Հինգշաբթի, 14 ապրիլ 2022-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի հանդիսաւոր արարողութիւն, զոր կատարեց Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան` Քրիստոսի օրինակին հետեւելով:
Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ Ոտնլուայի արարողութեան հոգեպարար այս մթնոլորտին մէջ վերաքաղի կ՛ենթարկենք Աւետարանով մեզի փոխանցուած վերջին ընթրիքի մասին այն բոլոր տեղեկութիւնները, որոնք վստահաբար աշխարհին մէջ քրիստոնէական մեր կեանքին համար ցուցանիշներ կը պարունակեն: Ան նկատել տուաւ, թէ երբ Քրիստոս իր աշակերտներուն ոտքերը լուաց, հարց տուաւ անոնց. «Դուք գիտէ՞ք ինչ ըրի այսօր: Ձեզի նոր պատուիրան մը տուի: Այնպէս, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, դուք ալ զիրար սիրեցէք, ինչպէս ես ձեր ոտքերը լուացի, դուք ալ իրարու ոտքերը լուացէք, այլ խօսքով` ինչպէս որ ես ձեզ ծառայեցի, դուք ալ իրարու ծառայեցէք»:
Շարունակելով իր խօսքը` Շահէ արք. յայտնեց, թէ այսօր մեր եկեղեցիներուն մէջ այս մտածումները կ՛արձագանգեն, որպէսզի իւրաքանչիւրս մեր խիղճին մէջ անդրադառնանք, թէ որքա՛ն հեռու ենք Տիրոջ պատուիրաններէն, եւ հարց տանք, թէ արդեօք մենք գիտե՞նք, թէ ի՛նչ ըրաւ մեր Տէրը մեզի համար: Արդեօք մենք իր խոնարհութեան տիպարէն օրինակ առի՞նք, մարդասիրութեան ծառայութեան համար իր կատարած թելադրութիւնը տեղ գտա՞ւ մեր սրտերուն մէջ եւ կամ կը կարծե՞նք, թէ Քրիստոսի խօսքերը միայն կը պատկանին եւ կը վերաբերին իր աշակերտներուն, առաքեալներուն, որոնք սեղանակից էին իրեն: Ո՞ւր ենք մենք ընդհանուր այդ տեսարանին մէջ, որովհետեւ, թէեւ մեր Տէրը մարմնապէս մէկ անգամ յայտնուեցաւ աշխարհի մէջ, սակայն կը շարունակէ ապրիլ մեզի, հետ, քալել մեզի հետ, տագնապիլ մեզի հետ, այս աշխարհի դժուարութիւնները դիմագրաւել մեզի հետ, որպէսզի մեզ առաջնորդէ անշեղ ճամբաներէ` տանելու համար իր աստուածային փառքին, բայց հոն կարենալ հասնելու համար նախ պէտք է հասկնանք, թէ ի՞նչ ըրաւ մեզի համար մեր Տէրը աշխարհ գալով, որքա՞ն բան զոհեց, ինքզինք զոհագործեց, որքա՞ն սիրեց մարդը, որպէսզի անոր փրկութեան համար նաեւ կարենար իր կեանքը խաչի մահով կնքել եւ արդեօք այս բոլորը մեր կեանքին վրայ կ՛ազդե՞ն կամ կը շարունակե՞նք մեր կեանքին ընթացքը այնպէս, ինչպէս որ մեր ընկերութիւնը կը թելադրէ եւ մեր ընկերութիւնը կ՛ազդէ մեր վրան:
«Սիրելի՛ հաւատացեալներ, տեղ մը, բանով մը մենք պէտք է տարբերինք աշխարհէն, եւ ինչո՞վ մենք կրնանք Քրիստոսի աշակերտը նկատուիլ, եթէ չենք կրնար զիրար սիրել, զիրար պաշտպանել, օգնութեան հասնիլ իրարու, կեանքին մէջ իրար բարձրացնել եւ այդ ձեւով վտանգը հեռացնել մեզմէ ու քալել այն ճամբայէն, որուն ցուցանիշը եղաւ Քրիստոս», հաստատեց սրբազանը` յորդորելով տարեց սերունդի զաւակները իրենց ապրելակերպին ընդմէջէն ճանչցնել մեր Տէրը նոր սերունդին, որպէսզի իրենք եւս` լսելով Աւետարանի ճշմարտութիւնները, իրենց կեանքի ընթացքը զետեղեն ճշմարիտ եւ անսայթաք ուղիներու վրայ:
Սրբազան հայրը կոչ ուղղեց հաւատացեալ ժողովուրդին` Աւագ շաբթուան օրերուն ընթացքին վերատեսութեան ենթարկելու իրարու հանդէպ ունեցած պարտականութիւնները: «Դժուար ժամանակներէ կ՛անցնինք, եւ կարծէք ամէն մարդ ինքզինք պաշտպանելով մոռցած է իր եղբայրը, իր դրացին, իր ծնողքը: Այսօր մեր Տէրը հակառակը կը պատգամէ մեզի: Ան կ՛ըսէ` զիրար սիրեցէ՛ք, զիրար պաշտպանեցէ՛ք, իրարու ծառայեցէ՛ք եւ այդ ձեւով եղէք Քրիստոսի համայնքին անդամները, որոնք իրենց յոյսը կապած են Աստուծոյ, եւ այն ատեն երեւելի պիտի ըլլաք աշխարհի աչքին, եւ ամէն մարդ պիտի ճանչնայ, թէ դուք Քրիստոսի հետեւորդներն ու աշակերտներն էք», եզրափակեց սրբազան հայրը:
Թափօր` Պուրճ Համուտի Մէջ
Աւագ ուրբաթ, 15 ապրիլ 2022-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Յիսուս Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան եւ թաղման յիշատակին սրբազան արարողութիւն կատարուեցաւ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ: Եկեղեցական արարողութեան հանդիսապետեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան:
Սրբազանը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ Քրիստոս չարժանացաւ թաղումի, որովհետեւ ոչ ոք կը նախատեսէր, որ Ան այդպէս արագօրէն կրնայ հրաժեշտ առնել աշխարհէն` աւելցնելով, որ այդ պատճառով Ան երկրի վրայ իր սեփական գերեզմանը չունէր, բայց իր թաղման առիթով արժանացաւ իշխանավայել պատիւի: Սրբազան հայրը անդրադարձաւ այն իրողութեան, թէ ինչպէ՛ս երբ Քրիստոս խաչին վրայ իր հոգին աւանդեց, երկու հրեայ իշխանաւորներ, որոնք գաղտնաբար թէ՛ կը համակրէին, եւ թէ կ՛աշակերտէին Յիսուսի, իրարու հետ համաձայնելով կազմակերպեցին թաղման կարգ մը, այն ինչ որ կարելի էր տուեալ պայմաններու մէջ: Սրբազանը նկատել տուաւ, որ Քրիստոսի գերեզմանը հետագային ուխտաւորներու հաւատքով եւ աղօթքով վերածուեցաւ ուխտավայրի: «Ուխտատեղիները պատահականօրէն ու դիպուածով չեն շինուիր: Անոր կեանքին շունչ տուողը Աստուծոյ զօրութիւնն է ու ժողովուրդին հաւատքը: Անկասկած Աստուած է հրաշագործողը, որ իր փառաբանութեան համար յատկացուած սրբավայրերը կը վերածէ մեր կեանքէն ներս նորոգութեան պայմաններ ստեղծող կայաններու: Եւ վստահաբար բոլոր անոնք, որոնք կը հաւատան գիտեն, թէ Աստուծոյ հետ հանդիպումը եւ անոր զօրութիւնը նոյնիսկ դիակներն ալ կրնայ վերակազդուրել եւ կեանքին վերադարձնել», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ անկասկած այդ հաւատքն է, որ մեզ կը հաւաքէ այս սրբարանին մէջ, որպէսզի մեր հոգիին նայուածքը ուղղելով դէպի Քրիստոսի գերեզմանը, մեր կեանքին համար մենք ալ ոգեւորուինք եւ մեր մասնակցութեամբ նաեւ ոգեւորենք մեր եկեղեցին: Շարունակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը յայտնեց, որ մենք մեր հաւատքով, մեր նուիրումով, ազգին ու եկեղեցւոյ կեանքին բերած մեր սեփական մասնակցութեամբ, պէտք չէ առիթ տանք, որ ներկայ քաոսային պայմաններուն մէջ մեր ժողովուրդը կորսնցնէ իր հոգիին անդորրը եւ մահուան երկիւղը պատէ մեր հաւաքական կեանքը: Առաջնորդը նկատել տուաւ, որ պայմաններու բերումով մենք կրնանք տկարանալ եւ ճամբէն շեղիլ, սակայն պէտք է զգուշ ըլլանք, որպէսզի չկորսուին մեր պաշտած սրբութիւնները եւ մեր ժողովուրդին իւրայատուկ արժէքները չմոռցուին: Սրբազան հայրը ըսաւ, որ ներկայիս մեր ընկերութեան մէջ բաւական շեղումներ կան, եւ ոմանք հեռացած են աւանդութիւններէն` կորսնցնելով ազգին իղձերը, սակայն կայ տակաւին մեր հաւատաւոր եւ աւանդապահ ժողովուրդը, կան հաւատքով ու ծառայութեամբ պատնէշի վրայ մնացողներ, որոնք` մեր եկեղեցին ուխտավայրի վերածած, զայն կը պաշտպանեն եւ վճռակամութեամբ ալ իրենց աշխատանքով ու ծառայութեամբ կը պահեն մեր ազգային կեանքը:
Յետ եկեղեցական արարողութեան կազմուեցաւ թափօրը, որ, առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, գլխաւորութեամբ սրբազան հօր, մասնակցութեամբ քահանայից դասուն, դպրաց դասին, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներու, Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեանի, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն ու ժողովուրդին շրջեցաւ Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ: