Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արայիկ Յարութիւնեան. «Արցախի Իշխանութիւնները Պիտի Չհրաժարին Ժողովուրդներու Ինքնորոշման Իրաւունքի Իրագործման Պայքարէն»

April 14, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` չորեքշաբթի, 13 ապրիլին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան հրաւիրեց աշխատանքային հրատապ խորհրդակցութեան, որուն մասնակցեցան խորհրդարանական ուժերու ներկայացուցիչները, արտաքին գործոց նախարարը եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի նախագահի աշխատակազմը:

Նախագահը նշեց, որ հանդիպումը կը կայանայ Արցախի մէջ գործող շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին ներկայացուած պահանջով, քանի որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ 13 ապրիլին Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ Արցախի կարգավիճակի նշաձողը իջեցնելու վերաբերեալ կատարուած յայտարարութիւնը հանրութեան մօտ լուրջ մտահոգութիւններու տուն տուած է:

«Մեր հանրութիւնը շատ յստակ պահանջներ կը ներկայացնէ, որոնց պէտք է ընդառաջ երթանք` կազմակերպելով շահագրգիռ ու բազմակողմանի քննարկումներ», յայտնեց նախագահ Յարութիւնեան:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ արտաքին մարտահրաւէրներուն վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ:

Մինչ այդ, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները նախագահ Յարութիւնեանի հետ հանդիպումին իրենց վրդովմունքը յայտնեցին Հայաստանի վարչապետին կատարած յայտարարութեան առնչութեամբ` պահանջելով, որ Արցախի իշխանութիւնը խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերուն հետ հանդէս գայ միասնական ու յստակ քաղաքական դիրքորոշումով:

Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան շեշտեց, որ Արցախի իշխանութիւնները որեւէ պարագայի պիտի չհրաժարին ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի իրագործման պայքարէն` խոստանալով կատարել հասարակական դաշտի ներկայացուցիչներուն պահանջը:

Այդ հանդիպումներէն առաջ կատարած յայտարարութեան մը ընթացքին Արցախի նախագահը անընդունելի նկատեց Արցախի կարգավիճակին վերաբերեալ Ազրպէյճանի առաջարկները:

«Մենք կը հասկնանք, որ պէտք է ապրինք դրացնութեամբ, բայց ենթակայութիւնը կարելի չէ, ատիկա անթոյլատրելի է: Տարբերակը, որով մենք պէտք է առաջնորդուինք` սթաթիւս քոն պահպանելն է, ինչպէս ռուսերը կ՛ըսեն: Ռուս խաղաղապահ ուժերը պիտի շարունակեն մնալ այստեղ անժամկէտ, քանի որ անոնք եկած են այստեղ իբրեւ Արցախի մէջ ապրող հայ բնակչութեան անվտանգութեան երաշխաւոր:

«Շարունակել ապրիլ այստեղ` ունենալով տէ ֆաքթօ անկախութիւն, ձգտելով տէ ժիւրէ հետագայ փոփոխութեան, ատիկա կրնայ ըլլալ անկախութիւն, ատիկա կրնայ ըլլալ Հայաստանի հետ միացում, որ քիչ հաւանական կը նկատեմ, բայց ատիկա կրնայ ըլլալ նաեւ Ռուսիոյ հետ ինչ որ յարաբերութիւններ ուղղակի ուղղահայեաց տեսքով», նշեց նախագահ Յարութիւնեան:

 

 

 

Նախորդը

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

Իշխան Սաղաթէլեան. «Նիկոլը Ազգային Ժողովի Ամպիոնէն Փաստացի Յայտնեց Արցախը Ազրպէյճանին Ամբողջովին Յանձնելու Իր Մտադրութեան Մասին»

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.