«ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն կ՛աշխատի Լեռնային Ղարաբաղ անկախ թեքնիք առաքելութիւն ուղարկելու ուղղութեամբ», «Արմէնփրես»-ի հարցումին ի պատասխան յայտնած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մամլոյ գրասենեակէն` անդրադառնալով 2020 թուականի պատերազմին Արցախի Հանրապետութեան Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան շարունակական պղծման, ձեւախեղման եւ ոչնչացման դէպքերու մասին ահազանգներուն:
ՄԱԿ-ի ազգերու կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի կազմակերպութեան մէջ յոյս ունին, որ այդ խնդիրին վերաբերեալ փաստահաւաք առաքելութիւնը կարելի պիտի ըլլայ մօտ օրէն կեանքի կոչել:
«Մենք կը շարունակենք աշխատիլ 1954 թուականի Լա Հէյի հռչակագիրին ծիրին մէջ Լեռնային Ղարաբաղ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի անկախ թեքնիք առաքելութիւն ուղարկելու ուղղութեամբ: Յոյս ունինք, որ ատիկա շուտով կարելի պիտի ըլլայ, սակայն այս պահուն ատոր համար անհրաժեշտ պայմաններ չկան: Ուստի քննարկումները տակաւին կը շարունակուին», «Արմէնփրես»-ին յայտնած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մամլոյ գրասենեակի աշխատակից Թոմաս Մալարտ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ նկատի ունենալով «Հայաստանն ընդդէմ Ազրպէյճանի» գործով Լա Հէյի դատարանի 7 դեկտեմբեր 2021-ին հրատապ քայլեր կիրարկելու մասին վճիռը` կազմակերպութիւնը ինչպէ՞ս կը գնահատէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան նկատմամբ Ազրպէյճանի կառավարութեան քայլերը, ներառեալ վերջերս կատարուած յայտարարութիւնը, թէ Ազրպէյճանի մէջ ձեւաւորուած է «մասնագէտներու» աշխատանքային խումբ, որ իբրեւ թէ «աղուանական եկեղեցիներէն» պիտի ջնջէ հայկական գրութիւններն ու հետքերը, եւ թէ արդեօք պատմութեան ազրպէյճանական մեկնաբանութիւնը կրնա՞յ արդարացում ըլլալ կրօնական եւ այլ յուշակոթողներէն հայկական պատմական գրութիւններն ու այլ հետքերը ջնջելու համար, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն շեշտած է, որ պատմամշակութային ժառանգութիւնը պէտք չէ քաղաքական նպատակներու համար գործիք դառնայ:
«Մշակութային ժառանգութիւնը եւ պատմութիւնը պէտք չէ քաղաքական որեւէ նպատակի համար գործիք դառնան: Մենք ամբողջ աշխարհի տարածքին մեր անդամ պետութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք յարգելու այս սկզբունքը», յայտարարած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն:
Յիշեցնենք, որ ազրպէյճանական լրատուամիջոցները 3 փետրուարին հաղորդած էին, թէ Ազրպէյճանի մշակոյթի նախարար Անար Քերիմով յայտարարած է, թէ Ազրպէյճանի մէջ ձեւաւորուած է «տեղացի եւ օտարերկրացի մասնագէտներէ» կազմուած «աղուանական պատմութեան եւ ճարտարապետութեան մասնագէտներու աշխատանքային խումբ», որուն նպատակն է այսպէս կոչուած «աղուանական տաճարներէն» հեռացնել «հայերու ձգած կեղծ արձանագրութիւնները»:


