Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր Ժողովին Ընդառաջ

February 28, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Այսօր` երկուշաբթի, 28 փետրուարին, սկիզբ կ՛առնէ ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր ժողովը: Ընդհանուր ժողովներու յաճախականութեան կանոն գոյութիւն չունի: Իւրաքանչիւր Ընդհանուր ժողով ինք կ՛որոշէ յաջորդին ժամկէտը: Սովորաբար երկու ժողովներու միջեւ ժամանակը չորս տարի ճշդուած է: 33-րդ Ընդհանուր ժողովը, գումարուած յունուար 2019-ին, որոշած էր յաջորդը գումարել երեք տարի ետք` 2022-ի առաջին ամիսներուն:

Ընդհանուր ժողովի նախապատրաստութիւնը կը տեւէ բաւական երկար: Արդարեւ, կուսակցական բոլոր միաւորները, սկսած խումբերէն, պէտք է ծանօթանան Բիւրոյի գործունէութեան ամփոփ տեղեկագիրին, ստանան ու քննարկեն Ընդհանուր ժողովի օրակարգը եւ անոր հակիրճ բացատրականը, բանաձեւեն իրենց գնահատականը եւ առաջարկները: Միեւնոյն քննարկումները պէտք է կատարուին կոմիտէութիւններու ներկայացուցչական ժողովներուն, ապա կեդրոնական կոմիտէութիւններու շրջանային ժողովներուն, ուր կ՛ընտրուին նաեւ շրջանի պատգամաւորները:

Այսպէս, Ընդհանուր ժողովին կը մասնակցին շրջաններէն ընտրուած պատգամաւորներ, որոնց վրայ կ՛աւելնան Կեդրոնական կոմիտէներէն մէկական պատգամաւորներ: Ժողովի կազմը կ՛ամբողջանայ խորհրդակցական ձայնի իրաւունքով պատգամաւորներով:

Վերեւի նկարագրականը ցոյց կու տայ, որ Ընդհանուր ժողովը կը ներկայանայ իբրեւ սեղմ մանրանկարը ՀՅ Դաշնակցութեան աշխարհատարած կառոյցի մարմիններուն, անդամներուն ու գործիչներուն հանրութեան: Այս հանգամանքն ալ կը նախանշէ անոր ունեցած առանցքային կարեւորութիւնը` իբրեւ ՀՅ Դաշնակցութեան կամքը արտայայտող բարձրագոյն օրկան:

Ընդհանուր ժողովը կը քննէ ու կը գնահատէ շրջանաւարտ բարձրագոյն մարմնի` ՀՅԴ Բիւրոյի գործունէութեան տեղեկագիրը, կը ծանօթանայ կազմակերպական շրջաններու գործունէութեան ու իր գնահատականը կ՛արձանագրէ իւրաքանչիւրին մասին:

Անցած շրջանի գնահատականը աւարտելէ ետք, Ընդհանուր ժողովը պէտք է որոշէ յառաջիկայ տարիներու համար իր գործունէութեան գլխաւոր ուղղութիւները: Աշխարհաքաղաքական բարդ իրավիճակներու ներկայ պայմաններուն մէջ, բծախնդիր քննարկման առարկայ պէտք է դառնան միջազգային քաղաքական կացութիւնը, Հայաստանը շրջապատող երկիրներու վարքագիծը, հայկական սփիւռքի վիճակը, սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւնները: Դաշնակցութեան ծրագրային նպատակներու իրագործման համար հնարաւորութիւններու քննարկումէն ետք, կը ճշդուին անմիջականօրէն հետապնդելի առաջադրանքները` իբրեւ ուղենիշ կուսակցութեան որդեգրելիք վարքագիծ, թէ՛ քաղաքական արտաքին ճակատի վրայ, եւ թէ՛ ներազգային ճակատի վրայ:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը գործէ Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններուն ու սփիւռքի գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ: Տարբեր միջավայրերը, քաղաքական, ընկերատնտեսական ու կազմակերպական պայմանները կը պարտադրեն տարբեր տարողութեամբ աշխատանքներ գործունէութեան մարզերուն մէջ: Այս պատճառով ալ, Ընդհանուր ժողովը կը կայացնէ ընդհանուր ռազմավարական որոշումներ, գործադրելի բոլոր միաւորներուն կողմէ: Իւրաքանչիւր միաւոր ի՛նք կ՛ընտրէ իր պայմաններուն յատուկ մարտավարական ուղղութիւնները: Կազմակերպական այս ապակեդրոնացումը կարելիութիւն կը ստեղծէ տարբեր միջավայրերու մէջ տարատեսակ միջոցներով գործադրելու Ընդհանուր ժողովի ռազմավարական առաջադրանքները` քաղաքական ու գաղափարական-բարոյական անխախտ սկզբունքներու յարգումով:

ՀՅ Դաշնակցութեան կազմակերպական կառոյցի այս իւրայատկութիւնը հիմնուած է մեզի պարտադրուած ցրուածութեան իրողութեան վրայ, որ կարելի կը դարձնէ տարբեր միջավայրերու մէջ եւ տարբեր պայմաններու տակ գործող մարմիններու ուժական ամբողջութիւն մը` իրարու միացած Ընդհանուր ժողովի որոշումներով եւ ճշդած ուղղութիւններով կուռ ամրոցի մը մէջ:

Արգասաբեր աշխատանք ակնկալենք ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր ժողովի մասնակիցներէն ու յաջողութիւն մաղթենք հերթաբար վերանորոգուող 131-ամեայ եւ միշտ երիտասարդ ու այժմէական ՀՅ Դաշնակցութեան:

 

Նախորդը

Անաւարտ Ստորագրահաւաք Ռազմիկ Դաւոյեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Այս Տարի Պիտի Կայանայ Համազգայինի Եւրոպայի Ուսանողական Հաւաքը

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.