Քրեմլին դրական կը գնահատէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի իշխանութիւններու` խաղաղ բանակցութիւններու հոլովոյթը սկսելու որոշումը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն ըսած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
«Հասկնալի է, որ այս հոլովոյթը շատ երկար է, սակայն դէպի նման փաստաթուղթի կնքումը յառաջընթացը ինքնին դրական փաստ է եւ ողջունելի», ըսած է Փեսքով:


