Երէկ` կիրակի, 10 ապրիլ 2022-ին, Ծաղկազարդի տօնին առիթով Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան:
Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր պատգամին մէջ առաջնորդ սրբազանը փառք տուաւ Աստուծոյ‚ որ տագնապներով լեցուն մեր կեանքին մէջ դարձեալ առիթ տուաւ մեր եկեղեցիներուն մէջ նշելու Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի դրուագը: Սրբազան հայրը, անդրադառնալով յիշեալ դրուագին, պատմական ակնարկ մը նետեց‚ թէ ինչպէ՛ս ժողովուրդը դիմաւորեց Քրիստոսը‚ որ մուտք գործեց Երուսաղէմ աւանակի մը վրայ նստած:
Առաջնորդ սրբազանը բացատրեց‚ որ «Ովսաննա» բառը փառաբանութեան արտայայտութիւն մը ըլլալէ աւելի կը նշանակէ` փրկէ՛ մեզ Տէր‚ ազատէ՛ մեզ Տէր այժմ մեր կեանքի պայմաններուն մէջ‚ այլ խօսքով` մեզ դուրս բե՛ր մեր ապրած տագնապներէն եւ մեզ տա՛ր քու հայրական խնամքիդ ու հոգածութեանդ‚ ձերբազատէ՛ մեզ բոլոր այն երեւոյթներէն‚ որոնք կը քայքայեն մեզ, ու պարուրէ՛ մեզ քու հայրական սիրովդ:
Շարունակելով իր պատգամը` առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ‚ որ կը գտնուինք Աւագ շաբթուան սեմին եւ տենդագին կը պատրաստուինք մեր կեանքին մէջ դիմաւորելու այն Փրկիչը‚ զոր Աստուած աշխարհին պարգեւեց, եւ անոր դիմաց պարտինք կանգնիլ հաւատքի կեցուածքով: Սրբազան հայրը ըսաւ‚ որ չի բաւեր Ծաղկազարդի տօնին առիթով պատմութիւնը վերաքաղի ենթարկել: Չի բաւեր յիշել մեր Տիրոջ յաղթական մուտքը Երուսաղէմ‚ այլ` այս առիթով պէտք է որդեգրել հաւատքի զգացումը‚ որ մեզ պիտի տանի յաղթական կեանքին‚ որուն համար մեր Տէրը աշխարհ եկաւ‚ մեզի համար չարչարուեցաւ‚ խաչուեցաւ‚ թաղուեցաւ‚ բայց նաեւ յարութիւն առաւ‚ որպէսզի մեզ տանի յարութեան կեանքին:
«Մեր առօրեային մէջ շատ անգամ մենք աշխարհի կարգին հետեւելով կը մոռնանք եւ կը կորսնցնենք մեր Տէրն ու Փրկիչը: Կը կորսնցնենք զինք այնպիսի պահերուն, երբ անկումներու մէջ է մեր կեանքը: Մեզ տագնապեցնող պայմանները‚ կարծես մեր առօրեայ մտահոգութիւններն ու դժուարութիւններն են‚ որոնց մէջ մեր հոգին‚ հոգեւոր մեր բնութիւնը տեղ չունի, եւ զԱստուած կը կանչենք օգնութեան` մոռնալով‚ որ Աստուած հոգիներուն Աստուածն է, մոռնալով‚ որ երկրաւոր մեր կեանքը ժամանակաւոր իրողութիւն մըն է: Կայ նաեւ մնայունը, որուն պէտք է ուղղուած ըլլայ մեր հայեացքը‚ որուն համար ովսաննա պէտք է աղաղակենք եւ խնդրենք Աստուծմէ‚ որ մեզ փրկէ» եզրափակեց սրբազան հայրը:
Պատարագի աւարտին նախագահութեամբ սրբազան հօր կազմուեցաւ մանուկներու թափօրը‚ որ շրջեցաւ եկեղեցւոյ շրջակայքը:
Դռնբացէքի Արարողութիւնը
Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, երէկ` կիրակի, 10 ապրիլ 2022-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Դռնբացէքի արարողութիւն:
Առաջնորդ սրբազանը իր քարոզին մէջ նկատել տուաւ‚ որ Դռնբացէքի արարողութիւնը իւրայատուկ է մեր եկեղեցւոյ համար եւ բացատրեց‚ որ այս արարողութեան ընդմէջէն կը զգանք եւ կը յիշենք‚ թէ ողորմած է մեր Տէրը` Աստուած: Սրբազանը յայտնեց‚ որ նախամարդուն գործած մեղքին պատճառով Ադամն ու Եւան դրախտէն դուրս վտարուեցան, եւ անոնց դիմաց փակուեցաւ Աստուծոյ ողորմածութեան գութը‚ սակայն ըստ մեր քրիստոնէական հաւատքին, Աստուած կը մնայ մեր ողորմած Հայրը, եւ անոնք‚ որոնք իրենց կեանքի ձգտումով երկինքին կը նային եւ կ՛ապաւինին այդ ողորմածութեան, անպայմանօրէն Աստուած անոնց դիմաց կը բանայ իր հրաշալիքներուն դռները‚ որովհետեւ ինք ողորմած Հայրն է:
«Ճշմարիտ է‚ որ բոլորիս համար երկինքը կը մնայ անմատչելի բարձունք‚ սակայն երբ քրիստոնեան երկինքին կը նայի պէտք է տարբեր ձեւով ազդուի եւ երկինքէն լոյս քաղելով` այդ լոյսը փորձէ տարածել իր շրջապատին մէջ‚ որպէսզի ինք եւ իր նմանները այդ լոյսի առաջնորդութեամբ ընթանան», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը` նկատել տալով‚ որ կեանքին մէջ անկասկած բոլորս ալ յենարանի պէտք ունինք, եւ քրիստոնեային յենարանը կը մնայ ողորմած Աստուած, իսկ երբ մենք տեսակաւոր մեր կարիքներուն մէջ մեր սրտին իղձը Անոր կը յայտնենք, կ՛ակնկալենք‚ որ Ինք հայրաբար լսէ մեզ‚ ամոքէ մեր ցաւերը‚ խաղաղեցնէ մեր վրդոված սրտերը եւ պարգեւէ մեզի բարիք‚ որպէսզի կարենանք յարատեւել մեր առօրեային մէջ: Սրբազան հայրը բացատրեց‚ թէ որպէսզի արժանանանք Աստուծոյ ողորմածութեան‚ նաեւ մենք ողորմած պէտք է ըլլանք եւ պէտք է մեր շրջապատին մէջ նշմարենք մարդոց կարիքները‚ Աստուծոյ աչքով դիտենք ընկերութիւնը եւ այնտեղ նշմարենք մեր պարտականութիւններուն բաժինը‚ այն ատեն Աստուած կ՛ըլլայ մեզի համար ողորմած Հայր‚ կը սփոփէ‚ կը խաղաղեցնէ մեզ‚ կ՛ամոքէ մեր ցաւերը եւ մեր դիմաց կը բանայ յոյսի եւ լոյսի առաւօտներ:
Շարունակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը ըսաւ‚ թէ այս արարողութիւնը նաեւ մեզի կը յուշէ‚ թէ նոյնիսկ մեղքի գիրքին մէջ թաղուած արարածը‚ այն անձնաւորութիւնը‚ որ իր արարքներով բարոյապէս խորտակած է իր կեանքը` Աստուծոյ ողորմածութեան վերադառնալով կրնայ հասնիլ անոր անմահական կեանքի շարունակութեան‚ որովհետեւ մեր Աստուածը ողորմած Հայր է, հետեւաբար Իրեն դարձող Իր որդիները անպայմանօրէն կ՛արժանանան Իր գութին եւ ողորմածութեան:


