«ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՄԱՐԻ ՊԱՊԻԿԵԱՆ
ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ»
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը այսու կը յայտարարէ «Համազգայինի Մարի Պապիկեան կրթական հիմնադրամ»-ի ստեղծումը` նախաձեռնութեամբ Պապիկեան ընտանիքի անդամներուն, որոնք ի յիշատակ իրենց մօր եւ մեծ մօր` Մարի Ֆիլհաննէսեան-Պապիկեանի եւ ի պատիւ իր տարիներու ծառայութեան եւ վաստակին, ինչպէս եւ հայոց լեզուի եւ մշակոյթի ուսուցման մարզերուն մէջ իր ձգած ժառանգութեան, հիմնած են յատուկ կրթական հիմնադրամ մը, «Համազգայինի Մարի Պապիկեան կրթական հիմնադրամ» անունով:
Հիմնադրամին նպատակն է շարունակել հանգուցեալ Մարի Պապիկեանի կտակը` պահպանելով հայոց լեզուն ու ժառանգութիւնը եւ զարգացնելով հայ մշակոյթը հետեւեալ միջոցներով.
Ա) Օժանդակել Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան հետեւեալ ծրագիրներուն.
- Նիւթական նպաստներ տրամադրել Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան հայագիտական ծրագիրներուն մասնակցող անհատներու` որոնք կ՛ուզեն արեւմտահայերէն լեզուի, գրականութեան եւ պատմութեան մասնագէտ ուսուցիչներ ըլլալ:
- Նիւթական նպաստ հայթայթել Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան` արեւմտահայերէնի, գրականութեան եւ մանկավարժութեան ուսուցման նպաստող հրատարակութիւններու համար:
- Նիւթական նպաստ յատկացնել Համազգայինի Հալէպի հայագիտական հիմնարկին:
Բ) Օժանդակել Դամասկոսի հայկական դպրոցներ յաճախող աշակերտներուն.
- Կրթաթոշակ տրամադրել կարիքաւոր հայ աշակերտներու, որոնք կը յաճախեն Դամասկոսի հայկական Միացեալ վարժարանը: Աշակերտներու անունները կ՛առաջարկուին Միացեալ վարժարանի վարչութեան կողմէ:
- Սուրիահայ օգնութեան խաչի Դամասկոսի «էրեբունի» մասնաճիւղի աջակցութեամբ, մրցանակաբաշխութեան ծրագիր մը հաստատել, պարգեւատրելու այն հայ ուսանողները, որոնք գերազանց արդիւնքներ կ՛ապահովեն հայոց լեզուի եւ հայ գրականութեան դասանիւթերուն մէջ:
Վերոյիշեալ ծրագիրներու նիւթական նպաստներու բաշխումը կը կատարուի հետեւեալ առաջնահերթութեամբ եւ նշուած համապատասխան տարեկան գումարներով.
1.- Միացեալ վարժարան յաճախող հայ ուսանողներու կրթաթոշակ.
2.- «Էրեբունի» մասնաճիւղի մրցանակաբաշխութեան ծրագիր.
3.- Կեդրոնական վարչութեան հայագիտական ծրագիրներուն հետեւող ուսանողներու կրթաթոշակ.
4.- Համազգայինի Հալէպի հայագիտական հիմնարկ.
5.- «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գործունէութիւն.
«Համազգայինի Մարի Պապիկեան կրթական հիմնադրամ»-ի գործունէութիւնը կ՛իրականացուի համապատասխան Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային հիմնադրամի նպատակներուն, կանոններուն եւ պարտաւորութիւններուն: Աւելի՛ն, «համազգայինի Մարի Պապիկեան կրթական Հիմնադրամ»ը կը կառավարուի հիմնադրամի հոգաբարձու մարմինին միջոցով, որ կազմուած կ՛ըլլայ հինգ (5) անդամներէ` երեքը (3) նշանակուած Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ, իսկ երկուքը (2)` Պապիկեան ընտանիքին կողմէ:
Հոգաբարձու մարմինը կը կայացնէ հիմնադրամին հետ առնչուող անհրաժեշտ որոշումները եւ կը վերահսկէ անոր տարեկան գործունէութեան:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ
ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
26 մայիս 2022, Երեւան
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւնը կը գուժէ իր 1960-ի շրջանաւարտներէն
ԱՐՓԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ-ՏԷՅՎԻՍԻ
մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 7 մայիս 2022-ին, Միացեալ Նահանգներ
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՆՈՒՊԱՐ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 29 մայիս 2022-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
—————————————
ՄԱՅԻՍԵԱՆ ՏՈՂԱՆՑՔ
Հովանաւորութեամբ` ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Նախագահութեամբ` ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆԻՆ
Կազմակերպութեամբ ` ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ԿԻՐԱԿԻ, 29 ՄԱՅԻՍ 2022-ին,
կէսօրէ ետք ժամը 5:00ին,
Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ:
ՀՐԱՒԷՐ
—————————————
—————————————
Սիրելի՛ հայրենակիցներ եւ բարեկամներ.
1 յուլիս 2023-ին Հայ ազգային բուժարանը կը նշէ իր 100-ամեակը` ի սպաս մարդկութեան: Այս առիթով կազմակերպուելիք տօնակատարութիւնները եւ ձեռնարկները ձեզի պիտի տեղեկացնենք ատենին:
Մեր ծրագիրներէն մէկն է պատրաստել փաստածրար մը, որ ճշգրտօրէն պիտի պատմէ ազգային այս հաստատութեան 100-ամեայ պատմութիւնը: Ուստի, կը խնդրենք մեր բոլոր հայրենակիցներէն եւ բարեկամներէն, որոնք Բուժարանին վերաբերող որեւէ փաստաթուղթ կամ նկար ունին, կապ հաստատել մեզի հետ հետեւեալ հասցէով.
Սոյն փաստաթուղթերն ու նկարները պիտի նկարուին եւ վերադարձուին իրենց տէրերուն, իսկ անոնց օգտագործման պարագային աղբիւրը պիտի նշուի:
ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆԻ
—————————————
—————————————
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Տէր եւ տիկին դոկտ. Ճոն եւ Քէյթ Թոփալեան եւ տէր եւ տիկին Էտուար եւ Սիրան Դաւիթեան շնորհակալութիւն կը յայտնեն բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, ե-նամակով կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց եղբօր եւ հարազատին` ՅՈՎՍԷՓ ՄԿՐՏԻՉ ԹՕՓԱԼԵԱՆի մահուան սուգին:
—————————————
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան «Վարդուհի Տէկիրմէնճեան» խոհանոցին կատարուած է հետեւեալ նուիրատուութիւնը.
– Սասնոյ հայրենակցական միութիւն 10.000.000 լ. ո.