Արարատի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Բիչախչեան երէկ ներկայացուց իր հրաժարականը:
Ակումբին ղեկավարութեան հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք որոշում տրուեցաւ փոխադարձ համաձայնութեամբ պայմանագիրը խզել, այս մասին յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ան իր պաշտօնը ստանձնեց 2020-ի ամրան:
Անոր հետ Արարատ հանդիսացաւ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակակիր` 13 տարուան սպասումէ մը ետք:
Նշուեցաւ, որ ակումբէն հեռացան նաեւ Բիչախչեանի օգնականները` Ֆելիքս Խոջոյեան եւ Արթուր Յովհաննիսեան:
Արարատ ֆութպոլի ակումբը շնորհակալութիւն յայտնեց Վարդան Բիչախչեանին անոր կատարած արդիւնաւէտ աշխատանքին համար եւ անոր մաղթեց յաջողութիւն` յառաջիկայի ծրագիրներուն վերաբերեալ: