Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եկէք, Թաղենք Մեր Մեղքերը Եւ Մօտենանք Աստուծոյ» Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ

April 19, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քրիստոսի Թաղման Կարգը Մեծաշուք Հանդիսութեամբ
Կատարուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Աւագ Ուրբաթ, 15 ապրիլ 2022-ին, առաւօտեան ժամերէն սկսեալ, բազմաթիւ ուխտաւորներ` Անթիլիասի մայրավանք գալով, ծաղիկներ ընծայեցին եկեղեցւոյ դասին մէջ զետեղուած Յիսուսի դագաղին, իսկ երեկոյեան` միացան դարերու ընթացքին մեր հայրերէն մեզի հասած յուզումնախառն շարականներով, մեղեդիներով եւ աղօթքներով շաղախուած Թաղման Կարգին, որուն կը նախագահէր Ս. Աթոռոյս գահակալ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը:

Արարողութեան ընթացքին կաթողիկոսը փոխանցեց օրուան պատգամը: Վեհափառ հայրապետը հաւատացեալներուն վերյիշեցուց Աւագ Ուրբաթ օրուան խորհուրդը` վկայակոչելով Պետրոս առաքեալի ընդհանրական առաջին թուղթին մէջ նորադարձ քրիստոնեաներու ուղղած խօսքը, ուր կ՛ըսէ անոնց, որ Աստուծոյ Որդին մեղաւորներուս համար չարչարուեցաւ եւ խաչուեցաւ, որպէսզի մեզ Աստուծոյ մօտեցնէ: Հայրապետը ըսաւ, որ Առաքեալի խօսքին մէջ խտացած է ո՛չ միայն Քրիստոսի չարչարանքին ու թաղման իմաստը, այլ նաեւ` Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղացման խորհուրդը: Աստուծոյ Որդին աշխարհ եկած էր նպատակի մը համար: Պատահական չէր Անոր էջքը` երկինքէն երկիր: Ան եկած էր աշխարհ, որպէսզի մեղքին մէջ խրուած, Աստուծմէ հեռացած մարդը մօտեցնէ Աստուծոյ եւ մարդուն ցոյց տայ փրկութեան ճանապարհը: Վեհափառ հայրապետը դիտել տուաւ, որ Աստուած մարդը Իր պատկերին համաձայն ստեղծած եւ անոր բանականութիւն տուած էր, որպէսզի ան այս աշխարհին վրայ շարունակէ Իր գործը` առաւել հարստացնելով զայն, այնուամենայնիւ հսկայ պատասխանատուութեան կոչուած մարդը մերժեց Աստուծոյ կողմէ իրեն տրուած երկնային շնորհքը եւ իր կեանքը դարձուց մարդակեդրոն: Հայրապետը պատգամին մէջ շեշտեց, որ Աստուած սիրեց մարդը ու բնաւ չհեռացաւ անկէ, այլ միշտ փորձեց մարդուն մօտենալ, ուստի Իր Որդին ղրկեց, որպէսզի մարդը վերադարձնէ Աստուծոյ. Առաքեալին բառերով` հաշտեցնէ Աստուծոյ հետ: Քրիստոս Իր արիւնը թափեց, որպէսզի մարդը մօտեցնէ, հաշտեցնէ Աստուծոյ հետ. ահաւասիկ Քրիստոսի առաքելութեան նպատակը, ընդգծեց վեհափառ հայրապետը` աւելցնելով, որ մարդկային պատմութեան մէջ մեծ իրագործումները կը կատարուին հաւատքով, նուիրումով, պայքարով, խաչով, նոյնիսկ` արեամբ ու նահատակութեամբ:

Արամ Ա. կաթողիկոս իր պատգամին մէջ երկու կարեւոր շեշտադրումներ կատարելով յորդորեց հաւատացեալները թաղելու իրենց մեղքերը եւ ապա վերադառնալու Աստուծոյ: Ան ըսաւ, որ Քրիստոս Իր արեամբ եւ խաչով մեր առջեւ բացաւ փրկութեան տանող ճամբան եւ այդ ճամբէն մենք կոչուած ենք քալելու: Փրկութեան տանող ճամբան դիւրին եւ ծաղկաւէտ ճամբայ չէ, իսկ մենք` անկատարներս, մեղանչական բնութիւն ունինք եւ պէտք է գիտակցինք, թէ մեղքեր կը գործենք, եւ այսօր, Քրիստոսի թաղման օրը, առիթ է բոլորիս համար, մեր մեղքերը Քրիստոսի գերեզմանին մէջ թաղելու, եզրափակեց հայրապետը իր պատգամը:

Արարողութեան աւարտին, վեհափառ հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դարաւոր գանձերուն մաս կազմող եւ Քրիստոսի Խաչափայտի մասունքը կրող գեղարդաձեւ խաչով օրհնեց հաւատացեալ ժողովուրդը, որմէ ետք հաւատացեալներ խոնարհեցան Քրիստոսի գերեզմանին առջեւ եւ զայն զարդարող ծաղիկներէն առնելով տարին իրենց տուները` իբրեւ օրհնութիւն:

Նախորդը

Ոտնլուայի Հոգեպարար Արարողութիւնը Կայացաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Յաջորդը

Ոտնլուայի Հանդիսաւոր Արարողութիւն Եւ Յիսուսի Թաղման Թափօր

RelatedPosts

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Գաղութային

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

October 22, 2026
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ը Բացաւ Իր 2026-2027 Կրթական Տարեշրջանը
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ը Բացաւ Իր 2026-2027 Կրթական Տարեշրջանը

October 22, 2026
«Սնունդի Հասանելիութիւն Եւ Խաղաղ Համակեցութիւն» Խորագիրով Ծրագիրի Աւարտին Նուիրուած Ձեռնարկ «Գարակէօզեան» Հաստատութեան Մէջ
Գաղութային

«Սնունդի Հասանելիութիւն Եւ Խաղաղ Համակեցութիւն» Խորագիրով Ծրագիրի Աւարտին Նուիրուած Ձեռնարկ «Գարակէօզեան» Հաստատութեան Մէջ

October 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.