Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւարայրն Ու Նոր Աւարայրները

February 24, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Հայոց պատմութեան էջերը լեցուն են պատմական ուրախ եւ դժբախտ դասաւորումներով: Դարեր շարունակ, երբ թագէ զրկուած ենք, Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը կեղեքուած են բազմաթիւ եւ այլազան բռնակալութիւններու կողմէ:  Ու իբրեւ տրամաբանական հետեւանք` մեր հայրենիքը ոչ միայն դարձած է օտար սմբակներու ոտքի կոխան, այլ ենթակայ եղած` օտար ու դրացի կայսրութիւններու քաղաքական ախորժակներուն եւ անոնց աշխարհակալական ձգտումներուն:

Հայ ժողովուրդը միշտ համբերութեամբ տարած է օտարին լուծը: Բայց երբ դանակը հասած է ոսկորին եւ երբ դպած են իր հոգիի եւ հոգեկան ազատութեան, ըմբոստացած է ու ինքնածին պոռթկումով, իր արեան ու կեանքի գնով պարզած է ապստամբութեան իր դրօշը:

Առ այդ, Վարդանանց ճակատամարտը խորհրդանիշն ու հարազատ պտուղն է մեր ժողովուրդի այդ ազատութեան: Աւարայրը ոչ միայն եղած է ինքնապաշտպանութիւն, այլեւ` հայու հոգին սնուցանող մեր ազատ, անկախ եւ ինքնուրոյն ապրելու բնազդային պահանջն ու մեր անընկճելի կամքը:

Անուրանալի է, որ յանուն հայրենիքի ու հաւատքի ազատութեան մղուած դիւցազնամարտն էր նաեւ 451 թուականին Աւարայրի դաշտին վրայ տեղի ունեցած Վարդանանց պատերազմը` ընդդէմ Սասանեան Պարսկաստանի հզօր բանակին:

Այս մէկը պատմութիւն է:

Աւելի՛ն. այդ նուիրական զոհաբերութեան բերումով էր, որ Հայ եկեղեցին Աւարայրի հերոսները դասեց սուրբերու շարքին: Վարդան Մամիկոնեանն ու իր զինակիցները` իբրեւ թարգմանները հայ ազգի ազատատենչ կամքին, «վասն հաւատքի ու հայրենեաց» իրենց արիւնը թափեցին ազատութեան ու անկախութեան համար:

Ու երբ էջ առ էջ կը թղթատենք մեր պատմութեան տարբեր ժամանակներուն եւ կամ զանազան փուլերու ընթացքին կազմակերպուած ժողովրդային ապստամբութիւնները, մեր առջեւ յստակօրէն կը պարզուին,  Հայկէն սկսած մինչեւ մեր ֆետայական շարժումները, մինչեւ Արցախ, մեր ժողովուրդին ազատ ու անկաշկանդ ապրելաձեւն ու յամառ կամքով ու հաւատքով  իր ազատութեան եւ հայրենի հողին ամուր ու հաստատ կապուածութիւնը:

Հայը, ճակատագրի բերմամբ, տարբեր ժամանակներու ընթացքին եւ տարբեր թշնամիներու դէմ միշտ ստիպուած եղած է մղել իրերայաջորդ աւարայրներ, որոնք մեր ազգային քաղաքական երթին մէջ խորհուրդներու վերածուած են: Այս բոլորին մէջէն միշտ բացայայտուած է իր  գոյութեան շարունականութիւնը ապահովելու վճռակամութեան խորհուրդը:

Ներկայ մեր ազգային կեանքի հոսքին մէջ ամէնօրեայ ներկայութիւն են տակաւին այդ աւարայրները` իրենց վտանգաւոր մարտահրաւէրներով:

Աւարայրը միայն զինուորական կամ պատերազմի տարազ չունի: Աւարայրի դասական հասկացողութիւնն ու մօտեցումը,  վերջին հաշուով այս օրերուն կ՛ենթադրէ քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ կրթական մարտահրաւէրներ` հայրենիքէն մինչեւ սփիւռքի յետին անկիւնը:

Ընդհանուր այս հասկացողութեան մէջ կ՛իյնան նաեւ` մեր հայրենիքի անվտանգութեան խնդիրը, հայրենիքէն արտագաղթի հոսքը, Հայոց ցեղասպանութեան փաստերու խեղաթիւրումն եւ այս առթիւ` Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը եւ հին ու նոր «լարախաղերը»:

Մեր հայրենիքին մէջ ազգային առողջ մթնոլորտի ստեղծումը սերտօրէն կ՛առնչուի` ընկերային հարցերու յաղթահարման, արտագաղթի հոսքին, կաշառակերութեան ու փտածութեան դէմ մղուող դժուար պայքարին:

Այս բոլոր մարտահրաւէրները, իրենք զիրենք պարտադրած, կը շարունակեն, իբրեւ խոչընդոտ, կանգնիլ մեր ազգային գոյատեւման, հայապահպանման ու հայակերտումի մեր անխոնջ ճիգերուն առջեւ:

Վարդանանց Աւարայրի խորհուրդը յաջողած էր յաղթահարել մեր հաւաքական երթին սպառնացող բոլոր մարտահրաւէրները:  Այս կամ այն փուլի զինուորական բնոյթի Աւարայրը կրնայ պարտութեամբ աւարտած ըլլալ, սակայն երբ աւելի համընդհանուր հայեացքով փորձենք դիտարկել հայ ժողովուրդին մղած բազմաբնոյթ աւարայրներու շարքը, կը հաստատենք անվարան, որ պայքարներու այս շղթայէն յաղթական դուրս եկած է հայութիւնը:

Էականը ինքնապաշտպանութիւնն է մեր ապրած բոլոր ժամանակներու պարտադրած պայմաններուն դէմ, կրկնած ենք միշտ: Այսպէս է` հայրենիքի մէջ մեր պատմական կրօնի ազգային դիմագիծին սպառնացող աղանդաւորական քաղաքականութենէն սկսելով, հասնելու համար մինչեւ սփիւռքը հայ պահելու եւ հայրենիքի ու Արցախի անվտանգութեան գօտիները անսասան պահելու անհրաժեշտութեան:

Այլ խօսքով, մեր բոլորին համար ինքնապաշտպանութիւնը պէտք է ըլլայ ու մնայ իբրեւ ազգային հաւաքական մնայուն պահանջ: Որովհետեւ աւարայրեան անհաւասար կռիւ մղելը այս օրերուն մեզի համար պէտք է ըլլայ մենք զմեզ ու մեր թշնամիները լաւապէս ճանչնալու քաջութիւնը եւ յատկապէս  ազգային մեր հոգեմտաւոր կառոյցները հաստատ ու կանգուն պահելու աշխատանքը, մեր հաւաքական վճռակամութիւնը եւ մեր գաղութները առողջ ու միատարր պահելու առաքելութիւնը:

Կասկած չկայ որ այս թելադրանքը` իբրեւ մեծագոյն օրինակ, իբրեւ սրբազան ժառանգ,  մեզ պիտի առաջնորդէ դէպի ամրապնդում ու գիտակից պատասխանտուութիւն եւ պիտի լուսաւորէ մեր ժողովուրդի գոյութեան ճանապարհը:

bedig43@aol.com

Նախորդը

Նոր Օրերու Տիզպոններ Կը Սարքուին, Ո՛ւր Են Մեր Օրերու Վարդանները (Վարդանանց 451 Թ.)

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողներուն Եւ Աշխատակիցներուն

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.