Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայրամով Իրանի Մէջ Խօսած Է Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիրին Մասին

July 6, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Թեհրանի մէջ իրանցի գործընկեր Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, այլ հարցերու կողքին, անդրադարձած է ազրպէյճանական կողմի` Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ձգտումին: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը:

«Մենք յայտարարած ենք Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ փոխադրամիջոցային եւ միջազգային հաղորդակցութեան վերաբացման մեր պատրաստակամութեան մասին: Ազրպէյճան այս առումով քայլեր ձեռնարկած է, եւ մենք Հայաստանին ներկայացուցած ենք այն հինգ հիմնական կէտերը, որոնք պիտի օգնեն ստորագրել երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան փաստաթուղթը:

«Մենք նաեւ յայտարարած ենք Ազրպէյճանի մէջ ճանապարհային փոխադրութեան եւ միջշրջանային հաղորդակցութեան վերաբացման մեր պատրաստակամութեան մասին եւ առաջարկներ ըրած ենք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանազատման վերաբերեալ», ըսած է Պայրամով:

Ապտոլլահեան իր կարգին յայտնած է, որ երկկողմանի բանակցութիւններու ծիրին մէջ քննարկուած է ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծումը:

Իրանեան դիւանագիտութեան պետը շեշտած է, որ տագնապի սկիզբէն իսկ Իրան պատրաստակամութիւն յայտնած է ճգնաժամը լուծելու երկխօսութեան միջոցով:

«Մենք պատրաստ ենք, որ մնացեալ հարցերը լուծուին կողմերու տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան յարգման հիման վրայ եւ երկխօսութեան ու դիւանագիտութեան միջոցով», աւելցուցած է Ապտոլլահեան:

Նախորդը

«Միացեալ Նահանգներ Պէտք Է Դադրեցնեն Ազրպէյճանին Զինուորական Օգնութեան Տրամադրումը» Կ՛ըսէ Շըրմըն

Յաջորդը

Ազրպէյճան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին Երեւանի Այսպէս Կոչուած «Թեփեպաշի» Թաղամասի Մասին Դիմում Ներկայացուցած Է

RelatedPosts

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները  Հանդիպում Ունեցան Հայաստանի Մէջ Իրանի  Դեսպանին Եւ Եւրոպական Միութեան  Պատուիրակութեան Ղեկավարին Հետ
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպում Ունեցան Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Եւ Եւրոպական Միութեան Պատուիրակութեան Ղեկավարին Հետ

October 13, 2026
Հայաստանի Ազգային Ժողովը  Վաւերացուց ՔՈՓ17-ի Համաձայնագիրը
Հայկական

Հայաստանի Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ՔՈՓ17-ի Համաձայնագիրը

October 13, 2026
Իշխան Սաղաթելեան Փարիզի Մէջ  Հանդիպում Ունեցաւ Օլիվիէ Ֆորի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Իշխան Սաղաթելեան Փարիզի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Օլիվիէ Ֆորի Հետ

October 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.