Անգլիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Լիվըրփուլ պատրաստ է ծախելու իր եգիպտացի 30 տարեկան յառաջապահ Մոհամետ Սալահը, անշուշտ եթէ 70 միլիոն եւրոյէն սկսող առաջարկներ ստանայ, այս մասին յայտնեց «Տը Սան»-ը:
Անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յառաջիկայ տարեշրջանին աւարտը: Ան 2017-էն ի վեր ելոյթ կ՛ունենայ Լիվըրփուլի հետ:
Կողմերը իրարու հետ պայմանագիրի երկարաձգման գծով համաձայնութեան չկրցան հասնիլ:
Ցարդ Սալահով մօտէն հետաքրքրուած է Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ռէալ Մատրիտ:
Ներկայ դրութեամբ Սալահի փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 90 միլիոն եւրոյով: