…) Դժբախտաբար, Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ զինուորական յատուկ գործողութեան պատճառով մենք ստիպուած էինք դադրեցնելու ռազմավարական կայունութեան շուրջ բանակցութիւնները: Մենք իրօք ունինք (երկխօսութեան) մեքանիզմներ, զորս կ՛ուզենք վերականգնել, որպէսզի Ռուսիոյ հետ քննարկենք հիւլէական հիմնախնդիրները, սակայն, դժբախտաբար, չկրցանք ատիկա ընել», լրագրողներուն ըսած է Ճենքինզ:

Անոր համաձայն, այժմ Արեւմուտքի երկիրները իրենց ջանքերը կը կեդրոնացնեն, որպէսզի կանխարգիլեն Ռուսիոյ հետ «հիւլէական պատերազմը», եւ կ՛աշխատին օգնել Ուքրանիոյ:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ս. Փեթերսպուրկի 10-րդ միջազգային իրաւաբանական խորհրդաժողովի մասնակիցներուն իր յղած ուղերձին մէջ յայտարարած էր, որ Ռուսիան պատրաստ է ռազմավարական կայունութեան եւ զանգուածային ոչնչացման զէնքի չտարածման դրութեան պահպանման շուրջ երկխօսութիւն կատարելու: Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով իր կարգին նշած է, որ այս պահուն ռազմավարական կայունութեան շուրջ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու երկխօսութեան շարունակման նկատելի ծրագիրներ չկան:

Նախորդը

«Ուքրանիան Կրնայ Անհետանալ Աշխարհի Քարտէսէն» Կ՛ըսէ Փենթակոնի Նախկին Խորհրդարանականը

Յաջորդը

Փութին Երեքշաբթի Օր Թեհրան Պիտի Այցելէ

RelatedPosts

Նեթանիահու. «Կը Զօրակցիմ Կազայի  Պատերազմին Վերջ Տալու Թրամփի Ծրագիրին»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Կը Զօրակցիմ Կազայի Պատերազմին Վերջ Տալու Թրամփի Ծրագիրին»

Հոկտեմբեր 1, 2025
Քաթար Տոհայի Մէջ Թրքական Պատուիրակութեան Մը  Եւ Համասի Միջեւ Ժողովի Մասին Յայտարարեց
Միջազգային

Քաթար Տոհայի Մէջ Թրքական Պատուիրակութեան Մը Եւ Համասի Միջեւ Ժողովի Մասին Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 1, 2025
Թրամփի Ներկայութեամբ Հեռաձայնային  Զրոյցի Ընթացքին.  Նեթանիահու Քաթարի  Վարչապետէն Ներում Հայցեց
Միջազգային

Թրամփի Ներկայութեամբ Հեռաձայնային Զրոյցի Ընթացքին. Նեթանիահու Քաթարի Վարչապետէն Ներում Հայցեց

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?