ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
ԿԱՅԱՆԱԼԻՔ ՄԵԾԱՇՈՒՔ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ուրախութեամբ կու գանք յայտնելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ եկեղեցական ու ազգային մեծաշուք հանդիսութիւններ պիտի կայանան 1-3 յուլիս թուականներուն`
Օրհնութեամբ եւ նախագահութեամբ
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
– Ուրբաթ, 1 յուլիս 2022
– Անթիլիասի մայրավանք
– Երեկոյեան ժամը 7:00-ին
ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱԿ
Կազմակերպութեամբ` Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանին
– Շաբաթ, 2 յուլիս 2022
– Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանի սրահ
– Երեկոյեան ժամը 7:30-ին
Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ
– Կիրակի, 3 յուլիս 2022
– Անթիլիասի մայրավանք
– Առաւօտեան ժամը 10:00-ին
ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ
– Կիրակի, 3 յուլիս 2022
– Ս. Աստուածածին վանք, Պիքֆայա
– Երեկոյեան ժամը 7:00-ին
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
ՄԻՒՌՈՆՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ՓՈԽԱԴՐԱԿԱՌՔԵՐՈՒ
ԵՒ ԿԱՌԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱԿ
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ եւ ձեռամբ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունենալիք Սրբալոյս միւռոնի օրհնութեան հոգեպարար արարողութեան մասնակցելու համար, 1 յուլիս 2022-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Իսկ Այնճարի պարագային` յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, մեր ուխտաւոր ժողովուրդին համար փոխադրամիջոցներ տրամադրուած են հետեւեալ վայրերուն դիմաց.
1.- Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցի
2.- Ֆանարի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցի
3.- Ռաուտայի Ս. Ներսէս Շնորհալի մատուռ
4.- Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան
5.- Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի
6.- Պուրճ Համուտի Ազգային ծերանոց
7.- Ս. Ագնէս վարժարան
8.- Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցի
9.- Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցի
10.- Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցի
11.- Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցի
Հետեւեալ վայրերը կարելի է օգտագործել անվճար կերպով ձեր ինքնաշարժները կանգնեցնելու համար.
- Մայրավանքին դիմաց գտնուող Auxilia-ի կառատուն
- Մայրավանքին կից գտնուող կառատուն («Պլոմ պանք»-ին ետեւ)
- Անթիլիասի հրապարակին կից գտնուող կառատուն (Մար Էլիաս եկեղեցւոյ դիմաց)
ԾԱՆՕԹ.- Կարեւորութեամբ կ՛ուզենք արձանագրել, որ փոխադրամիջոցները վերոյիշեալ ժամուն պիտի շարժին իրենց վայրերէն:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ