ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Զպիկնիու Ռաու կոչ ուղղած է Պաքուին եւ Երեւանին բարեխղճօրէն մասնակցելու բանակցութիւններուն` հասնելու համար բոլոր չլուծուած խնդիրներու համապարփակ լուծման: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի ԵԱՀԿ-ի յայտարարութեան մէջ, որ յաջորդած է Ռաուի հարաւկովկասեան այցելութեան:
«Լեհաստանը` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի նախագահող երկիր, վճռականօրէն կ՛աջակցի երկխօսութիւնը դիւրացնելուն ուղղուած նախաձեռնութիւններուն, որոնք անհրաժեշտ են տեղւոյն վրայ լարուածութիւնը մեղմացնելու համար», նշուած է անոր յայտարարութեան մէջ:
Ըստ Ռաուի, ԵԱՀԿ-ը հրատապ մարդասիրական հարցերուն մէջ յառաջընթաց կ՛ակնկալէ, ինչպիսիք են կալանաւորներու ազատ արձակումը, անյայտ կորսուածներու մասին տեղեկատուութեան փոխանակումը, ականազերծումը եւ պատմամշակութային վայրերու պաշտպանութիւնը:
Կազմակերպութեան գործող ղեկավարը ընդգծած է ԵԱՀԿ-ի նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի դերը` առաջարկելով ընդլայնել գոյութիւն ունեցող խնդիրներու լուծման մէջ անոր մասնակցութիւնը:
Ան նաեւ ողջունած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած դիւանագիտական նախաձեռնութիւնը` ընդգծելով, որ այս հոլովոյթը կրնայ նպաստել շրջանին մէջ կայունութեան բարելաւման:
29 մարտէն 1 ապրիլ երկարած այցելութեան ընթացքին նախարար Ռաու նշած է, թէ Ուքրանիոյ վրայ Ռուսիոյ յարձակումը ի՛նչ ազդեցութիւն ունեցած է շրջանին մէջ անվտանգութեան կացութեան վրայ, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի եւ հարաւային կովկասեան շրջանի երեք պետութիւններուն միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման վրայ:
ԵԱՀԿ-ի յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Զպիկնիւ Ռաուի ուղեւորութիւնը կեդրոնացած էր գոյութիւն ունեցող անվտանգութեան մարտահրաւէրներու եւ կայուն խաղաղութեան ուղղուած ջանքերու վրայ, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի եւ հարաւային կովկասեան շրջանի երեք պետութիւններուն միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման վրայ:


