Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ 4 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 9:15-ի շուրջ, Ազրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները տարբեր, որոնց կարգին խոշոր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բացին հայ-ազրպէյճանական սահմանի արեւմտեան, մասնաւորաբար` Վայոց Ձորի մարզի Խաչիկ գիւղի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերուն, ինչպէս նաեւ դէպի գիւղ տանող ճամբուն ուղղութեամբ, որուն պատճառով վնասուած է համայնքի ղեկավարին ինքնաշարժը:
Ըստ հաղորդագրութեան, հայկական կողմի պատասխան գործողութիւններով ազրպէյճանական ստորաբաժանումներու կրակը դադրած է: Հայկական կողմէն տուժածներ չկան:
Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց հաղորդումը` զայն ապատեղեկատուութիւն որակելով: