Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանան Կարիքը Ունի Միջազգային Ընտանիքին Գործակցութեան` Աղբահանումի Մարզի Ամբողջական Տնօրինումը Բարելաւելու Համար» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

February 16, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ հովանաւորեց ընդարձակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան աղբահանումի վարչական ամբողջական տնօրինումը կազմակերպելու կարելիութիւնները:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի օժանդակ երկիրներն ու միջազգային կազմակերպութիւնները, կենսոլորտի նախարար Նասեր Եասին, Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըր, ինչպէս նաեւ նախարարութիւններու, միջազգային կազմակերպութիւններու, դեսպանատուներու եւ ՄԱԿ-ի կառոյցներու ներկայացուցիչները:

Հանդիպումին ընթացքին Եասին ներկայացուց նախարարութեան ռազմավարութիւնը, որուն գործադրութեան տեւողութիւնը կը նախատեսուի եռամեայ ըլլալ:

Այս առիթով Միքաթի հաստատեց, որ աղբահանումի մարզի ամբողջական տնօրինումը բարելաւելու համար Լիբանան կարիքը ունի միջազգային ընտանիքին գործակցութեան:

Ան շեշտեց, որ այս իմաստով Լիբանան որեւէ տեսակի զօրակցութիւն եւ աջակցութիւն կը գնահատէ, ինչպէս նաեւ կը մաղթէ, որ միջազգային կազմակերպութիւնները գործակցին Լիբանանի հետ` կենսոլորտի եւ տնտեսական մարզերուն բարգաւաճման նպատակով:

Նշենք, որ Միքաթի վարչապետարանին մէջ նախագահեց նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւնները կազմակերպելու աշխատանքներուն յատուկ նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ եւ ելեւմուտքի նախարար Եուսեֆ Խալիլ:

Նիստէն ետք Մաուլաուի յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի հարցին շուրջ ապահովութեան ուժերուն միջեւ թիւրիմացութիւն չկայ:

Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանը:

Միւս կողմէ, Միքաթի հարցազրոյցի մը ընթացքին նկատել տուաւ, որ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 15 մայիս 2022-ին` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը գրեթէ ապահոված է ընտրութիւնները կայացնելու գումարը:

Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ ինք ցարդ կը մնայ իր որոշումին վրայ, այլ խօսքով` ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը տակաւին չ՛առաջադրեր:

Նախորդը

Պըրրի Կրիոյի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Ռաֆիք Հարիրիի Սպանութեան 17-րդ Տարելիցին Առիթով Վարդեր Ու Աղօթք` Անոր Շիրիմին Մօտ

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.