Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կը Նախատեսուի Մաքրոնի Եւ Ֆրանսահայ Համայնքի Ներկայացուցիչներու Հանդիպումը

April 14, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ կ՛ակնկալուի, որ Ֆրանսայի գործող նախագահ եւ նախագահական թեկնածու Էմանուէլ Մաքրոնը հայ համայնքին  ներկայացնէ յառաջիկայ հինգ տարիներու համար իր առաջարկները:

«Էմանուէլ Մաքրոնի հետ կապը, աշխատանքը շարունակական է: Ան միշտ ներկայ կ՛ըլլայ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի տարեկան ընթրիքին, ապրիլ 24-ի ձեռնարկներուն: Տարուան ընթացքին անոր, անոր աշխատանքային խմբակին, նախարարներու հետ հանդիպումներ կ՛ըլլան: Նոյնիսկ եթէ դժգոհութիւններ ունենանք, ապա հանրային հարթակին վրայ կը ներկայացնենք, օրինակ` 44-օրեայ պատերազմի առնչուած այն իրականութիւնը, որ Ֆրանսան Ազրպէյճանին զէնք վաճառած է:

«Դատապարտած ենք, այդ մասին խօսած ենք նախագահ Մաքրոնի հետ: Կարեւոր է յիշեցնել, որ Ֆրանսայի` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին մէջ իբրեւ համանախագահ երկիր ներկայութիւնը կարեւոր է: Նոյնիսկ, եթէ Ուքրանիոյ պատերազմը քիչ մը կը խանգարէ կամ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն միջեւ հարցեր կան, միեւնոյնն է, պէտք է քաջալերենք, որ Ֆրանսան շարունակէ իբրեւ համանախագահ երկիր իր գործը», ըսաւ Մուրատ Փափազեան:

Անդրադառնալով նախագահական ընտրութիւններու 2-րդ փուլ անցած միւս թեկնածուին` Ազգային ճակատ ծայրայեղ աջակողմեան կուսակցութեան ղեկավար Մարին Լը Փենին, Փափազեան նշեց, որ անոր հետ երբեք որեւէ յարաբերութիւն չեն ունեցած, որովհետեւ միշտ մերժած են ծայրայեղ աջակողմեաններու հետ որեւէ համագործակցութիւն:

«Մենք չենք կրնար երեւակայել, որ Մարին Լը Փենին քուէ տրուի: Ծայրայեղ աջը միշտ կը մերժենք: Անոնք վտանգաւոր քաղաքականութիւն կ՛առաջարկեն: Ֆրանսայի համար ծայրայեղ աջ նախագահ ունենալը խնդիր պիտի ըլլայ, շատ լուրջ պիտի թուլացնէ միջազգային ասպարէզին մէջ մեր դիրքերը: Մարին Լը Փենը մեզի համար այլընտրանք չէ», ըսաւ Մուրատ Փափազեան:

Յիշեցնենք, որ նախագահական ընտրութիւններուն 2-րդ փուլը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 24 ապրիլին: 10 ապրիլին տեղի ունեցած ընտրութեան առաջին փուլին առաջին երկու դիրքերը գրաւած էին գործող նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը, որ ստացած էր քուէներու 27,8 առ հարիւրը, եւ Ազգային ճակատ կուսակցութեան ղեկավար Մարին Լը Փենը, որ ստացած էր քուէներուն 23,1 առ հարիւրը:

 

Նախորդը

Պայրամով Կարեւոր Կը Նկատէ Ազրպէյճանի «5 Առաջարկներու `Հայաստանի Կողմէ Ընդունումը»

Յաջորդը

«Մենք Անձամբ Լուծած Ենք Տագնապը, Մինսքի Խմբակի 28-ամեայ Աշխատանքի Արդիւնքը Զերօ Է» Կ՛ըսէ Ալիեւ

RelatedPosts

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.