Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երեւանն Ու Պաքուն Որոշած Են Խաղաղ Բանակցութիւններու Հոլովոյթին Սկսիլ» Կ՛ըսէ Շարլ Միշել

April 8, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հետ եռակողմ հանդիպումը կոչած է արդիւնաւէտ` ընդգծելով, որ խաղաղ բանակցութիւններու որոշակի հոլովոյթի սկսելու վերաբերեալ որոշում տրուած է: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միշել այս մասին ըսած է լրագրողներու հետ հանդիպումի ընթացքին:

«Մենք տակաւին նոր հիանալի եւ արդիւնաւէտ հանդիպում ունեցանք նախագահ Ալիեւի եւ վարչապետ Փաշինեանի հետ: Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութիւնը, անվտանգութիւնն ու զարգացումը շատ կարեւոր են Եւրոպական Միութեան համար: Հետեւաբար մենք կ՛աջակցինք բոլոր դրական ջանքերուն ու վստահութեան հաստատման քայլերուն եւ այս գիշեր մեծ յաջողութեան հասած ենք, իսկ ասիկա կը նշանակէ, որ մենք միասին որոշած ենք սկսիլ խաղաղ բանակցութիւններու որոշակի հոլովոյթի, նախապատրաստել հաւանական խաղաղութեան համաձայնագիրը եւ լուծել այդ համաձայնագիրին համար անհրաժեշտ բոլոր տարրերը», ըսած է Միշել:

Ան նաեւ յայտնած է, որ ձեռք բերուած է համաձայնութիւն` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմաններու սահմանազատման հարցերով յանձնախումբ ստեղծելու շուրջ:

Եւրոպական խորհուրդի նախագահը վստահութիւն յայտնեց, որ եռակողմ հանդիպման ժամանակ «ճիշդ ուղղութեամբ կարեւոր քայլ կատարուած է»:

«Ատիկա, ի հարկէ, չի նշանակեր, որ ամէն ինչ լուծուած է, սակայն կը նշանակէ, որ մենք յառաջընթաց արձանագրած ենք, որովհետեւ աւելի լաւ կը հասկնանք, թէ որո՛նք են այն կարեւոր տարրերը` կարելի եղածին չափ շուտ կայուն համաձայնութեան հասնելու համար, որպէսզի հասարակ յայտարարի հասնինք եւ ամբողջ շրջանին մէջ ապահովենք խաղաղութիւն, անվտանգութիւն ու կայունութիւն», ընդգծած է ան:

 

 

Նախորդը

Անդրադառնալով Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումին` «Տագնապները Դիւանագիտական Ճամբով Լուծելը Ներկայիս Առաւել Քան Կարեւոր Է» Կ՛ըսէ Պորել

Յաջորդը

«Պրիւքսելի Մէջ Ձեռք Բերուած Համաձայնութիւնները Կը Բխին Պաքուի Շահերէն» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը
Հայկական

ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.