Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանոյի «Խողովակ-Տուները»

Յունիս 4, 2022
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Այսօր մենք պիտի ուղղուինք դէպի Վիեթնամ եւ այցելենք Հանոյ մայրաքաղաքի հին թաղամասը: Հոն մենք պիտի տեսնենք տարօրինակ ճարտարապետական ոճ մը` խողովակներու նման նեղ եւ երկար տուներ, որոնց ամէնէն հիները շինուած են 19-րդ դարուն:

Այս տուներուն տրուած է այս արտասովոր անունը` իրենց ձեւին պատճառով: Այս շինութիւններուն երեսը շատ նեղ է, երբեմն` միայն 4 մեթր: Կարգ մը տուներու մէջ հազիւ 2 անձեր կրնան քով-քովի կանգնիլ. սակայն անոնք խորունկ են: Շինութեան երկու կողմերը պատուհաններ չկան, եւ տուները իրարու փակած են, սակայն անոնք յաճախ ունին ներքին բակեր, որպէսզի լոյսը կարենայ թափանցել տան մէջ:

Անշուշտ մենք հարց պիտի տանք, թէ ինչո՞ւ մարդիկ նման տուներ շինած են: Պատասխանը պարզ է: Վիեթնաի մէջ 19-րդ դարուն Նկույէն թագաւորութեան օրերուն, ժողովուրդը տուրք կը վճարէր` ըստ իր շէնքի երեսի լայնքին:

Դարերու ընթացքին Հանոյի տարբեր ղեկավարներ հիմնուած են շինութեան մը դէպի փողոց տուող երեսին լայնքին վրայ` տուրքերը հաշուելու համար: Շինութեան մը դէպի փողոց տուող երեսը որքան լայն էր, այնքան տուրքը բարձր կ՛ըլլար: Հետեւաբար բնական է, որ մարդիկ սկսան նախընտրել իրենց տուները շինել նեղ, սակայն` խորունկ: Այս ձեւով անոնք նուազ տուրք կը վճարէին, բայց ունէին բաւականաչափ մեծ ապրելու վայր մը:

Աւանդականօրէն «Խողովակ-տունի» մը մէջ կը բնակէր մէկ ընտանիք: Գետնայարկը բաժնուած էր 3 մասերու: Դէպի փողոց նայող բաժինը խանութ էր: Անոր ետեւը կը գտնուէր աշխատանոցը, ուր կը շինուէին խանութին մէջ ծախուած ապրանքները: Եւ վերջապէս, ամէնէն ետեւը կը գտնուէր բնակավայրը:

Երբ ընտանիքին զաւակները կը մեծնային եւ կ՛ամուսնանային, մէկ կամ երկու յարկ կը բարձրացուէր տան վրայ, որպէսզի նոր զոյգերը հոն ապրէին: Տակաւին մինչեւ այսօր մենք կրնանք տեսնել բազմաթիւ «խողովակ-տուներ», ուր կ՛ապրին նոյն ընտանիքէն 2 կամ 3 սերունդներ: Ամէնէն տարիքոտ անդամները կ՛ապրին վարը, իսկ երիտասարդները` վերի յարկերը:

Յաճախ կարելի է նաեւ տեսնել այս շինութիւններուն վրայ, ինչպէս` գլխարկ մը գլխուն վրայ, տանիք-դարատափ մը: Այս տարածքը կը ծառայէ իբրեւ լուացքատուն, ուր կը լուացուին եւ կը փռուին լաթերը:

Հետաքրքրական Շինութիւններ

Սթաւքիրքը: Անիկա կը գտնուի Նորվեկիոյ մէկ գիւղին մէջ: Անիկա աշխարհի ամէնէն մեծ կանգուն փայտէ եկեղեցին է: Անիկա ամբողջովին շինուած է պալթեան շոճիի ծառի փայտով, 13-րդ դարուն:

Մինաքշիի տաճարը: Հնդկաստանի մէջ ներկայիս կանգնած Մինաքշիի տաճարը շինուած է 17-րդ դարուն, անոր շինութիւնը տեւած է 100 տարի, 1560-1660 թուականը: Անոր շրջափակը ունի նուազագոյնը 11 «Կօփուրամ»` աշտարակներ, որոնք կը ծառայեն նաեւ իբրեւ մուտք:

Տաճարը եւ աշտարակները զարդարուած են 33 հազար արձաններով: Այս հինտու տաճարը նուիրուած է Շիվայի կնոջ` Փարվաթիի:

Մանուէլ Խէա Կոնզալես հիւանդանոցը

Մեքսիքոյի մէջ 2013-ին շինուած այս հիւանդանոցը բնութիւնը յարգող կառուցուածք մըն է: Անիկա ծածկուած է 2500 քառ. մեթր թայթենիոմ տայոքսայտէ շինուած եւ ծակերով օժտուած խաւով մը:

Այս` «Փրոսոլվ 370-րդ» անունով ճանչցուած դրութիւնը շրջապատող օրական անցնող բազմաթիւ հազարաւոր ինքնաշարժներու ծուխը կը վերամշակէ եւ զայն կը փոխէ ջուրի եւ բնածխական կազի, որ նուազ վնասակար է:

Քասափուէպլօ: Անիկա սկիզբը եղած է արուեստագէտի մը համեստ տունը: Սակայն 36 տարիներու ընթացքին (1958-1994) նոր բաժիններ աւելցուած են անոր շուրջ, եւ ան ընդարձակուած է ժայռի մէջ փորագրուած տան մը նման` առանց ո՛չ մէկ յատկագիծի եւ ծրագրումի:

Այժմ անիկա վերածուած է շքեղ պանդոկի մը` ժայռին ծայրը թառած:

Հետաքրքրական

Կերպընկալը` Աղիւսի Փոխարէն

… Մինչ Քենիոյ մէջ ճարտարագէտ Նզամպի Մաթէ շինած է մեքենայ մը, որ կերպընկալի աւելցուկները կը վերածէ աղիւսաձեւ կոյտերու:

Ամէն օր անոր հաստատութիւնը կը շինէ 1500 կտորներ: Այս ձեւով ան կը վերամշակէ մածունի կերպընկալէ տուփերը, հինցած տաշտեր, ձէթի շիշեր…

Այս աղիւսաձեւ կտորները շատ աւելի թեթեւ են եւ նուազ սուղ, քան` աղիւսը:

Նզամպի Մաթէ կ՛ուզէ իր գիւտը բարելաւել աւելի մեծ թիւով կերպընկալ վերամշակելու համար: Անոր նպատակն է կարենալ այս կտորներով տուներ շինել:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել գանձին հասցնող ճամբան:
Կարմիրով շրջանակի մէջ առ այն առարկաները, որոնք գոյութիւն ունին վերի պատկերին մէջ, եւ ոչ` վարի պատկերին մէջ: Կապոյտով շրջանակի մէջ առ այն առարկաները, որոնք գոյութիւն ունին վարի պատկերին մէջ, եւ ոչ` վերի պատկերին մէջ:
Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր մանուկի տունը` գիտնալով, որ`
– Գէորգին տունը կը գտնուի Կալիին եւ Մարալին տան միջեւ:
– Ամէնէն բարձր տուները Կալիին եւ Գէորգին տուներն են:
– Արային տունը կը գտնուի Կալիին եւ Րաֆֆիին տուներուն միջեւ:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (3 Յունիս 2022)

Յաջորդը

Անդրադարձ. «Հայ Մ՛է, Որ Սպաններ Է Թուրք Մը…» (Թուրքիոյ Ի Շահ` Արեւմուտքին Ուղղակի Եւ Անուղղակի Քարոզչութիւնը Նորութիւն Չէ)

RelatedPosts

Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?