Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Նախագահը Հրաժարական Տուաւ. Ետ Քայլ Մը Եւս Հայաստանի Համար

January 31, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Կիրակի առտու արթնցայ ցնցող, բայց ոչ անսպասելի լուրով. Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան յայտարարած է իր հրաժարականին մասին, երկրէն դուրս գտնուած պահուն, ամենայն հաւանականութեամբ` Լոնտոնի մէջ, մօտաւորապէս չորս տարուան պաշտօնավարումէ ետք:

Նախագահը կը ճանչնամ 30 տարիէ ի վեր: Ան բարձր կրթութեան տիրացած մարդ է` բազմաթիւ ձեռքբերումներով` բնագէտ,  համակարգչային ձեւագիտութեան մասնագէտ, յաջողակ գործարար, դիւանագէտ եւ քաղաքական գործիչ (ՀՀ նախկին վարչապետ եւ նախագահ):

Սարգսեան ծնունդով Հայաստանէն է, աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանը` տեսական բնագիտութեան եւ ուսողութեան գիտական աստիճաններով, իսկ այնուհետեւ դարձած է նոյն համալսարանի բնագիտութեան դոցենտ: 1982-ին տեղափոխուած է Մեծն Բրիտանիա եւ դարձած` Քեմպրիճի համալսարանի դասախօս: Ապա պաշտօնավարած է իբրեւ նոյն համալսարանի բնագիտական բարդ  երեւոյթներու համակարգչային ձեւագիտութեան ամպիոնի վարիչ:

1991-ին, Հայաստանի անկախացումէն անմիջապէս ետք, Սարգսեան դարձաւ Լոնտոնի մէջ Հայաստանի առաջին դեսպանը: Ան եղած է Հայաստանի վարչապետ 1996-ի նոյեմբերէն մինչեւ 1997-ի մարտը: Քաղցկեղէն ապաքինելէ ետք ան նշանակուեցաւ Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան (ՎԶԵԴ) նախագահի յատուկ խորհրդական, իսկ 1998- 2000` ՎԶԵԴ-ի կառավարիչ: Ան պաշտօնավարած է Հարվըրտի եւ Շիքակոյի համալսարաններու անձնակազմերու, ինչպէս նաեւ միջազգային կարգ մը հեղինակաւոր կազմակերպութիւններու եւ խորհրդատուական մարմիններու մէջ:

2018-ին նախագահ Սերժ Սարգսեան խորհրդարանին առաջարկեց Արմէն Սարգսեանի թեկնածութիւնը` իբրեւ իր իրաւայաջորդը, ներկայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան գալէն քիչ մը առաջ: Վերջինս քննադատած է Սարգսեանի թեկնածութեան առաջադրումը:

Արմէն Սարգսեան Հայաստանի նախագահ դարձաւ բարեփոխուած սահմանադրութեամբ, որ անոր կու տար արարողակարգային դեր` առանց քաղաքական որոշումներ կայացնելու իրաւունքի: Սարգսեան ունէր ընտրութիւն` կա՛մ հաստատելու Փաշինեանի առաջարկած նշանակումները եւ խորհրդարանի կողմէ ընդունուած օրէնքները, կա՛մ զանոնք Սահմանադրական դատարան ներկայացնելու:

Նախագահի պաշտօնով Սարգսեանի վստահուած էր սահմանադրութեան դրոյթներու պահպանման ապահովումը: Ան պէտք էր նրբանկատօրէն նաւարկէր Հայաստանի գերլարուած քաղաքական մթնոլորտին եւ ծայրայեղ պառակտուած հասարակութեան միջեւ: Հակառակ իր պաշտօնէն բխած սահմանափակումներուն` ան կրցաւ օգտագործել իր միջազգային, քաղաքական եւ գործարար լայն կապերը` Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները խթանելու եւ արտասահմանեան ներդրումները դէպի Հայաստան խրախուսելու համար: Իր պաշտօնավարման ընթացքին ան այցելեց տասնեակ մը ու աւելի երկիրներ եւ ունեցաւ բարձր մակարդակի հանդիպումներ:

Այսուհանդերձ եւ միաժամանակ, Սարգսեան ենթարկուած էր Փաշինեանի համախոհներու անխնայ քննադատութեան, որոնք առիթ չէին փախցներ խաթարելու անոր հեղինակութիւնն ու աշխատանքները: Ան յարձակման ենթարկուած էր նաեւ ընդդիմադիր խումբերու կողմէ: Շատ աւելի քիչ հասկնալի է այն անընդհատ թմբկահարումը` դաւադրութեան տեսութեան սիրահար հայերու կողմէ, որոնք զայն կը մեղադրէին բրիտանական լրտես ըլլալու յանցանքով, առանց որեւէ փաստացի հիմքի: Անոնք մոռցած պէտք է ըլլան, որ Բրիտանիան այլեւս մեծ տէրութիւն չէ: Անիկա կորսնցուցած է իր հսկայական կայսրութիւնը, ուր «արեւը երբեք մայր չէր մտներ»: Ներկայիս Մեծն Բրիտանիան երկիր մըն է, որ ունի իր քաղաքական ու տնտեսական սեփական բազմաթիւ խնդիրները եւ չի գտնուիր Հայաստանի ներքին գործերուն խառնուելու վիճակին մէջ:

2019-ին նախագահ Սարգսեանի աշխատասենեակին մէջ անոր հետը իմ ունեցած յատուկ  հանդիպման մը ընթացքին ան խոստովանեցաւ ինծի` չարախօսներու կողմէ մնայուն քննադատութեանց արժանանալու եւ իր գործունէութիւնը խաթարելու միտող անոնց շարունակական փորձերուն մասին:

Բոլորս կը յիշենք, որ Արմէն Սարգսեան միայն օր մը ետք հրապարակուած թերթերէ տեղեկացած էր, որ Փաշինեան 9 նոյեմբեր 2020-ին` արցախեան պատերազմի աւարտին, ստորագրած էր անձնատուութեան յայտարարութիւնը: Ի դէպ, Փաշինեան նուազագոյն քաղաքավարութիւնը չէր ունեցած` տեղեկացնելու Հայաստանի նախագահին իր ծանրակշիռ որոշման մասին` ո՛չ նշեալ յայտարարութիւնը ստորագրելէն առաջ, ո՛չ ալ անկէ ետք:

Ընդհանուր առմամբ, նախագահ Սարգսեան փորձած է յաղթահարել երեք առանձին խումբեր` Փաշինեանի կուսակիցները, ընդդիմութիւնը եւ դաւադրութեան տեսութեան սիրահար ամբոխին ստեղծած խոչընդոտները: Զայն ենթարկած են խստագոյն քննադատութեան` Փաշինեանի կողմէ ներկայացուած որոշ հրամաններու տակ իր ստորագրութեան համար, կամ խորհրդարանի իշխող մեծամասնութեան կողմէ ընդունուած օրէնքներու դէմ իր առարկութիւններուն համար: Սարգսեանի դէմ ամէնէն մեծ բողոքը բարձրացաւ 2020-ի աշնան` արցախեան աւերիչ պատերազմէն անմիջապես ետք, երբ ան հրապարակայնօրէն թելադրեց Փաշինեանին` հրաժարական տալ:

Օրեր առաջ, իր հրաժարականի յայտարարութեան մէջ նախագահ Սարգսեան կը դժգոհի, որ ինք եւ «երբեմն ընտանիքը թիրախ կը դառնան քաղաքական  զանազան  խմբաւորումներու: Վերջինները այնքան ալ հետաքրքրուած չեն նախագահական հաստատութեան կողմէ ի շահ երկրին իրականացուած ձեռքբերումներով, որքան` իմ անցեալով, դաւադրութեան զանազան տեսութիւններով ու միֆերով: Անձիս հանդէպ այդ «մտահոգուածութիւնը» դուրս կու գայ նաեւ բարոյականութեան սահմաններէն` վերջաւորութեան ուղղակիօրէն բացասաբար ազդելով առողջութեանս վրայ»:

Աւելի՛ն. իր հրաժարականի յայտարարութեան մէջ նախագահ Սարգսեան կը մատնանշէ. «Այն փարատոքսալ իրավիճակը, երբ նախագահը ստիպուած է պետականութեան երաշխաւորը ըլլալ` փաստացիօրէն չունենալով իրական որեւէ գործիք: Սահմանադրութիւնը նաեւ կ՛ենթադրէ մէկ հիմնարկի գերակայութիւն միւսին նկատմամբ, սփիւռքի յայտնի մասնագէտներու համար կը ստեղծէ  խոչընդոտներ` պատմական հայրենիքի պետական հիմնարկներու կառավարման մասնակցելու համար եւ այլն… Մենք խորհրդարանական հանրապետութիւն ենք ձեւով, բայց ոչ բովանդակութեամբ: Իմ առաջարկութեան իմաստը եւ նպատակը եղած է ոչ թէ կառավարման մէկ ձեւէն միւսին (խորհրդարանականէն կիսանախագահականի կամ նախագահականի) անցնիլը, այլ` զսպումներու եւ հակակշիռներու վրայ հիմնուած պետական համակարգ ստեղծելը»:

Բացատրելով իր սահմանափակ լիազօրութիւններուն պատճառով Հայաստանի մէջ «ներկայ ազգային ճգնաժամի» դէմ պայքարելու իր անկարողութիւնը` նախագահ Սարգսեան իր յայտարարութիւնը եզրափակած է զգուշացնելով, որ Հայաստան կրնայ մղուիլ  «պատմութեան լուսանցք: Մենք այլեւս սխալելու իրաւունք չունինք…»:

Սահմանադրութեան համաձայն, խորհրդարանի խօսնակ Ալեն Սիմոնեան այժմ նախագահի պաշտօնակատարն է մինչեւ նոր նախագահի ընտրութիւնները` Սարգսեանի հրաժարականէն ոչ շուտ, քան 25 եւ ոչ ուշ, քան 35 օր ետք:

Սահմանադրութիւնը նաեւ կը նախանշէ խորհրդարանին կողմէ նոր նախագահի ընտրութեան գործընթացը. նախագահի թեկնածու առաջադրելու իրաւունք ունի խորհրդարանի անդամներուն առնուազն 25 տոկոսը: Նախագահ կ՛ընտրուի ան, որ կը ստանայ պատգամաւորներու քուէներուն առնուազն 75 տոկոսը: Եթէ ոչ մէկ թեկնածու յաջողի հաւաքել քուէներու 75 տոկոսը, ապա տեղի կ՛ունենայ ընտրութիւններու երկրորդ փուլ, որուն կրնան մասնակցիլ առաջին փուլին մասնակցած բոլոր թեկնածուները: Երկրորդ փուլին նախագահ կ՛ընտրուի այն թեկնածուն, որ կը ստանայ խորհրդարանի ընդհանուր քուէներու առնուազն 60 տոկոսը: Չընտրուելու պարագային, տեղի կ՛ունենայ երրորդ փուլ, որուն կրնան մասնակցիլ երկրորդ փուլին առաւելագոյն քուէներ հաւաքած երկու թեկնածուներ: Նախագահ կ՛ընտրուի այն թեկնածուն, որ երրորդ փուլին կը ստանայ խորհրդարանի քուէներու պարզ մեծամասնութիւնը:

Նախագահի թեկնածուն պետք է ըլլայ` 40 տարեկանը ամբողջացուցած, վերջին վեց տարին Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի, վերջին վեց տարին Հայաստանի մէջ մնայուն բնակութիւն հաստատած, ընտրական իրաւունք ունեցող եւ հայերէնին տիրապետող: Նախագահի պաշտօնավարման ժամկէտը եօթը տարի է: Ան չի կրնար վերընտրուիլ:

Նոր նախագահը կ՛ընտրեն խորհրդարանին մէջ վարչապետին կուսակիցները, քանի որ անոնք կը կազմեն պատգամաւորներուն մեծամասնութիւնը: Ես մտավախութիւն ունիմ, որ Փաշինեանի կողմէ կատարուած միւս նշանակումներուն պէս, յաջորդ նախագահը կ՛ընտրուի ոչ որակեալ անձնաւորութիւն մը, բան մը, որ անգամ մը եւս կը հաստատէ ներկայ վարչապետին նախընտրութիւնը կուսակցական քաղաքականութեան` ընդդէմ ազգային շահերուն: Պետական խիստ անհրաժեշտ զսպումներ եւ հակակշիռներ  հաստատելու  փոխարէն` փաշինեանամէտ նախագահ ընտրելը աւելի կ՛ամրապնդէ բացարձակ իշխանութիւնը, որ կը վայելէ միայն մէկ մարդ` վարչապետը: Ընդգծենք, որ ան հաստատեց մեր ամէնէն յոռի մտավախութիւնները, երբ 24 յունուար 2022-ին տուած իր  ասուլիսի ընթացքին ըսաւ. «Նախագահը, կառավարութիւնը եւ խորհրդարանի մեծամասնութիւնը պէտք է քաղաքական ներդաշնակութիւն ունենան»: Այլ կերպ ըսած, զսպումներու եւ հակակշիռներու փոխարէն, Փաշինեան կը նախընտրէ միանձնեայ իշխանութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

Հրաժարականի Մը Վաղորդայնի Մտորումներ

Յաջորդը

Լիբանան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.