Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ղարաբաղի Վէրքերը» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն. Արցախի Հայութիւնը Տակաւին Կը Սպասէ Արդարութեան

February 27, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան  100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին, երէկ` կիրակի, 26 փետրուարի երեկոյեան  ժամը 7:30-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան»  կեդրոնին մէջ ցուցադրուեցաւ «Ղարաբաղի Վէրքերը» վաւերագրական  ժապաւէնը, պատրաստուած`  պուլկարացի լրագրող  Ցվեթանա Փասքալեւայի կողմէ:

Անիթա Լիպիար

Ներկայութեամբ հայ յարանուանութիւններու հոգեւոր պետերուն, պետական պաշտօնատարներու, ազգային իշխանութիւններու մարմիններու, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու, մշակութային, բարեսիրական եւ մարմնակրթական միութիւններու ներկայացուցիչներուն, Լիբանանի մէջ պապական նուիրակին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանին, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչին եւ տարբեր դեսպանութիւններ ներկայացնող անձնաւորութիւններու տեղի ունեցած այս ձեռնարկին բացումը կատարեց Անիթա Լիպիար: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու  ունկնդրութենէն ետք արտասանած  իր ողջոյնի խօսքին մէջ Անիթա Լիպիար հակիրճ ձեւով թուեց 1991-ին  Լեռնային Ղարաբաղի  Հանրապետութեան հռչակումը  կանխած անկիւնադարձային դէպքերը: Ապա ան սեղմ գիծերու մէջ  ներկայացուց պուլկարացի լրագրող, շարժապատկերի արտադրող  Ցվեթանա Փասքալեւայի կենսագրականը:

Անիթա Լիպիար մէջբերեց Սումկայիթի զոհերու  յիշատակին երէկ առաւօտ Արամ Ա. կաթողիկոսի Փասքալեւայի ուղղած  գնահատական խօսքը, թէ` «կա՞յ արդեօք հայ մը, որ չի  գնահատեր ձեր աշխատանքը»: Փասքալեւա բազմաթիւ առիթներով  պարգեւատրուած է հայկական թէ միջազգային ղեկավար մարմիններու կողմէ:

Ցվեթանա Փասքալեւա

Իր կարգին, Ցվեթանա Փասքալեւա խօսք առնելով յայտնեց, որ այսօր (երէկ) յատուկ օր մըն էր իրեն համար: «Շատ լսած եմ սփիւռքահայութեան, յատկապէս` լիբանանահայութեան եւ Պէյրութի մասին եւ այսօր ուրախ եմ, որ ձեզի հետ եմ: Ես ականատես եղայ Ղարաբաղի հերոսական կռիւներուն, մօտէն ծանօթացայ այդ խաղաղ ու հայրենասէր արի ժողովուրդին: Դուք  միշտ յիշեցէք Ղարաբաղի հայութիւնը եւ հպարտ եղէք անոնցմով», յայտնեց ան: «Այսօր Ղարաբաղի ժողովուրդը տակաւին կը սպասէ արդարութեան իրագործման», շարունակեց ան` թելադրելով, որ հայութիւնը ամէնուրեք յիշէ Ղարաբաղի քաջարի ժողովուրդը, որ կամաւորներէ կազմուած փոքր խումբերէն կազմեց Ղարաբաղի, հայրենիքի պաշտպանութեան հզօր բանակ մը: «Ասիկա քարոզչութեան յատուկ առեւտրական ժապաւէն չէ,  այլ` իրական կեանքէ առնուած իսկական հերոսապատում», ընդգծեց Փասքալեւա:

Աւելի քան մէկ ժամ տեւող Ղարաբաղի հերոսամարտին յատուկ այս վաւերագրական ժապաւէնը, արդէն իսկ շրջանառութեան մէջ է վեց լեզուներով: Անիկա կ՛անդրադառնայ 1992-ին  Շահումեանի եւ Մարտակերտի դէպքերուն` հասնելով մինչեւ 1993 ու ապա` 1994-ի զինադուլը: Կ՛ընդգրկէ առաւելաբար յուզիչ, բայց ոգեւորիչ  պատկերներ, յատկապէս երբ Ղարաբաղի 14-ամեայ պատանին իր տարեդարձին օրը փոխան տօնելու` կ՛ուխտէ  հայրենիքի պաշտպան  զինուոր դառնալ երբ մեծնայ:

Դիտելով ժապաւէնը` ներկաները գէթ հոգւով  ապրեցան Արցախի հերոսամարտին օրհասական պահերը` տեսնելով Գէորգ Չաւուշներու, Աղբիւր Սերոբներու ժառանգորդ` մերօրեայ նահատակ   ֆետայիներ` Աշոտ Ղուլեանի, Մերուժան  Մոսիեանի, Նորիկ Դանիէլեանի, Սամուէլ  Բաբայեանի եւ ուրիշ բազմաթիւ հերոսներու  սխրագործութիւնները:

Փասքալեւայի այս ժապաւէնը կրկնակի պատգամ մըն է , թէ` հայրենի  Արցախը տակաւին պէտք ունի ու կը սպասէ հայութեան, համայն հայութեան զօրակցութեան: Անիկա նաեւ պատգամ մըն է միջազգային հանրային կարծիքին, թէ` Արցախի հայութիւնը տակաւին կը սպասէ իր անկախութեան ճանաչման ու արդարութեան իրագործման:

Աւարտին, նախքան հիւրասիրութիւն կատարուիլը, ծափերու տարափին  տակ ծաղկեփունջով ողջունուեցաւ Փասքալեւա:

Նախորդը

Վարդան Պատալեանի Եւ Աննա Խաչատրեանի Հայաշունչ Երգահանդէս

Յաջորդը

Սումկայիթի Զոհերու Յիշատակին Հոգեհանգստեան Արարողութիւններ` Հայկական Բոլոր Եկեղեցիներուն Մէջ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.