Թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 20 կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքերու տիրացած եւ աշխարհի թենիսի միջազգային դասաւորման երրորդ դիրքին վրայ գտնուող սերպ Նովաք Ճոքովիչ երէկ ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը, երբ Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն, 6-3, 3-6, 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթեց հարաւային քորէացի Քվոն Սուն-Ուուի:
Անոնց միջեւ այս ճակատումը տեւեց 2 ժամ եւ 28 վայրկեան:
Նշենք, որ 35 տարեկան Ճոքովիչ վեց անգամ տիտղոսակիր դարձած է Անգլիոյ մէջ (վերջինը` նախորդ տարի):
Բ. հանգրուանի մրցումներուն, Ճոքովիչի մրցակիցը պիտի ըլլայ աւստրալիացի Թանասի Քոքինաքիսի, որ իր յաղթանակը արձանագրեց լեհ Քամիլ Մաժչըրժաքի դէմ:
Նշենք, որ այս տարի մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 40,3 միլիոն սթերլինկ: