Միացեալ Նահանգները ողջունեցին 6 ապրիլ 2022-ին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունենալիք Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը: Այս մասին նշուեցաւ ԵԱՀԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու առաքելութեան «Թուիթըր»-ի գրառման մէջ:
«Կոչ կ’ուղղենք աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձնելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական իրավիճակին եւ կը վերահաստատենք աջակցութիւնը բոլոր առկայ խնդիրներու դիւանագիտական լուծման», նշուեցաւ գրառումին մէջ:


