Ռէալ Մատրիտէն իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ հեռացած կալեսցի 32 տարեկան յառաջապահ Կերըթ Պէյլ, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ ամերիկեան Լոս Անճելըսի հետ:
Նշուեցաւ, որ Պէյլ մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց հիւսիսամերիկեան «Մէյճըր Լիկ»-ը ներկայացնող ակումբին հետ:
Ան 2013-էն ի վեր ելոյթ կ՛ունենայ Ռէալ Մատրիտի հետ:
Պէյլ Կալեսի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 2022-ի Մոնտիալին խմբակներու դրութեամբ տեղի ունենալիք մրցումներուն` իրեն մրցակից ունենալով Անգլիան, Իրանը եւ Միացեալ Նահանգները (Բ. խմբակ):