Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանի վերջին մրցումին, երէկ գիշեր Շիահի իր դաշտին վրայ Պէյրութ, որ հիւրընկալեց Շանվիլը, արձանագրեց 104-70 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը (19-19, 27-17, 29-14 եւ 29-20):
Յաղթական կազմէն բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունեցաւ Հայկ Կէօքճեան, որ յաջողեցաւ տապըլ-տապըլ մը իրագործել (30 կէտ, 12 ռիպաունտ):
Իր կարգին, տապըլ-տապըլ մը իրագործեց անոր խմբակից, խմբապետ Ռոտրիկ Աքըլ (14 կէտ, 12 էսիսթ):
Նոյնը իրագործեց նաեւ Շանվիլի խմբապետ Փաթրիք Պու Ապպուտ (20 կէտ, 12 ռիպաունտ):
Ցարդ տեղի ունեցած մրցումներէն ետք, Պէյրութ արձանագրած է 7 յաղթանակ եւ կրած 2 պարտութիւն, մինչ 4 յաղթանակ արձանագրած Շանվիլ կրեց իր 5-րդ պարտութիւնը: