Խրուաթիոյ Փերեք քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ժիւտոյի պատանեկան ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Գոռ Կարապետեան տիրացաւ արծաթ մետալի, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ժիւտոյի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ան արձանագրեց չորս յաղթանակ, սակայն աւարտականին պարտութիւն մը կրելով իր մրցակիցէն, հանդիսացաւ Եւրոպայի փոխախոյեան, 81 քկ դասակարգին մէջ:
Նշենք, որ Գոռ Կարապետեանի մարզիչն է Վահէ Թորոսեան: