ՄԱՀԱԶԴ
Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդը կը գուժէ կրթական բազմավաստակ մշակ եւ հայերէնի երկարամեայ ուսուցիչ
ՅԱՍՄԻԿ ՆԱՃԱՐԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 24 փետրուար 2022-ին:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————
Լիբանանի Տիգրանակերտցիներու միութեան վարչութիւնը կը գուժէ վաստակաշատ մանկավարժ
ՅԱՍՄԻԿ ՆԱՃԱՐԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 24 փետրուար 2022-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի խնամակալութիւնը, տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ շրջանաւարտից միութիւնը կը գուժեն քոլեճի երկար տարիներու հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ`
ՅԱՍՄԻԿ ՆԱՃԱՐԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 24 փետրուար 2022-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` շաբաթ, 26 փետրուար 2022-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մատրան մէջ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին տեղւոյն վրայ:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիար Զաքար Աւետիսեան եւ զաւակները` Արամ եւ Ալին
Տէր եւ տիկին Կարօ եւ Ազատուհի Թորիկեան եւ զաւակունք
Տիկին Եսթեր Կարապետեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Հրանդ Մխսեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տիկին Շաքէ Մխսեան եւ զաւակունք (Ֆրանսա)
Տիկին Հռիփսիմէ Պայրաքտարեան եւ զաւակունք
Մխսեան եւ Աւետիսեան ընտանիքներ
Թորիկեան եւ Պայրաքտարեան ընտանիքներ
Կարապետեան եւ Քէճէճեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց տիկնոջ, մօր, մեծ մօր, քրոջ եւ հարազատին`
ԻԶԱՊԷԼ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 24 փետրուար 2022-ին:
Թաղման արարողութիւնը կատարուեցաւ ուրբաթ, 25 փետրուարին կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Երկրին մէջ տիրող «Քորոնա» ժահրի համավարակին պատճառով, ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին հեռաձայնի միջոցով:
Արամ` 03-528196, Ալին` 78-879900, Ազատուհի` 03-676243:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Թինա Քիւրքճեան-Թիւթիւնճեան եւ զաւակը` Էլիօ-Ճոնի
Տէր եւ տիկին Դաւիթ եւ Մարիան Թիւթիւնճեան
Տէր եւ տիկին Վահէ եւ Իզապէլ Թիւթիւնճեան եւ զաւակը` Քրիսթ
Տէր եւ տիկին Ժան եւ Ալեքսանտրա Քիւրքճեան
Տէր եւ տիկին Արի եւ Դալար Թաթեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Հրայր եւ Սեդա Չաղլասեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Պոսնոյեան եղբարք եւ ընտանիք
Տիկին Լիզա Քիւրտեան եւ զաւակունք
Տիկին Նատիա Թիւթիւնճեան եւ զաւակունք (Ֆրանսա)
Տիկին Շաքէ Գըրմզեան եւ զաւակունք
Թիւթիւնճեան եւ Քիւրքճեան ընտանիքներ
Այանեան եւ Սեւեան ընտանիքներ
Չաղլասեան եւ Գըրմըզեան ընտանիքներ
Սանթուրեան եւ Գաբրիէլեան ընտանիքներ
Թաթեան եւ Լէպլէպճեան ընտանիքներ
Արթինեան եւ Տէկիրմէնճեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբօր, հօրեղբօր եւ հարազատին`
ՎԱՉԷ ԹԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1970-ին)
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 24 փետրուար 2022-ի երեկոյեան, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, յունական հիւանդանոցին մէջ:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` շաբաթ, 26 փետրուարին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, իսկ կիրակի, 27 փետրուար 2022-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ:
—————————————
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԿՈՄԻՏԱՍ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
(Պէյրութ)
ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ
Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղի Անդամական ընդհանուր ժողովը տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 8 մարտ 2022-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, մասնաճիւղի ակումբին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Ներկաներուն թիւը մեծամասնութիւն պիտի նկատուի երեկոյեան ժամը 6:30-ին:
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Կիպրոսի մէջ կալուածի, բնակարանի առք ու վաճառքի, ինչպէս նաեւ կեցութեան արտօնագիրի եւ իրաւաբանական հարցերու կարգաւորման համար հեռաձայնել +3579996246996 թիւին (Լիաննա):
—————————————
365 ՕՐԵՐԷՆ ՕՐ ՄԸ`
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
Հանգուցեալ Վիգէն Թորիկեանի հարազատները իր մահուան տխուր առիթով կը ստանձնեն 2 օրուան ճաշի ծախսը` 8.000.000 լիբ. ոսկիով:



