Ռուսահայ Էլինա Աւանեսեան երէկ յաջողեցաւ ապահովել Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին փլէյ օֆի կիսաւարտականի իր տոմսը` կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք իր մրցակիցին` Քաթինքա Ֆոն Տայհմանի (Լիխթնշթայն) դէմ, 6-2, 5-7 եւ 6-3 արդիւնքով:
Անոնց միջեւ այս ճակատումը տեւեց 2 ժամ եւ 17 վայրկեան:
Կիսաւարտականին 19 տարեկան Աւանեսեան պիտի մրցի ուքրանացի Քաթերինա Քոզլովայի դէմ, որ մրցաշարքէն դուրս ձգեց ամերիկացի Կրէյս Մինին: