Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միացեալ Նահանգներ Պէտք Է Դադրեցնեն Ազրպէյճանին Զինուորական Օգնութեան Տրամադրումը» Կ՛ըսէ Շըրմըն

July 6, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը դարձեալ վերահաստատած է Ազրպէյճանին ուղիղ զինուորական օգնութիւնը արգելափակող ազատութեան աջակցման հռչակագիրի 907-րդ բանաձեւին շրջանցումը: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով այս մասին «Ամերիկայի ձայն»-ին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ, հայկական հարցերով յանձնախումբի անդամ Պրետ Շըրմըն` իր անհամաձայնութիւնը յայտնելով որոշումին:

«Մենք պէտք չէ հրաժարինք 907-րդ բանաձեւէն եւ որեւէ օգնութիւն ցուցաբերենք քարիւղով հարուստ Ազրպէյճանին, որ շղթայազերծած է յարձակողական պատերազմ: Օգնութիւնը, որ մենք կը տրամադրենք, մեծ չէ, սակայն կը կարծեմ, որ անիկա դիւանագիտական առումով կարեւոր է, ուստի ատոր տրամադրումը պէտք է դադրեցուի», ըսած է քոնկրեսականը:

Անոր կարծիքով` Արցախի մէջ մարդասիրական ծրագիրներու համար ամերիկեան օգնութիւնը պէտք է մեծցուի, իսկ Հայաստանին կարելիութիւն տրուի դարձեալ ընդգրկուելու «Հազարամեակի մարտահրաւէր» ծրագիրին մէջ:

«Համաշխարհային դրամատունը Հայաստանը դասած է միջինէն բարձր եկամուտ ունեցողներու շարքին: Ես պիտի ուզէի, որ ատիկա այդպէս ըլլար, սակայն պէտք է հաշուի առնենք սարսափելի պատերազմի, «Քորոնա» ժահրի համաճարակի տնտեսական հետեւանքները», ըսած է ան:

Նախորդը

«Լիբանանցի Քաղաքացին Ծունկի Բերած Են, Իսկ Անոր Օրուան Հացը Ամէն Ինչէ Կարեւոր Է Եւ Առաջնահերթութիւն» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

Պայրամով Իրանի Մէջ Խօսած Է Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիրին Մասին

RelatedPosts

Սաղաթէլեան Մանեաթիսի Հետ Հանդիպումին  Անդրադարձաւ Պաքուի Մէջ Պահուող  Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Հարցին
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան Մանեաթիսի Հետ Հանդիպումին Անդրադարձաւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Հարցին

October 14, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները  Միացեալ Նահանգներու Հաւատարմատարին Հետ  Քննարկեցին «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը
Հայկական

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Միացեալ Նահանգներու Հաւատարմատարին Հետ Քննարկեցին «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը

October 14, 2026
Միրզոյեան Վարշաւայի Մէջ Հանդիպումներ  Ունեցած Է Գերմանիոյ Եւ Լեհաստանի Արտաքին  Գործոց Նախարարներուն Հետ
Հայկական

Միրզոյեան Վարշաւայի Մէջ Հանդիպումներ Ունեցած Է Գերմանիոյ Եւ Լեհաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Հետ

October 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.