Իսրայէլեան ուժերու բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտնեց, որ իսրայէլեան ուժեր երէկ վար առած են Հըզպալլային պատկանող անօդաչու թռչող սարք մը, որ Լիբանանէն մուտք գործած էր Իսրայէլ:
Ատրահի յայտնեց, որ իսրայէլեան ուժերը պիտի շարունակեն աշխատիլ` արգիլելու համար իսրայէլեան գերիշխանութեան դէմ գործուելիք ոտնձգութիւնները:
Նշենք, որ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու բանբեր Անտրէա Թինընթի իր կարգին հաստատեց, որ իսրայէլեան ուժերը զիրենք տեղեակ պահած են սահմանային Կապոյտ գիծին վերեւ անօդաչու թռչող սարք մը վար առնելու մասին: Թինընթի աւելցուց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատարութիւնը իր կարգին այս մասին տեղեակ պահած է լիբանանեան բանակը:


