Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազատ Օր»-ի Խմբագրական. Լի­բա­նա­նի եւ ­­Սու­րիոյ հայ­կա­կան գա­ղութ­նե­րուն հա­մար

Փետրուար 1, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ան­ցեալ տա­րո­ւան ­­Դեկ­տեմ­բե­րէն, յու­նա­հայ գա­ղու­թէն ներս մեկ­նար­կած ­­Լի­բա­նա­նի եւ ­­Սու­րիոյ տա­ռա­պող հա­յու­թեան հա­մար հան­գա­նա­կու­թիւ­նը իր շօ­շա­փե­լի ար­դիւնք­նե­րը ցոյց կու տայ ար­դէն։ «Ա­զատ Օր»ի եւ մեր կա­ռոյց­նե­րու է­ջե­րէն լոյս տե­սած կո­չին ըն­դա­ռա­ջե­լով՝ բազ­մա­թիւ հայ­րե­նա­կից­ներ ի­րենց նիւ­թա­կան օգ­նու­թեամբ սա­տար կը հան­դի­սա­նան Ս­փիւռ­քի եր­կու կա­րե­ւոր գա­ղութ­նե­րու գո­յա­տեւ­ման։
­­Սու­րիա­հայ գա­ղու­թը մօտ տա­սը տա­րիէ ի վեր կը ճա­շա­կէ ա­հա­ւոր պա­տե­րազ­մի մը դառն ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, որ նախ հիմ­նո­վին քայ­քա­յեց պե­տու­թեան հի­մե­րը, ա­պա լուրջ վտան­գի տակ դրաւ սու­րիա­հա­յու­թեան կազ­մո­ւած­քը, իր ժո­ղո­վուր­դով եւ գա­ղու­թա­յին կա­ռոյց­նե­րով։ Իսկ այ­սօր, գէթ պա­տե­րազ­մի ար­հա­ւիր­քը մա­սամբ մեղ­մա­ցած ըլ­լա­լով, այս ան­գամ ըն­կե­րա­յին եւ տնտե­սա­կան սոս­կա­լի ա­լիք մը կու գայ իր վտան­գա­ւոր հե­տե­ւանք­նե­րը գոր­ծե­լու ամ­բողջ գա­ղու­թին վրայ՝ ու­ժա­նիւ­թի, նիւ­թա­կան, սղա­ճի, ար­տա­գաղ­թի հսկայ տագ­նապ­նե­րով։
­­Նոյնն է պա­րա­գան լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան հա­մար, որ ներ­կա­յիս կը դի­մագ­րա­ւէ իր պատ­մու­թեան ա­մէ­նէն տագ­նա­պա­լի օ­րե­րէն մէ­կը, երբ երկ­րի պե­տա­կան հա­մա­կար­գը ամ­բող­ջու­թեամբ փլու­զու­մի են­թար­կո­ւած է, տնտե­սու­թիւ­նը հիմ­նո­վին խոր­տա­կո­ւած է, կա­ռա­վա­րա­կան տագ­նա­պը փա­կու­ղիի մէջ կը շա­րու­նա­կէ մնալ իսկ ժո­ղովր­դա­յին ցա­սու­մը վերջ չու­նի։ ­­Հոս ալ ակ­նե­րեւ է հայ­կա­կան գա­ղու­թի ու մա­նա­ւանդ հա­յու­թեան վի­ճա­կի վատ­թա­րա­ցու­մը, ո­րոնք այ­լեւս ա­ռօ­րեան ո­րո­նե­լու խղճա­լի վի­ճա­կին մէջ կը գտնո­ւին։ ­­Հաս­նող լու­րե­րը ոչ մէկ լա­ւա­տե­սու­թիւն կը ներշն­չեն, տագ­նա­պի լուծ­ման հե­ռանկար­նե­րը ան­գոյ կը թո­ւին ըլ­լալ, իսկ ժո­ղո­վուր­դի հո­գե­վի­ճա­կը ա­մա­յու­թեան մէջ թա­փա­ռե­լու պատ­կե­րը կու տայ։
Ա­ւե­լորդ պի­տի ըլ­լար խօ­սիլ մեր եր­կու հա­յօ­ճախ­նե­րու հա­մա­հայ­կա­կան կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին։ ­­Սա­կայն, ան­գամ մը եւս սրտի պարտք ու­նինք ընդգ­ծե­լու զոյգ գա­ղութ­նե­րու ազ­գա­յին, քա­ղա­քա­կան, կրօ­նա­կան, կրթա­կան եւ միու­թե­նա­կան ար­ժէ­քը։
­­Հա­կա­ռակ ­­Լի­բա­նա­նի դի­մագ­րա­ւած տագ­նապ­նե­րուն, նախ քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մի օ­րե­րուն, ա­պա ներ­կա­յիս՝ քա­ղա­քա­կան, ըն­կե­րա­յին եւ նիւ­թա­կան փո­թո­րիկ­նե­րով, ­­Լի­բա­նա­նի գա­ղու­թը կը շա­րու­նա­կէ մնալ Ս­փիւռ­քի հա­մար կեն­սա­տու ա­կը, ո­րուն տա­կա­ւին եր­կար պէտք ու­նի սփիւռ­քա­հա­յու­թիւ­նը իր գո­յա­պայ­քա­րի ու­ղիին վրայ։ ­­Հոն են մեր կա­րե­ւոր ազ­գա­յին, կրթա­կան եւ հո­գե­ւոր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը՝ ­­Ճե­մա­րա­նը, ­­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նը, ­­Հա­մազ­գա­յի­նի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կեդ­րո­նա­տե­ղի­նե­րը, հոն տա­կա­ւին հայ գի­րի ու դպրու­թեան, հայ գիր­քի ու լե­զո­ւի կրա­կը կը շա­րու­նա­կէ ջեր­մաց­նել հա­յու սիրտն ու հո­գին։
­­Նոյնն է հա­լէ­պա­հայ մեր օ­ճա­խը, որ իր ­­Ճե­մա­րա­նով, իր Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նով, ­­Քե­սա­պի ու ­­Գա­միշ­լիի մէջ հա­յու ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը պա­հե­լու նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ, ազ­գա­յին եւ կրթա­կան բարձր ո­գիով կը շա­րու­նա­կէ սե­րունդ­ներ դաս­տիա­րա­կել, հա­յու անն­կուն կամ­քին տէրն ու տի­րա­կա­նը կանգ­նիլ, սե­րունդ հասց­նել, մշա­կոյթ կեր­տել։
­­Պա­տա­հա­կան չէ, որ Հ.Յ.­­Դաշ­նակ­ցու­թեան հա­մա­հայ­կա­կան կա­ռոյ­ցը, իր ու­ղե­կից միու­թիւն­նե­րու ­­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թիւն­նե­րով եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր լծո­ւած է եր­կու մեր հա­յա­գա­ղութ­նե­րու օ­ժան­դա­կու­թեան եւ ա­մէն գնով նե­ցուկ կանգ­նե­լու գոր­ծին։ Ոչ ալ պէտք է ան­տե­սել ­­Մե­ծի ­­Տանն ­­Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան հա­մաս­փիւռ­քեան զօ­րա­շարժն ու գործ­նա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը, որ ա­ռա­տօ­րէն կը բաժ­նո­ւի կա­րի­քա­ւոր ըն­տա­նիք­նե­րուն։
­­Ճիշդ հոս է նաեւ մեր գա­ղու­թի գոր­ծօն­նե­րուն կող­մէ յա­ռաջ տա­րո­ւող գա­ղու­թա­յին զօ­րա­շար­ժի նշա­նա­կու­թիւ­նը եւ հրա­մա­յա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։ Գլ­խա­ւո­րու­թեամբ Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Կեդր. կո­մի­տէին եւ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան, Հ.Կ.­Խա­չի, ­­Հա­մազ­գա­յի­նի ու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կա­ռոյց­նե­րու ան­մի­ջա­կան զօ­րակ­ցու­թեամբ, ինչ­պէս նաեւ ­­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նոր­դին հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ, յու­նա­հայ գա­ղու­թը եւս կու գայ միա­նա­լու հա­մազ­գա­յին ճի­գին՝ ի գին ա­մէն զո­հո­ղու­թեան ոտ­քի պա­հե­լու հա­յու­թեան հա­մար կա­րե­ւոր եր­կու օ­ճախ­նե­րը։
Ինչ­պէս սկիզ­բին ալ յայտ­նե­ցինք, յու­նա­հայ կազ­մա­կերպ մե­քե­նա­յի զօ­րա­շար­ժը ար­դէն իր պտուղ­նե­րը տո­ւած է եւ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու լուրջ մաս մը ի­րենց ա­ռա­տա­ձեռն նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րը կա­տա­րած են։
­­Հոս, սա­կայն, ան­գամ մը եւս պարտք կը զգանք մեր կո­չը բարձ­րա­ձայ­նե­լու յու­նա­հայ բո­լոր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն անխտիր, որ­պէս­զի ի­րենց կա­րե­լիու­թեան սահ­ման­նե­րուն մէջ օգ­նեն ­­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի վտան­գա­ւոր կրակ­նե­րուն մէջ ապ­րող մեր ա­րիւ­նա­կից հա­յոր­դի­նե­րուն։ Իւ­րա­քան­չիւր նո­ւէր, իւ­րա­քան­չիւր օգ­նու­թիւն ըն­տա­նիք մը պա­հե­լու, մեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը կան­գուն պա­հե­լու հսկա­յա­կան քայլ մըն է, ո­րուն ե­րախ­տա­պարտ են լի­բա­նա­նա­հայ եւ սու­րիա­հայ մեր եղ­բայր­նե­րը։
Եր­կու գա­ղութ­նե­րուն տագ­նա­պը Ս­փիւռ­քի լի­նե­լու­թեան ուժ­գին հա­րո­ւած մը տա­լու հա­մա­զօր է։ Ե­թէ այ­սօր հա­մա­խումբ կա­րո­ղա­նանք եր­կու գաղ­թօ­ճախ­նե­րու ապ­րած ըն­կե­րա­յին եւ տնտե­սա­կան ցա­ւե­րը սփո­փել, վստահ ըլ­լանք, որ ա­մո­քած կ­­՚ըլ­լանք նաեւ Ս­փիւռ­քի ցա­ւե­րը, ո­րոնց մշտա­կան խնա­մող բժիշ­կը տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ հան­դի­սա­ցած են ­­Լի­բա­նա­նի եւ ­­Սու­րիոյ հա­յա­կերտ օ­ճախ­նե­րը։
Այ­սօր իսկ փու­թանք մեր օգ­նու­թեան ձեռ­քը եր­կա­րե­լու, վաղն կրնայ ան­դառ­նա­լիօ­րէն ուշ ըլ­լալ։
«Ս­փիւռ­քի ­­Տա­րի»ն ­­Լի­բա­նա­նի եւ ­­Սու­րիոյ հա­յու­թեան հա­մար թող ըլ­լայ ­­Վե­րա­կանգ­նու­մի ­­Տա­րի։ ­­Բո­լո­րիս գործ­նա­կան նե­ցու­կով։

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Աղուանից Աթոռին Վրայ Երեք Կաթողիկոսներ Եւ Վրացահպատակ Եկեղեցիներու Ու Հաղբատի Թեմական Հարցեր

RelatedPosts

Տեսակէտ.  Հայոց Ցեղասպանութիւնը Անսակարկելի Յանձնառութիւն` Սփիւռքի Թէ Հայաստանի Վերակազմակերպման Մէջ
Անդրադարձ

Ղօղանջ Զգօնութեան . «Հայ Եկեղեցւոյ Սարկաւագուհիները» Գիրքին Հրատարակութեան Առիթով

Օգոստոս 11, 2022
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Սեւրեան Երազանք, Հայ Քաղաքական Մտքի Բոպիկութիւն Եւ «Երրորդ Բեւեռ»-ի Հրաւէր (10 Օգոստոս 1920)

Օգոստոս 9, 2022
Սեւրի Դաշնագիրի Վերակենդանացման Հեռանկարով
Անդրադարձ

102-Ամեակ Սեւրի Դաշնագիրին. Սեւրի Դաշնագիրին Անժամանցելի Պատգամը

Օգոստոս 9, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In