Երէկ, Փիւնիկ Երեւան ֆութպոլի ակումբէն հեռացան միջնապահներ Էրիկ Վարդանեան եւ Արամ Քոչարեան, այս մասին յայտնեց անոնց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշուեցաւ, որ Վարդանեանի փոխ տրուած վարձակալութեան ժամկէտը աւարտեցաւ, մինչ Քոչարեանի պայմանագրութիւնը խզուեցաւ երկկողմանի համաձայնութեամբ:
Ներկայ դրութեամբ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան ձմեռնային շրջանը աւարտած է:
Ախոյեանութեան երկրորդ շրջանը կը վերսկսի փետրուարին: