Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սումկայիթի Զոհերու Յիշատակին Հոգեհանգստեան Արարողութիւններ` Հայկական Բոլոր Եկեղեցիներուն Մէջ

February 27, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶՈՀԵՐՈՒՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ
ՊԱՇՏՕՆ ԵՒ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԻ ՁԵՌՆԱՐԿ`
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Նախաձեռնութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին, երէկ առտու Լիբանանի հայկական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցան հոգեհանգստեան եւ եկեղեցական արարողութիւններ ու պաշտամունքներ ի յիշատակ Սումկայիթի եղեռնագործութեան զոհ գացած հայորդիներու յիշատակին:

Նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, երէկ` կիրակի, 26 փետրուար 2012-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ յաւարտ Ս. պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` Սումկայիթի զոհերուն յիշատակին:

Այնուհետեւ վեհարանին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ոգեկոչման ձեռնարկ, որուն ընթացքին խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան: Ան նկատել տուաւ, որ 24 տարի առաջ` 1988-ին, Արցախի ժողովուրդը իր ձայնը բարձրացուց սեփական իրաւունքներուն ձեռքբերման եւ ազատութեան պաշտպանութեան համար` աւելցնելով, որ այդ ժամանակ ժողովուրդը ականատես եղաւ վայրագութիւններու եւ կոտորածներու ամէնէն դաժան երեւոյթներուն եւ տեղահանման քաղաքականութեան: Դեսպան Քոչարեան պատմական ակնարկ մը նետեց փետրուարէն մինչեւ մայիս 1988 տեւած վայրագ դէպքերուն, որոնք հայերուն նկատմամբ իրագործուեցան ազրպէյճանցիներուն կողմէ: Իր խօսքի աւարտին դեսպան Քոչարեան հաստատեց, որ ներկայիս Արցախի ժողովուրդը միշտ պատրաստ է պաշտպանելու իր եկեղեցիներն ու արժէքները, եւ հակառակ Արցախի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, երկրին մէջ հետզհետէ աւելի կը զարգանան մշակոյթը եւ տնտեսութիւնը:

Այնուհետեւ Արամ Ա. կաթողիկոս ներկաներուն իր պատգամը փոխանցելով նկատել տուաւ, որ անցնող օրերուն Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցած «Հայոց ցեղասպանութիւնը` ճանաչումէն հատուցում» նիւթով միջազգային համագումարին ընթացքին քննարկումներու ճամբով բոլոր ներկաները կարեւորութեամբ ընդգծեցին, որ 1915-ին տեղի ունեցած Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի` աւելցնելով, որ այս երեւոյթին շօշափելի արտայայտութիւնն է 24 տարի առաջ Սումկայիթի մէջ տեղի ունեցած ջարդը հայ ժողովուրդին դէմ` նոյն ցեղասպան թուրքին եղբայր ազրպէյճանցիին կողմէ: «Սումկայիթի ջարդը պարագայական երեւոյթ մը չէ», հաստատեց վեհափառը` աւելցնելով, որ հայ ժողովուրդը պէտք է ունենայ այն գիտակցութիւնն ու հասկացողութիւնը, որ օսմանեան Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը կը մնայ նոյնը: Ան շեշտեց, որ ժողովուրդը պէտք է միշտ յիշէ Սումկայիթի ջարդին զոհերը եւ իր ինքնագիտակցութեան մէջ արմատացնէ, թէ նոյն թուրքը տարբեր մօտեցումներով կը փորձէ հետապնդել նոյն քաղաքականութիւնը: «Բոլոր հայերը այսօր միասնաբար պահանջատէր են, եւ այս պահանջատիրութեան գիտակցութիւնը աւելի եւս պէտք է արմատանայ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ», շեշտեց վեհափառը` յորդորելով ներկաները, որ չմոռնան անցեալը եւ ապրին անցեալը ներկային մէջ:

Եզրափակելով իր խօսքը Արամ Ա. կաթողիկոս բարձր գնահատեց պուլկարացի լրագրող Ցվեթանա Փասքալեւայի կատարած աշխատանքը` «Ղարաբաղի վէրքերը» վաւերագրական ժապաւէնի պատրաստութիւնը: Առ ի երախտագիտութիւն, վեհափառը Փասքալեւայի յանձնեց «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը:

Եզրափակիչ խօսքով ելոյթ ունեցաւ Ցվեթանա Փասքալեւա, որ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. կաթողիկոսին: Ան ամփոփ կէտերու մէջ նկարագրեց իր հանդիպումը Ամենայն հայոց Վազգէն Ա. կաթողիկոսին հետ 1991-ին, երբ յատուկ առաքելութեամբ գացած էր Հայաստան` այցելելու Ղարաբաղ եւ մօտէն ծանօթանալու ժողովուրդի տառապանքներն ու դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Ան յայտնեց, որ պիտի շարունակէ իր աշխատանքը մինչեւ վերջ եւ համայն աշխարհին ցոյց տայ Արցախի մէջ տեղի ունեցած դէպքերն ու իրականութիւնները, որպէսզի աշխարհ կարենայ ճիշդ ձեւով դատել եւ համապատասխան արդար որոշումին յանգիլ Ղարաբաղի տագնապին գծով:

Նախորդը

«Ղարաբաղի Վէրքերը» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն. Արցախի Հայութիւնը Տակաւին Կը Սպասէ Արդարութեան

Յաջորդը

Մասնագիտական Եւ Իրաւական Քննարկումներ Կատարելէ Ետք «Հայոց Ցեղասպանութիւնը` Ճանաչումէն Հատուցում» Երկօրեայ Համագումարի Եզրափակիչ Նիստերը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.