Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հետաքրքրական. «Միսթըր» Ուղտի Մրցանք

Ապրիլ 9, 2022
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ամէն տարի Սէուտական Արաբիոյ մէջ Ապտել Ազիզ թագաւորի փառատօնի ընթացքին, աշխարհի չորս կողմերէն եկած ուղտի անասնաբոյծներ կը հաւաքուին: Այդ առիթը շատ լուրջ է եւ կարեւոր: Մրցանքին ընթացքին կ՛ընտրուի ամէնէն գեղեցիկ ուղտը, որ կ՛անուանուի «Արաբիոյ ուղտը», եւ ան կրնայ իբրեւ վարձատրութիւն ստանալ մինչեւ 66 միլիոն տոլար:

Սակայն գիտէի՞ր, թէ յաղթելու աւելի մեծ հաւանականութիւն ունենալու համար կարգ մը անասնաբոյծներ կը դիմեն նենգութեան:

***

Ուղտի մը գեղեցկութիւնը արժեւորելու համար դատաւորները կը նային անասունին շրթունքներուն, վիզին եւ սապատին ձեւին եւ չափին: Որպէսզի իրենց ուղտը աւելի մօտենայ դատաւորներուն գեղեցկութեան չափանիշներուն, անասնաբոյծները իրենց անասունը կը կերպարանափոխեն: Կարգ մը ուղտերու տէրեր պիտի մեծցնեն իրենց անասունին շրթունքները, կամ անոր սապատին աւելի կլոր ձեւ պիտի տան` անոր մարմնին մէջ յատուկ նիւթեր ներարկելով: Ուրիշ տէրեր պիտի գործածեն միջոցներ, որոնք անասունը իսկապէս պիտի տառապեցնեն: Անոնք շատ տոկուն ձգախէժէ երիզներ կը կապեն անասունին մարմնին կարգ մը բաժիններուն վրայ` մկանները երկարելու համար:

***

Այս պատճառով է, որ քանի մը տարիներէ ի վեր անասունները շատ մանրակրկիտ քննութիւններու կ՛ենթարկուին, որպէսզի փաստուի, թէ անոնք հարիւր առ հարիւր բնական են: Մրցանքին ընթացքին անոնք կը տողանցեն անասնաբոյծներու առջեւ. այս վերջինները կը հսկեն եւ կ՛ուսումնասիրեն անասուններուն քալած ձեւը: Ապա ուղտերը կ՛անցնին մեքենաներու մէջէն, որոնց միջոցով կարելի պիտի ըլլայ անոնց մարմնին մէջը տեսնել եւ վստահ ըլլալ, որ ներարկուած ո՛չ մէկ նիւթ գոյութիւն ունի: Այս ձեւով, անցեալ դեկտեմբերին 43 ուղտեր մրցանքէն դուրս մնացած էին խարդախութեան պատճառով: Անասուններու պահպան միութիւնները կը պահանջեն, որ այդ անասուններուն տէրերը խստօրէն պատժուին:

Գիտէի՞ր, Թէ…

Գոյութիւն ունին ուղտի 3 տարբեր տեսակներ.

– Ամէնէն ընթացիկը Արաբիոյ ուղտն է: Աշխարհի շուրջ 10 ուղտերէն 9-ը կը պատկանին այս խումբին: Անոնք միայն մէկ սապատ ունին:

– Երկրորդ տեսակը Պաքթրիան ուղտն է, ծագումով` Կեդրոնական Ասիայէն: Անոնք ունին 2 սապատ:

– Վերջապէս, գոյութիւն ունին վայրի ուղտերը, որոնք նման են Պաքթրիան ուղտերուն: Անոնք կ՛ապրին Մոնկոլիոյ հարաւ-արեւմուտքը եւ Չինաստանի հիւսիս-արեւմուտքը: Անոնք կորսուելու վտանգի մէջ կը գտնուին:

Ձեռային Աշխատանք

 Զատկուան Պատրաստութիւն

Վերջապէս գարունը եկաւ եւ հետը բերաւ արեւը, պայծառ օդ եւ Զատիկը: «Պայծառ» մթնոլորտ մըն ալ մտցենք մեր տան մէջ այս փոքրիկ ձեռայիններուն միջոցով: Այս զատկուան զարդարանքներուն համար պէտք պիտի ունենաս` պարզ թուղթերու (ճերմակ, գունաւոր) ներկերու, մկրատի եւ խէժի)

***

1 – Սեղանին վրայ դնելու համար

Ճերմակ թուղթի մը վրայ գծէ հաւկթաձեւ հաւիկներ, նապաստակներ եւ հաւկիթներ (պատկեր 2): Զանոնք ներկէ եւ կտրէ: Նոյն ձեւով գծէ, ներկէ եւ կտրէ խոտը:

Խոտի երիզին երկու կողմերը իրարու փակցուր թագ մը ստանալու համար: Այդ խոտի թագին վրայ հաստատէ պատրաստած ձեւերդ (հաւիկ, նապաստակ, հաւկիթ) (պատկեր 1):

2 –  Պատին վրայ

Այս աշխատանքին համար կրնաս գործածել պարզ, ճերմակ թուղթեր, զորս կրնաս ներկել, կամ` գունաւոր թուղթեր, զորս կրնաս զարդարել:

Տարբեր անասունները կազմելու համար ընդօրինակէ այս սիւնակին մէջի օրինակները` իրենց զանազան բաժիններով (պատկեր 4, 5), ապա զանոնք ներկէ եւ կտրէ:

Տարբեր բաժինները ծալէ (պատկեր 6) եւ փակցուր եւ ապա անոնց մէջէն թել մը անցուր զարդարանքը պատին, պատուհանին կամ դրան վրայ հաստատելու համար (պատկեր 3):

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 8 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել.
– 2 ձուկեր, որոնց գումարը հաւասար է 23-ի:
– 2 ձուկեր, որոնց գումարը հաւասար է 31-ի:
– 2 ձուկեր, որոնց գումարը հաւասար է 44-ի:
– 3 ձուկեր, որոնց գումարը հաւասար է 35-ի:
– 3 ձուկեր, որոնց գումարը հաւասար է 45-ի:
– 3 ձուկեր, որոնց գումարը հաւասար է 41-ի:
– 3 ձուկեր, որոնց գումարը հաւասար է 48-ի:
Նախորդը

Յայտարարութիւններ (8 Ապրիլ 2022)

Յաջորդը

Գօգոն Եղաւ Դաշնակցականի Տիպարը

RelatedPosts

«Պատահմամբ» Գտնուած Նորութիւններ Անթարքթիքի Տակ
Մանկապատանեկան

«Պատահմամբ» Գտնուած Նորութիւններ Անթարքթիքի Տակ

Յուլիս 2, 2022
Կը Սիրե՞ս Երաժշտութիւն Ունկնդրել
Մանկապատանեկան

Կը Սիրե՞ս Երաժշտութիւն Ունկնդրել

Յունիս 25, 2022
Սենեկալ.   Աշակերտներ Ծառեր Կը Տնկեն Իրենց Դպրոցի Բակին Մէջ
Մանկապատանեկան

Սենեկալ. Աշակերտներ Ծառեր Կը Տնկեն Իրենց Դպրոցի Բակին Մէջ

Յունիս 18, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In