Յունիս 10-ին Երեւանի Կոմիտասի անուան սենեկային երաժշտութեան տան մէջ տեղի ունեցաւ 12-ամեայ դաշնակահար, երգահան Ալեքս Գէորգեանի համերգը, որուն ընթացքին ներկայացուեցան Կոմիտասի ստեղծագործութիւններուն իր մշակումները: Շնորհահանդէս-համերգի ընթացքին կայացաւ անդրանիկ ներկայացումը Ալեքս Գէորգեանի «Լուս Ա» ալպոմին, որ նուիրած է իր տատիկին` Զինա Պաղտասարեանին:
Ձայնասկաւառակը պատանի երաժիշտին շուրջ քառամեայ աշխատանքին արդիւնքն է: Նախագիծին մտայղացումը ամբողջութեամբ Ալեքսինն է` սկսեալ Կոմիտասի ստեղծագործութիւններու ընտրութենէն մինչեւ այն արուեստագէտներու ընտրութիւնը, որոնց հետ ձայնագրուած են անոր մշակումները, եւ որոնց մէկ մասը ներկայացուեցան համերգի ընթացքին:
«Այս ծրագիրը ստեղծելու գաղափարը յառաջացաւ այնպիսի ժամանակաշրջանի, երբ կը գրէի մեղեդիներ ամէնուրեք, անընդհատ: Սակայն զգացի, որ այն ամբողջանալու եւ լիարժէք դառնալու կարիքը ունի: Այդ տարիներուն նաեւ կ`աշխատէի Կոմիտասի շարք մը երաժշտութիւններու վրայ: Եւ մէջս միտք մը յառաջացաւ` համադրելու մեղեդիները Կոմիտասի ստեղծագործութիւններուն հետ, եւ անոր շնորհիւ ստեղծուեցաւ այս երաժշտութիւնը: Անիկա դուրս է մշակման գրեթէ բոլոր չափանիշներէն: Շատ կարեւոր կը համարեմ դասական երաժշտական եւ դասական կատարողական արուեստը, որ ինծի շատ կ՛օգնէ իմ այս աշխատանքիս մէջ», նախագիծին մասին պատմեց Ալեքսը:
«Լուս Ա»-ն նոր ոճի երաժշտութիւն է, որով միախառնելով ամենատարբեր երաժշտական ոճերը` 12-ամեայ Ալեքսը ներկայացուց Կոմիտասի իր ընկալումը: «Լուս Ա» ալպոմի եօթը ստեղծագործութիւններէն իւրաքանչիւրը ինքնատիպ է: Անոնց մէջ կայ ելեկտրոնային երաժշտութիւն, ինչպէս` «Մոկաց Միրզա»-ի եւ «Սարէն կու գայ»-ի մէջ, բայց կան նաեւ ճազ էթնօ երաժշտութեան տարրեր:
«Լուս Ա» ալպոմին մէջ Ալեքս Գէորգեան իր մշակումները ձայնագրած է անուանի հայ երաժիշտներու հետ: «Սոնա եար»-ը Ալեքսի եւ Արթօ Թունճպոյաճեանի միացեալ կատարումն է, «Քելէ-Քելէ»-ին մէջ Ալեքսը կը նուագէ Արտիոմ Մանուկեանի հետ, «Ես սիրեցի»-ին մէջ կը հնչէ Միքայէլ Ոսկանեանի թառը, «Երկինքն ամպել ա»-ի մէջ Ալեքսը հանդէս կու գայ «Տիեզերք» խումբին հետ, իսկ «Գարուն ա» ստեղծագործութեան մէջ կ՛երգէ ամերիկահայ երգիչ Սեմ Պապայեանը (The Dirty Diamond խումբէն):
Ալպոմին մէջ տեղ գրաւած են Ալեքսի երկու կատարումները` «Մոկաց Միրզա»-ն, որ ամբողջութեամբ ելեկտրոնային երաժշտութիւն է, իսկ «Ես սարէն կու գայի»-ն ելեկտրոնային եւ դասական երաժշտութեան զուգակցումն է:
Ձայնասկաւառակին մէջ հանդէս եկած են նաեւ յայտնի երաժիշտներ` Նիկողայոս Վարդանեանը (քոնթրապաս), Արման Մնացականեանը (թմբուկ) եւ Վարդան Առաքելեանը (պաս կիթառ):
Վերջերս կայացած համերգի ընթացքին ներկայացուեցան «Լուս Ա»-ի բոլոր` եօթը ստեղծագործութիւնները:
Համերգի ընթացքին, սակայն, ալպոմին մէջ ձայնագրուած ոչ բոլոր երաժիշտները հանդէս եկան: «Սոնա եար» ստեղծագործութեան կատարման ժամանակ Ալեքսի դաշնակին զուգահեռ` դահլիճի պաստառին ցուցադրուեցան ալպոմի ձայնագրութեան ժամանակ կատարուած նկարահանումները. հանդիսատեսը կարելիութիւն ունեցաւ տեսնելու Արթօ Թունճպոյաճեանը բուն աշխատանքային, ստեղծագործական գործընթացի մէջ:
Համերգին զանազան պատճառներով չէր մասնակցած նաեւ Միքայէլ Ոսկանեանը, որուն կատարումը նոյնպէս ներկայացուեցաւ տեսագրութեան միջոցով:
Իսկ «Գարուն ա» ստեղծագործութիւնը, Սեմ Պապայեանի փոխարէն, Ալեքսի հետ մեկնաբանեց տաղանդաւոր երգչուհի Մանէ Մինասեանը:
«Լուս Ա»-ն ինքնատիպ նախագիծ է ո՛չ միայն մտայղացմամբ, ստեղծագործական իւրայատկութեամբ, այլ նաեւ բեմին վրայ գտնուող երիտասարդ երաժիշտներու խումբով` Արտեոմ Մանուկեան (թաւջութակ), Սերգէյ Բալաշով եւ Արմէն Շահվերդեան (հարուածային գործիքներ), Արսէն Ժամագործեան (պաս կիթառ, քոնթրապաս), Հեքթոր Լթաքիրոթ (Hector Cardoso Ltacirot, ելեկտրական կիթառ), «Տիեզերք» նուագախումբ:
Համերգը Ալեքսի իւրատեսակ երկխօսութիւնն էր հանդիսատեսին հետ, որուն միջոցով ան կը փոխանցէր իր չորս տարիներու հոգեվիճակը, ինչպէս ինքը արտայայտուեցաւ:
««Լուս Ա»-ն ստեղծելու ժամանակ ես չեմ մտածած այդ մասին: Ան ինծի համար անյայտ կերպար է, հոգեվիճակ է, որ բաւականին բարդ է: Կամ թերեւս մէկն է, զոր նոյնիսկ դեռ չեմ ճանչնար: Ան մէկն է, որ կը պտտի իմ գլխուս մէջ: Իմ հոգիիս մէջն է անընդհատ եւ իմ մտքիս մէջն է անվերջ: Ան իւրայատուկ եւ չկրկնուող կերպար է», իր ալպոմին մասին կ՛ըսէր Ալեքսը հանդիսատեսին մաղթելով` «Բոլորիդ մէջ այս «Լուս Ա»-էն կ՛ուզեմ քիչ մը եւ կը կարծեմ, որ ան այսօր տարածուեցաւ այստեղէն եւ արդէն ձեր մէջն է: Ունեցէք ձեր անձնական լոյսը… Մնացէք լոյսով»:
Ալեքս Գէորգէան կ՛ուսանի Չայքովսքիի անուան երաժշտական դպրոցի դաշնակի բաժինին մէջ:
«Բաւականին բարդ եւ շատ պատասխանատու աշխատանք էր ինծի համար նախ մէկտեղել մէկ ծրագրի մէջ այս հրաշալի երաժիշտները եւ անոնց հետ միասին Կոմիտաս ներկայացնել: Անշուշտ մինչեւ մշակումները բաւական երկար ուսումնասիրեցի Կոմիտասը: Ալպոմին մէջ ներկայացուած քանի մը ստեղծագործութիւններ Կոմիտասի այն մեղեդիներն են, որոնք ան հաւաքագրած է իր բանահաւաքչական տարիներուն, եւ որոնք մեզի հասած են կոմիտասեան տարբերակներով: Բայց ալպոմին մէջ կան նաեւ իր` Կոմիտասի գրած ստեղծագործութիւնները: Այս ընթացքին ծանօթացայ Կոմիտասի պատարագին, որ յաճախ կը լսեմ: Միտք կայ պատարագը կատարել երգչախումբի հետ, որովհետեւ ունիմ որոշակի կտորներ, որոնք մշակած եմ, իսկ անոնք յատուկ են դաշնակի եւ երգչախումբի համար: Հպարտ եւ շնորհակալ եմ, որ կ՛ուսանիմ դաշնակի ուսուցիչիս` Յասմիկ Անչարակեանի, երգահան Վաչէ Շարաֆեանի, դաշնակահար Արմէն Բաբախանեանի մօտ: Դասական երաժշտութիւնը կը բացայայտեմ անոնց օգնութեամբ: Իսկ ճազը զիս հետաքրքրեց տակաւին քանի մը տարի առաջ, եւ ճազի տարբեր ենթամասեր, յատկապէս bebop-ը ուսումնասիրելէ ետք, զիս շատ հետաքրքրեց ազգային երաժշտութիւնը: Պէտք է անընդհատ եւ ամէնուրեք խօսիլ հայկական ազգային երաժշտութեան մասին, պէտք է կատարել այն, տարածել ու քարոզել այն», լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց 12-ամեայ Ալեքս Գէորգէանը, որ համերգի ընթացքին ոչ միայն դաշնակի կատարումով, այլեւ իր ձայնով ալ ներկայացաւ հանրութեան: