Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Խաղաղ Կարգաւորման Հոլովոյթը Բաղկացած Է Ո՛չ Միայն Խաղաղապահ Առաքելութենէ, Այլ Նաեւ Բազմաթիւ Խնդիրներէ, Ներառեալ Կարգավիճակի Հարցէն» Կ՛ըսեն Ամերիկացի Նախկին Դիւանագէտներ

July 9, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ամերիկայի ձայն»-ը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափի ապագային մասին զրուցած է ամերիկացի նախկին դիւանագէտներ Ճէյմս Ուորլիքի եւ Ռիչըրտ Քազլիարիչի հետ:

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափին վերաբերեալ Մոսկուայէն ու Պաքուէն հնչող յայտարարութիւնները բաւական շփոթեցնող են, «Ամերիկայի ձայն»-ին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի նախկին համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք: Ըստ անոր, կը թուի, թէ անոնք այլեւս չեն ուզեր պահպանել այս ձեւաչափը, սակայն չեն ներկայացներ այլընտրանք` այսպիսով հոլովոյթը յանձնելով միայն Ռուսիոյ: «Ի տարբերութիւն Մոսկուայի, Փարիզն ու Ուաշինկթընը կը շարունակեն հաւատարիմ մնալ Մինսքի խմբակի ձեւաչափին», կ՛ըսէ նախկին համանախագահը:

«Միացեալ Նահանգներ յստակօրէն ուղենշած են, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ Մինսքի խմբակի հոլովոյթին: Անոնք շատ աւելի հեռու գացին` նշանակելով Կովկասի եւ շրջանի հարցերով մասնագիտացած նոր համանախագահ», կ՛ըսէ Ուորլիք:

Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ռիչըրտ Քազլիարիչ եւս համամիտ է, որ ամերիկեան կողմէն նոր համանախագահի նշանակումը Ուաշինկթընի այս ձեւաչափին նկատմամբ յանձնառութիւնը ցոյց կու տայ:

«Միացեալ Նահանգները, ըստ էութեան, հաւատարիմ են Մինսքի խմբակի ձեւաչափին: Անոնք Մինսքի խմբակի նոր համանախագահ նշանակած են ամերիկեան կողմէն: Ուաշինկթընի մէջ կը հաւատան, որ այս ձեւաչափը գործուն է», կ՛ըսէ ան:

Նախկին դիւանագէտներուն կարծիքով` Ռուսիոյ Ուքրանիա ներխուժումը խնդրայարոյց դարձուց միջնորդ ըլլալու հարցին մէջ Ռուսիոյ առաքելութիւնը:

«Ուքրանիա ներխուժումը յստակ դարձուց, որ անկարելի է վստահիլ Մոսկուայի խօսքին. վերջինս երկար ժամանակ կը պնդէր, թէ մտադիր չէ խախտել Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը, սակայն գործնականին մէջ կատարեց հակառակը: Ռուսական կողմը պէտք է ցոյց տայ, որ իսկապէս հաւատարիմ է խաղաղ կարգաւորման եւ պիտի գործէ ի շահ բոլոր կողմերուն», կը նշէ Ուորլիք:

«Ինծի համար Ռուսիան Ուքրանիա ներխուժելով իբրեւ միջնորդ ինքզինք հեղինակազրկած է: Չեմ կրնար տեսնել, թէ Ռուսիան ինչպէ՛ս կրնայ դեր ունենալ Մինսքի խմբակին մէջ», կը նշէ Քազլիարիչ:

Ռիչըրտ Քազլիարիչի կարծիքով, սակայն, հաշուի առնելով յատկապէս Ազրպէյճանի բացասական դիրքորոշումը Մինսքի խմբակին նկատմամբ, դժուար է պատկերացնել խաղաղ բանակցութիւններուն այս ձեւաչափին վերադարձը: Փոխարէնը, հոլովոյթը կ՛ընթանայ երկու նոր միջնորդական առաքելութիւններու տակ` Եւրոպական Միութեան եւ Մոսկուայի միջնորդութեամբ: Ան կարեւոր կը նկատէ յատկապէս Եւրոպական Միութեան միջնորդական առաքելութիւնը եւ Ուաշինկթընին կոչ կ՛ուղղէ` շարունակելու այս հոլովոյթին նկատմամբ իր աջակցութիւնը:

«Եթէ Կը խօսինք միջնորդի դերին մասին, ապա Եւրոպական Միութիւնը պէտք է հանդէս գայ այդ դերին մէջ` բազմաթիւ հանգամանքներէ մեկնելով, ներառեալ ուքրանական գործօնը: Եւրոպական Միութիւնը շրջանին մէջ անկախ դերակատար է, որ ունի շահեր, սակայն չ՛ենթարկուիր նոյն քննադատութեան, ինչպէս` Ֆրանսան, Միացեալ Նահանգները կամ Ռուսիան, երբ կը խօսուի այս կամ այն կողմին աւելի հակուած ըլլալուն մասին», կը պնդէ ան:

Ճէյմս Ուորլիքի կարծիքով, Մոսկուայի եւ Պրիւքսելի ձեւաչափերը իրարու հետ չեն մրցիր, սակայն Եւրոպական Միութիւնը հոլովոյթին մէջ աւելի մեծ դեր կրնայ խաղալ:

«Եւրոպական Միութեան միջնորդութեան առնչուած միակ խնդիրը այն է, որ ի տարբերութիւն ԵԱՀԿ-ի, Ռուսիան ատոր մաս չի կազմեր: Օգտակար պիտի ըլլայ, եթէ Ռուսիան իսկապէս հաւատարիմ ըլլայ խաղաղ լուծման, որպէսզի համանախագահող խումբը գործունէութիւնը շարունակէ ռուսական մասնակցութեամբ», կ՛ըսէ Ուորլիք:

Ուորլիքի պնդումով հասկնալի է, որ Ռուսիան իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն կատարող կողմ, պէտք է կապ պահպանէ կողմերուն հետ, սակայն խաղաղ լուծման հոլովոյթը ո՛չ միայն խաղաղապահ առաքելութեան առնչուած հարցերէն բաղկացած է, այլ նաեւ բազմաթիւ այլ խնդիրներէ, ներառեալ կարգավիճակի հարցը, ուստի ո՛չ Հայաստանի եւ ո՛չ ալ Ազրպէյճանի շահերէն կը բխի, որ հայ-ազրպէյճանական խաղաղ երկխօսութիւնը ընթանայ Մոսկուայի միանձնեայ միջնորդութեան տակ:

Դեսպան Քազլիարիչի կարծիքով ալ` Մոսկուան այսօր չ՛ընդունիր, իր միջնորդութենէն բացի, խաղաղ հոլովոյթի որեւէ այլ ձեւաչափ: «Ռուսիան այսօր շատ աւելի յարձակողական կը գործէ երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ, իսկ արտաքին ուժերու իւրաքանչիւր մասնակցութեան փորձ կը նկատէ իբրեւ միջամտութիւն, որ մեծ մտահոգութիւն կը պատճառէ յատկապէս Պաքուին», կ՛ըսէ Քազլիարիչ:

 

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Եւ Իսրայէլի Նախագահները Քննարկած Են Երկկողմանի Եւ Շրջանային Հարցեր

Յաջորդը

Պունտըսթակը Հաւանութիւն Տուաւ Ֆինլանտայի Եւ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութեան Վաւերացման

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.