Գերմանական «Օտի» վաճառանիշով ինքնաշարժներ արտադրող ընկերութիւնը նախորդ շաբաթավերջին դադրեցուց իր համագործակցութիւնը Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ռէալ Մատրիտի հետ:
«Օտի», որ 2003-էն ի վեր արքայական ակումբին գլխաւոր հովանաւորն է, անոր հետ կատարեց աւելի քան 900 մրցում:
Ինչպէս կը հաղորդէ սպանական «Մարքա» մարզական անուանի օրաթերթը, Ռէալ Մատրիտի նոր հովանաւորը պիտի ըլլայ գերմանական ինքնաշարժներ արտադրող այլ ընկերութիւն մը` «ՊԻ. ԷՄ. ՏԱՊԸԼԻՈՒ»-ն:
Անիկա պիտի դառնայ Ռէալ Մատրիտի հիմնական գործընկերներէն մէկը եւ ակումբին հիմնական կազմին մարզիկներուն պիտի ապահովէ ինքնաշարժներ: