Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Պըրրի ընդունեց նաեւ մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Ապտել Սաթեր եպիսկոպոսը:
Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Նոր Զելանտայի դեսպան Կրեկ Լուիսը: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու Լիբանան-Նոր Զելանտա յարաբերութիւնները:


