ՄԱՀԱԶԴ
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը կը գուժէ Շրջանային Փինկ փոնկի յանձնախումբի նախկին անդամ, մարզիկ եւ ծառայութեան շքանշանակիր
ՀԱՅԿ ԱՇԳԱՐԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 4 ապրիլ 2022-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գուժէ իր վաստակաշատ նախկին ատենապետին`
ՀԱՅԿ ԱՇԳԱՐԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 4 ապրիլ 2022-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Ֆրանսուհի Աշգարեան
Տէր եւ տիկին Գեղամ եւ Գոհար Պօղոսեան եւ զաւակները` Րաֆֆի, Մարիա եւ Սօսէ
Տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Լիաննա Աշգարեան եւ զաւակները` Հայկ եւ Նարէ
Տէր եւ տիկին Տիգրան եւ Թամար Աշգարեան եւ զաւակները` Տեսիլ, Արլի եւ Հրակ
Աշգարեան եւ Պօղոսեան ընտանիքներ
Ճապուրեան եւ Սամուէլեան ընտանիքներ
Աշգոյեան եւ Աւագեան ընտանիքներ
Զաքարեան եւ Օհանեան ընտանիքներ
Քէօհիւլեան եւ Թիւրփինեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր եւ հարազատին`
ՀԱՅԿ ԱՇԳԱՐԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Մուսա լեռ, 1936-ին)
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 4 ապրիլ 2022-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի շաբաթ, 9 ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին հեռաձայնի միջոցով` Ֆրանսուհի` 01-262788, Յովիկ` 76-155078, Տիգրան` 03-554127:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Պետրոս եւ Էլիզա Թղլեան
Տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Սառա Թղլեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Վահէ եւ Ռիթա Թղլեան (Քանատա)
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Վարդուհի Կէօքշէնեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Պօղոս եւ Մարալ Թղլեան (Աւստրալիա)
Տէր եւ տիկին Հրայր եւ Քրիստին Թղլեան (Քանատա)
Թղլեան եւ Քէհէեան ընտանիքներ
Թորոսեան եւ Այվազեան ընտանիքներ
Կէօքշէնեան եւ Գուլաճեան ընտանիքներ
Գարապաշեան եւ Քէօմպէճեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, կեսուրին, մեծ մօր, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`
ՄԱՐԻ ԹՂԼԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՔԷՀԷԵԱՆ, Ալեքսանտրեթ)
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 6 ապրիլ 2022-ին, Քանատայի մէջ:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Քանատայի մէջ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
—————————————
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
ԵՒ ՄԱՆՈՒՆԿՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԹԱՓՕՐ
Կիրակի, 10 ապրիլ 2022-ին, Ծաղկազարդի տօնին առիթով, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ, նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
Պիտի պատարագէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:30-ին
Սկիզբ Ս. պատարագի` ժամը 10:30-ին
Մանուկներու թափօր` ժամը 11:00-ին
Ծաղկազարդի տօնին առիթով, մայրավանքի շրջափակին մէջ հաւաքուած հայ մանուկներուն ու պատանիներուն իր հայրական խօսքը պիտի ուղղէ եւ ապա զիրենք պիտի ընդունի վեհափառ հայրապետը:
ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Նոյն օրը, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Դռնբացէքի արարողութիւն,
նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
պիտի քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները մասնակցելու առաւօտեան մատուցուելիք Ս. եւ անմահ պատարագին, մանուկներու թափօրին եւ յետմիջօրէի Դռնբացէքի արարողութեան` լեցուելու համար Քրիստոսի գալստեան խորհուրդով:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻՆ ԵՒ ԴՌՆԲԱՑԷՔԻՆ`
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Ուրախութեամբ կու գանք յայտնելու մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ կիրակի, 10 ապրիլ 2022-ին, կը զուգադիպի Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին` Ծաղկազարդի տօնին:
Այս առիթով, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ, օրուան պատգամը պիտի փոխանցէ եւ մանուկներու թափօրին պիտի նախագահէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:00-ին
Սուրբ պատարագ` ժամը 9:30-ին
Քարոզ` ժամը 11:00-ին
Մանուկներու թափօր` ժամը 12:00-ին
ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Նոյն օրը, յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին տեղի պիտի ունենայ Դռնբացէքի արարողութիւնը, դարձեալ նախագահութեամբ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆԻ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սուրբ եւ անմահ պատարագին եւ Դռնբացէքի արարողութեան, հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ`
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԸ` Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, 10 ապրիլ 2022-ին, Ծաղկազարդի տօնին առիթով Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՊ. Տ. ՇՆՈՐՀՔ Ծ. ՎՐԴ. ԱՇԸԳԵԱՆ
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 7:30-ին
Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին
Քարոզ եւ թափօր` ժամը 11:00-ին
ԴՌՆԲԱՑԷՔ
Նոյն օրը, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Դռնբացէքի արարողութիւնը, զոր յաւուր պատշաճի պիտի կատարէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՊ. Տ. ՇՆՈՐՀՔ Ծ. ՎՐԴ. ԱՇԸԳԵԱՆ
Հրաւիրուած է մեր հաւատացեալ ժողովուրդը:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ, ԱՒԱԳ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԵՒ Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻ
ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆՑ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ`
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԹԵՄԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Կիրակի, 10 ապրիլ 2022-ին, Ծաղկազարդի Ս. պատարագ եւ մանուկներու թափօր` Առաւօտեան ժամը 10:00-ին
ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ ԿԱՐԳ` Երեկոյեան ժամը 4:00-ին
– Աւագ երեքշաբթի, 12 ապրիլ 2022-ին,
Յիշատակ տասը կուսանաց` Երեկոյեան ժամը 4:00-ին
– Աւագ հինգշաբթի, 14 ապրիլ 2022-ին,
Ապաշխարութեան կարգ եւ Ս. պատարագ` Առաւօտեան ժամը 9:30-ին
Ոտնլուայի արարողութիւն` Կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին
Խաւարման կարգ` Երեկոյեան ժամը 7:00-ին
– Աւագ ուրբաթ, 15 ապրիլ 2022-ին,
Թաղման կարգ` Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի` Երեկոյեան ժամը 4:00-ին
– Աւագ շաբաթ, 16 ապրիլ 2022-ին,
Ճաշու ժամերգութիւն եւ Ճրագալոյցի Ս. պատարագ` Կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին,
– Կիրակի, 17 ապրիլ 2022-ին,
Ս. Յարութեան պատարագ` Առաւօտեան ժամը 9:30-ին
– Երկուշաբթի, 18 ապրիլ 2022-ին,
Յիշատակ Մեռելոցի Ս. պատարագ եկեղեցիներուն մէջ` Առաւօտեան ժամը 8:00-ին
Գերեզմանատուներու մատուռներուն մէջ Ս. պատարագ եւ հոգեհանգիստ` Առաւօտեան ժամը 10:30-ին
ՏՆՕՐՀՆԷՔ
Բոլոր անոնք, որոնք Ս. Յարութեան տօնին առիթով կը փափաքին տնօրհնէք ունենալ, թող բարեհաճին կապուիլ իրենց ծխատէր քահանային, որպէսզի տնօրհնէքը կատարուի յատուկ ժամադրութեամբ:
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ: ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ:
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
—————————————
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑԻ
ԷՇՐԵՖԻԷ
ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ԵՒ ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ
Կիրակի, 10 ապրիլ 2022
– Առաւօտեան ժամերգութիւն` ժամը 8:00-ին
– Ս. պատարագ` ժամը 9:00-ին
– Քարոզ` ժամը 11:00-ին
– Մանուկներու օրհնութիւն դասին մէջ
– Մանուկներու թափօր
– Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ, Դռնբացէքի արարողութեան ալ ներկայ գտնուի եւ դարձեալ քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԱՒԵՏԻՔ ԱԲՂՅ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
– ԴՌՆԲԱՑԷՔ`
Երեկոյեան ժամը 5:00-ին
Սիրով հրաւիրուած են մեր բարեպաշտ հայորդիները այս հոգեպարար արարողութեանց եւ աղօթքներուն:
ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ ԵՒ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻ
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
ԵՒ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԹԱՓՕՐ
Կիրակի, 10 ապրիլ 2022-ին Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ Ծաղկազարդի տօնին առիթով հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի:
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՎԻԳԷՆ ՎՐԴ. ՏԱԼԿԸԼԸՃԵԱՆ
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:00-ին
Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին
Թափօր մանուկներու` ժամը 10:00-ին
——————————————————–
ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Նոյն օրը, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ Դռնբացէքի արարողութիւնը:
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու առաւօտեան Ս. պատարագին եւ յետմիջօրէի արարողութեան, լսելու պատգամը եւ հաղորդուելու Քրիստոսի Գալստեան խորհուրդով:
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Անմիջական կարիքը կայ օգնական կնոջ մը` ստանձնելու տարեցի մը հոգատարութիւնը եւ տան պատասխանատուութիւնը: Դիմել` պրն. Ռոժէին, միայն WhatsApp-ի միջոցով, 70-204704 թիւին: