Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ոտնլուայի Հոգեպարար Արարողութիւնը Կայացաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

April 19, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Աւագ Հինգշաբթի, 14 ապրիլ 2022-ի երեկոյեան, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ կարգ ոտնլուայի: Վեհափառը, հետեւելով Քրիստոսի օրինակին, ղենջակ կապած ծունկի գալով լուաց Յիսուսի տասներկու աշակերտները խորհրդանշող միաբան հայրերուն եւ դպրեվանքի սաներուն ոտքերը: Յիշեալ խորհրդալից արարողութենէն ետք հայրապետը հաւատացեալներուն ուղղեց իր հայրապետական պատգամը` առանցք ունենալով քրիստոնէական հաւատքի էութիւնը կազմող սէրը: Վեհափառ հայրապետը դիտել տուաւ, որ ոտնլուայի արարողութեան ընթացքին ընթերցուած աղօթքներուն եւ երգուած շարականներուն մէջ կը շեշտուի սիրոյ հրամայականը, իսկ սէրը տեսութիւն մը չէ, այլ կեանք է: Ան շեշտեց, որ Աստուած սէր է, եւ սէրը Աստուած է: Աստուած սէրէն մղուած ստեղծեց տիեզերքը, մարդը եւ Իր Միածին Որդին ղրկեց աշխարհ, նշեց ան` շարունակելով, որ Աստուծոյ Որդին նոյն սէրէն մղուած խաչ բարձրացաւ, որպէսզի Աստուծմէ հեռացած եւ սէրը ատելութեան վերածած մարդը փրկէ: Արամ Ա. կաթողիկոս յայտնեց, թէ Աստուած Ի՛նք սիրեց մարդը եւ Ի՛նք մօտեցաւ մարդուն, եւ ըսաւ` ուր Աստուած կայ, հոն սէր կայ, իսկ հոն, ուր Աստուած չկայ` ատելութիւն, թշնամանք ու խաւար կը տիրէ:

 Ապա, վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ ոտնլուայի արարողութիւնը յիշեցում մըն է մեր բոլոր զաւակներուն` Հայաստանի, Արցախի, Լիբանանի եւ սփիւռս աշխարհի, որ որպէս քրիստոնէութիւնը պետական կրօնք ընդունած առաջին ժողովուրդ կոչուած ենք ամէն բանէ աւելի ու առաջ սէրը մեր կեանքին մէջ գործնապէս թարգմանելու: Փաստօրէն, ներկայիս կը բացակայի սէրը մեր կեանքէն. ուստի, կոչուած ենք հայ կեանքին մէջ ամէն տեղ զիրար սիրելու եւ մեր կեանքէն հեռու պահելու ամէն տեսակ երեւոյթ, արարք, յարաբերութիւն եւ կեցուածք, որ ատելութիւն եւ թշնամանք կը սերմանէ: Ան խրախուսեց մեր ժողովուրդի զաւակները` ըսելով, որ այսօր անգամ մը եւս Քրիստոս կը պատգամէ մեզի.- սիրեցէ՛ք զիրար: Եթէ մենք չսիրենք զիրար ներկայ փոթորկալից աշխարհին մէջ, մեր հայրենիքին, Արցախին, սփիւռքին, մեր ողջ ազգին կեանքը պիտի լեցուի ահաւոր փոթորիկներով, մեր կեանքի ճամբան պիտի լեցուի խաւարով եւ ահաւոր անորոշութիւններով:

Իր պատգամի աւարտին, հայրապետը հրաւիրեց լսելու Քրիստոսի պատգամը, ինչպէս լսեցին մեր հայրերը եւ ամէն անգամ, որ մեր հայրերը, պատմութեան ընթացքին, լսեցին Քրիստոսի պատգամը, սիրով պայծառացաւ Հայաստանի երկինքը, երկնային շնորհներով եւ պարգեւներով լեցուեցաւ մեր կեանքը. իսկ ամէն անգամ, որ հեռու մնացինք Աստուծոյ մեզի տուած սիրոյ պատուիրանէն` մեր կեանքը լեցուեցաւ ահաւոր փոթորիկներով:

 

Նախորդը

«Այն Երկիրներուն Մէջ, Ուր Կը Կատարուի Հայկական Յուշարձաններու Միտումնաւոր Աւերներ, Մեր Կոթողներուն Պահպանութիւնը, Այս Պահուն, Կարելի Է Կատարել Թուղթի Վրայ` Լուսանկարելով, Չափագրելով Եւ Տեղորոշելով» Կ՛ըսէ Րաֆֆի Քորթոշեան

Յաջորդը

«Եկէք, Թաղենք Մեր Մեղքերը Եւ Մօտենանք Աստուծոյ» Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ

RelatedPosts

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Գաղութային

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

October 22, 2026
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ը Բացաւ Իր 2026-2027 Կրթական Տարեշրջանը
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ը Բացաւ Իր 2026-2027 Կրթական Տարեշրջանը

October 22, 2026
«Սնունդի Հասանելիութիւն Եւ Խաղաղ Համակեցութիւն» Խորագիրով Ծրագիրի Աւարտին Նուիրուած Ձեռնարկ «Գարակէօզեան» Հաստատութեան Մէջ
Գաղութային

«Սնունդի Հասանելիութիւն Եւ Խաղաղ Համակեցութիւն» Խորագիրով Ծրագիրի Աւարտին Նուիրուած Ձեռնարկ «Գարակէօզեան» Հաստատութեան Մէջ

October 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.