Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի բացման մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 10 մարտին, տեղի կ՛ունենան երկու հանդիպումներ:
Մանարայի իր դաշտին վրայ Ռիատի Պէյրութ երեկոյեան ժամը 19:30-ին պիտի հիւրընկալէ ՀՄԸՄ Պէյրութը:
Նոյն ժամուն, Անտոնեան միաբանութեան վարժարանի դաշտին վրայ (Պաապտա) Պիպլոս հիւրը պիտի ըլլայ Աթլասի:
11 յաղթանակ արձանագրած եւ 2 պարտութիւն կրած Ռիատի այժմ կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը, մինչ ՀՄԸՄ, որ գտնուի 9-րդ դիրքին վրայ, արձանագրած է 2 յաղթանակ եւ կրած` 11 պարտութիւն:
Նշենք, որ երթի մրցումին, Ռիատի արձանագրեց 93-63 արդիւնքով յաղթանակ մը` ՀՄԸՄ-ի դէմ:


